Շաբաթ, 26 Հոկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ Կիրակնօրեայ Դպրոցի կեդրոնէն ներս ընեհ. զարգացման մրցում տեղի ունեցաւ։

Մրցումը նուիրուած էր Ս. Սահակ Պարթեւ եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի յիշատակին, որոնք առաջին անգամ Աստուածաշունչը հայերէնի թարգմանեցին։ Հոկտեմբեր ամիսը իրենցմով յատկանշուած է. այս առիթէն օգտուելով երկու ամիս առաջ Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսչութիւնն ու ուսուցչական կազմը որոշեցին հրաւիրել այն աշակերտները, որոնք կը փափաքին Աստուածաշունչը ընթերցել եւ պատրաստ ըլլալու պարագային անոր վերաբերող հարց-պատասխանի մրցումի մը մասնակցիլ։

Շաբաթ առաւօտեան աշակերտներն ու մրցումի մասնակիցները մեծ խանդավառութեամբ ժամանեցին Կիրակնօրեայ դպրոց, ուր տեսուչ Արժ. Տէր Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան յաջողութիւն ու հեզասահ ընթացք մաղթեց մասնակիցներուն, ապա
«Տէրունական Աղօթք»-էն եւ «Զգործս Ձեռաց Մերոց»-էն ետք մրցումը ընթացք առաւ։

Մասնակիցները բաժնուեցան երկու խմբակի «Ս. Սահակ» եւ «Ս. Մեսրոպ», իւրաքանչիւր խմբակ երեք հոգիէ բաղկացած, ապա երեսուն հարցումներ ուղղուեցան մասնակիցներուն, որոնք մեծ հրճուանքով եւ բծախնդրութեամբ պատասխանեցին բոլորին։

Հարցումները պատրաստուած էին Աստուածաշունչի Ծննդոց եւ Մատթէոս Աւետարանի գլուխներէն։

Ներկաները խինդով, շարականներով , երգերով ու հաճելի բացագանչութիւններով քաջալերեցին մասնակիցները, այսպիսով մրցումը ընթացաւ դրական մթնոլորտի մէջ եւ վերջ գտաւ իրարու շատ մօտ արդիւնքով։

Աւարտին տեսուչը բարձր գնահատեց մրցումը կազմակերպողները՝ իրենց բծախնդիր աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ երախտագիտական խօսք ուղղեց ուսուցչական կազմի անդամներուն՝ իրենց աստուածահաճոյ ծառայութեան համար եւ վերջապէս շնորհաւորեց մասնակիցները, որոնք Դեկտեմբեր ամսուն պիտի վկայուին եւ դառնան խոստմնալից ուսուցչուհիներ Կիրակնօրեայ դպրոցէն ներս։

Այնուհետեւ մասնակիցներուն այս առիթով խորհրդանշական նուէրներ տրուեցան բարերարի մը կողմէ, որուն համար մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք, նաեւ Սրբազան Հօր կողմէ նուիրուած
«Քրիստոսաբանութիւն» խորագիրով գիրքեր բաժնուեցան ուսուցչական կազմին եւ մասնակիցներուն։

Յատուկ շնորհակալութիւն սրբազան հօր՝ իր հայրական հոգածութեան, աջակցութեան, նեցուկ կանգնելուն եւ քաջալեր հանդիսանալուն համար մեր բոլոր գործունէութիւններուն։

Սեւան Տէյիրմէնճեան