Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութիւնը եւ սուրիական օդանաւային թռիչքներու Հաստատութիւնը յայտարարեցին, որ Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանին եւ Սէուտական Արաբիոյ Ժատտէի օդակայանին միջեւ թռիչքները բանիլ պիտի սկսին յառաջիկայ 7 Նոյեմբեր 2024-էն սկսեալ:
Սուրիական օդանաւային թռիչքներու հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն երկրչփ. Հաթէմ Քապպաս ՍԱՆԱ-ին հաղորդեց, որ Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանէն Ժատտէ շաբաթական երկու թռիչներ տեղի պիտի ունենան՝ Երկուշաբթի եւ Հինքշաբթի օրերը, յայտնելով, որ սոյն ընթացքով երկու երկիրներուն միջեւ փոխադրութեան շարժումը պիտի վերաշխուժանայ:
Քապպաս կոչ ուղղեց բոլոր փափաքողներուն այցելելու սուրիական օդանաւային ընկերութեան գրասենեակները: Ան աւելցուց, որ երկու օդակայաններուն միջեւ թռիչքներուն կազմակերպուած վերաշխուժացումը դադրած էր 8 Մարտ 2016-էն ի վեր: