Երկուշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2024-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդանաւեր հրթիռակոծեցին Լիբանանի Սուր քաղաքը եւ Նապաթիէ քաղաքին «Շամսթար» աւանն ու «Սարայա Քատիմա» թաղամասը:
Լիբանանի Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ առաւօտեան ժամերուն, իսրայէլ հրթիռակոծեց Սուր քաղաքին «Ռամլ» թաղամասը: Հրթիռակոծման հետեւանքով 5 քաղաքացի նահատակուեցաւ եւ 10 ուրիշներ վիրաւորուեցան:
Հրթիռակոծումը ահաւոր վնասներու ենթարկեց ծովային ափի յարակից շէնքերն ու բնակարանները:
Իսրայէլ թիրախ դարձուց նաեւ Շամսթար աւանի «Տահր Սաուանէ» շրջանին մէջ գտնուող բնակարան մը: Յարձակումին հետեւանքով բնակարանը քանդուեցաւ եւ անոր սեփականատէրը նահատակուեցաւ:
Իսրայէլի կողմէ Նապաթիէ քաղաքին «Սարայա Քատիմա» թաղամասը հրթիռակոծուելուն հետեւանքով քաղաքացի մը նահատակուեցաւ, վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ արձանագրուեցան: