Այսօր, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Գէորգեանը պարգեւատրեց «Սուրիական արժանեաց գերազանց կարգի շքանշան»-ով, որպէս գնահատանք Սուրիա-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման իր բերած նպաստին։

Շքանշանը դեսպանին շնորհեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Պասամ Սապպաղ։