Հայաստանը կը դատապարտէ միջազգային անվտանգութեան խաթարման ուղղուած գործողութիւնները, որոնք նաեւ դրսեւորուած են նախորդ շաբաթ ընդդէմ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք աւելի լայն շրջանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներով: Յոյսով ենք, որ դիւանագիտութիւնը կարելիութիւն պիտի տայ պաշտպանելու միջազգային օրէնքը եւ կանխարգիլելու հետագայ անցանկալի զարգացումները», նշուած է գրառումին մէջ: