Անցնող շաբթուան ընթացքին, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, Բերիոյ
Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, ազգային
պատուիրակութեամբ շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Սուրիոյ ֆինանսի
նախարար դոկտ. Ռիատ Ապտըլ Ռաուֆին եւ զբօսաշրջութեան
նախարար երկրչփ. Մուհամմէտ Ռամի Մարթինիին։ Պատուիրակութեան մաս կը
կազմէին Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, Ազգային վարչութեան եւ
Յարաբերական մարմինի անդամներ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թեմի ժողովուրդին եւ ժողովականութեան
անունով շնորհաւորեց երկու նախարարները եւ Սուրիոյ տնտեսութեան
զարգացման նպաստող բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց անոնց։