Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ
Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանն ու
Ազգային Իշխանութիւնը ջերմապէս կը
շնորհաւորեն Ազգային Վարչութեան
անդամ Յարութ Չամիչեանը՝ նոր
նստաշրջանով Հալէպի առեւտրական
գրասենեակի անդամ վերընտրուելուն
առթիւ։
Յիշենք, որ Յարութ Չամիչեան
երկար տարի Հալէպի առեւտրական
գրասենեակի անդամ եղած է։
Կը շնորհաւորենք Հալէպի առեւտրական
գրասենեակի նորընտիր անդամները եւ
Հալէպի տնտեսութեան բարելաւման
նպաստող արգասաբեր գործունէութիւն
կը մաղթենք անոնց։