Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի,
համագործակցութեամբ՝ «Together» հաստատութեան, «Ճանչցի՛ր Անձդ Եւ Շուրջիններդ» խորագիրը կրող երիտասարդական Բ. սեմինարը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս: Սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին (18-32) տարեկան մեծաթիւ երիտասարդներ, ներկայութեամբ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի եւ Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ տիար Միհրան Վարդապետեանի։
Օժանդակ մարմինի երիտասարդները իրենց աջակցութիւնը բերին կազմակերպչական աշխատանքներուն։
Սեմինարին նիւթը ներկայացուց «Together» հաստատութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ տիար Յակոբ Յակոբեան, մատնանշելով անհատի փոխյարաբերական տասը կարիքները, որոնց ամբողջացումով անձը ներքնապէս խաղաղ եւ հանգիստ կեանք մը կ՚ապրի։ Յայտագիրը ընթացաւ խմբային դրութեամբ, զրոյցով եւ զանազան խաղերով։
Սրբազան Հայրը խօսք առնելով իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց երիտասարդներուն եւ իր փորձառութիւնը կիսեց անոնց հետ։ Ան գնահատեց «Together» հաստատութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչը եւ ողջ անձնակազմը՝ այս շինիչ սեմինարին համար։
Աւարտին, Սրբազան Հայրը բոլոր մասնակիցներուն «ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԱՑԸ. Ճառագայթումներ Տարուան Իւրաքանչիւր Օրուան Համար» իր նոր հրատարակած գիրքը նուիրեց։ Երիտասարդական Բ. սեմինարի մասնակիցները հաստատագրեր ստացան։
Սեմինարէն ետք, ներկաները սիրոյ սեղանի շուրջ ընթրեցին, «Allegro» ճաշարանէն ներս։