Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան Կազան քաղաքի մէջ՝ BRICS-ի 16-րդ գագաթնաժողովի ընթացքին ունեցած հանդիպումին քննարկած են երկկողմ խաղաղութեան օրակարգի գործնականացման վերաբերող հարցեր՝ ներառեալ խաղաղութեան պայմանագիրը, սահմաններու սահմանազատումը, սահմանագծումը եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ նիւթեր։

«Արմէնփրէս»-ի փոխանցումին համաձայն, այս մասին յայտնած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմէն, նշելով, որ արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարուած է շարունակել «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագիրի շուրջ երկկողմ բանակցութիւնները՝ կարելի եղածին չափ սեղմ ժամկէտով անիկա վերջնականացնելու եւ կնքելու նպատակով։