Սուրիա խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ պաղեստինեան հողերուն վրայ ԱՆՐՈՒԱ-ի աշխատանքի արգելափակումը եւ Պաղեստինի ժողովուրդը մարդասիրական օժանդակութիւններէն զրկելը, շեշտելով, որ այս արարքը միջազգային օրէնքի վտանգաւոր խախտում կը համարուի:
Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ յայտնեց.«Իսրայէլ կը շարունակէ խախտել ՄԱԿ-ի որոշումներն ու միջազգային օրէնքները: Այս անգամ ան ՄԱԿ-ի ենթակայ տեղահանուածներու օժանդակող ԱՆՐՈՒԱ-ի աշխատանքը արգելափակեց պաղեստինեան հողերուն վրայ, որպէսզի Պաղեստինի ժողովուրդը զրկէ մարդասիրական օժանդակութիւններէն»:
Նախարարութիւնը աւելցուց. «Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը խստիւ կը դատապարտէ այս արարքը, որ կը միտի զրկել Պաղեստինի ժողովուրդը իր իրաւունքներէն, յատկապէս վերադառնալու իրաւունքէն», յայտնելով, որ իսրայէլ միեւնոյն ժամանակ կը շարունակէ պաղեստինցիները ցեղասպանութեան ենթարկել:
Նախարարութիւնը եզրափակելով ըսաւ. «Սուրիա կը շեշտէ նման որոշումներու անօրինականութիւնը եւ կոչ կ’ուղղէ ԱՆՐՈՒԱ-ին շարունակելու իր առաքելութիւնը որպէս մարդկային կարեւոր աշխատանք, ի նպաստ Պաղեստինի ժողովուրդին: Սուրիա կը զգուշացնէ միջազգային հանրութիւնը՝ Պաղեստինի ժողովուրդը նման մարդասիրական օգնութիւններէ զրկելու աղէտալի հետեւանքներէն»: