«Արմէնփրէս»- Իրան, հիմնուելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան վրայ, ինքզինք պարտաւոր կը համարէ հակադարձելու իր տարածքին վրայ Իսրայէլի հարուածներուն։ Այս մասին
հաղորդուած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ։
Շեշտուած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Իսրայէլի յարձակողական գործողութիւնները Իրանի զինուորական կեդրոններուն վրայ եւ զանոնք կը համարէ միջազգային իրաւունքի եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, մասնաւորապէս՝ սկզբունքի բացայայտ խախտում։
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ Իրան, մեկնելով օրինական պաշտպանութեան իր իրաւունքէն, որ արտացոլուած է նաեւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածին մէջ, ինքզինք կու տայ արտաքին յարձակողական գործողութիւններէն պաշտպանուելու իրաւունք եւ պարտաւորութիւն։

Իսրայէլի բանակը 26 Հոկտեմբերի գիշերը յայտարարած էր, որ հարուածներ պիտի հասցնէ Իրանի մէջ զինուորական տուեալներուն՝ 1 Հոկտեմբերին իր վրայ յարձակումներուն պատասխանելու նպատակով։ CBS News-ը, յղում ընելով իր աղբիւրին, յայտնած էր, որ Իրանի վրայ Իսրայէլի յարձակումը սահմանափակուած է զինուորական թիրախներով եւ չէ տարածուած միջուկային կամ քարիւղային տուեալներու վրայ։
Fars լրատու գործակալութիւնը պնդած է, որ Իսրայէլ յարձակած է Թեհրանի արեւմուտքը եւ հարաւ-արեւմուտքը գտնուող շարք մը ռազմակայաններու վրայ, իսկ Tasnim լրատու գործակալութիւնը յայտարարած է, որ Իրանի մայրաքաղաքի արեւմուտքը եւ հարաւ-արեւմուտքը տեղակայուած Իսլամական Յեղափոխութեան Պահապաններու մարմինի զինուորական կեդրոնները չեն տուժած։