11-էն 22 Նոյեմբերին Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի կլիմայական փոփոխութեան հեղինակաւոր համաժողովը՝ COP29-ը:
Մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու վատագոյն ցուցանիշներ արձանագրած, նաւթային բռնապետութիւն համարուող Ատրպէյճանը ընդամէնը մէկ տարի առաջ էր Արցախի մէջ ցեղային զտումներ իրականացուցած էր, բռնի տեղահանութեան ենթարկելով 120 000 Արցախահայութեան:
Բռնազաւթուած տարածքներու մէջ Ատրպէյճանը կը շարունակէ հայկական հետքի ոչնչացումը, մշակութային ցեղասպանութիւնը։ Պաքուի բանտերուն մէջ կը շարունակեն պատանդառուած մնալ քանի մը տասնեակ հայ ռազմագերիներ, քաղաքացիական անձեր՝ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը։
Կլիմայական արդարութիւն չի կրնար ըլլալ առանց մարդկային արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Բռնապետական երկրի մէջ համաժողովի իրականացունը հնարաւորութիւն կու տայ Ատրպէյճանին մաքրելու ցեղասպանի արիւնոտ ձեռքերը, խմբագրելու վարչակարգի վարկանիշը։
Համաժողովին մասնակցող միջազգային պատուիրակներէն կը պահանջենք ճնշում գործադրել պաշտօնական Պաքուի վրայ՝ ազատ արձակելով ապօրինաբար բանտերու մէջ պահուող բոլոր հայ գերիները եւ Արցախի պատանդառուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:
Այդ պահանջով՝ 1 Նոյեմբերին, 14։00-ին տեղի կ’ունենայ բողոքի ցոյց, որ պիտի մեկնարկի ՄԱԿ-ի գրասենեակի առջեւ, որմէ ետք մասնակիցներուն երթը պիտի ուղղուի դէպի ՀՀ ԱԳՆ եւ ՀՀ-ի մէջ գործող ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու դեսպանատուներ։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին
29 Հոկտեմբեր 2024