ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան «Կազմակերպչական Հիմքերու Ամրապնդում» խորագիրով խորհրդաժողովի Բ. նիստը տեղի ունեցաւ 12 Հոկտ. 2024-ին, դարձեալ «Սահակ Նալպանտեան» սրահէն ներս, մասնակցութեամբ ՍՕ Խաչի 10 մասնաճիւղերու եւ Շրջ. յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն:
Ժողովավար Մարալ Սեմէրճեան ողջունեց ներկաները, որոնք նոր գաղափարներով եւ վերանորոգուած հոգիով եկած էին յուսալով, որ նման ձեռնարկներ յաճախակի բնոյթ կը կրեն:
Ժողովին հիւրաբար ներկայ էր Քանատայէն ժամանած ՍՕ Խաչի նախկին ատենապետուհի եւ ՀՕՄ-ի Կեդր.
Վարչութեան անդամ՝ Աննա Տէր Յակոբեան, որ իր կարգին խօսք առնելով գնահատեց ընկերուհիները, որոնք գիտակից ծառայութեամբ լեցուցած են իրենց կեանքը եւ զայն իմաստաւորած նուիրական աշխատանքով: Վերարժեւորումի ենթարկելով մեր անցած ճամբան, անդրադարձաւ վերջերս Քանատայի մէջ իր մահկանացուն կնքած ընկհ. Արփի Սապունճեանին, որուն կազմակերպական ոգիին շնորհիւ բարձրացաւ ՍՕ Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնի շէնքը, որ խորհրդանշեց միութեան հաւաքական աշխատանքին հիմը:
ՍՕԽԱՉԻ ԿԱՆՈՆԱԳԻՐ
ՍՕ Խաչի Կանոնագրի հիմնական յօդուածներուն եւ օրէնքներուն անդրադարձաւ Զեփիւռ Է. Րէիսեան, որ բծախնդրօրէն ներկայացուց իրեն առաջադրուած նիւթը, հիմք ընդունելով միութեան նպատակները, անոր հզօրացման եւ բարգաւաճման նպաստող պատգամը, ժողովներու ընթացքին անդամներու իրաւունքներու ապահովումը, ընդհանուր բարեկեցութիւնը, համերաշխութիւնը։ Ան դիտել տուաւ, որ ՍՕ Խաչի Կանոնագիրը հիմնուած է ժողովավարական հիմքերու վրայ, ուրեմն՝ ՍՕ Խաչը իրաւական միութիւն է, որուն նպատակն է իրականացնել ՀՕՄ-ի սկզբունքներն ու ծրագիրները, զանոնք յարմարեցնելով մեր շրջանի առանձնայատուկ պայմաններուն:
Զեփիւռ Րէիսեան անդրադարձաւ ՍՕ Խաչի ընտանիքին, որուն կարգ կանոնը պահողը եղած է Կանոնագիրը, որ կ’երաշխաւորէ միութեան անդամներուն իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները: Անդամները իրաւունք ունին տեղեակ ըլլալու միութեան գործունէութեան, ճշգրիտ եւ սպառիչ տեղեկութիւններով, յատկապէս՝ միութեան ստանձնած պարտաւորութիւններու գծով:
Մասնաւորեց, թէ Օգնութեան Խաչը կը կազմակերպէ իգական սեռի զարգացման եւ յառաջդիմութեան նպաստող ձեռնարկներ, զանոնք պատրաստելով հանրային ծառայութիւններու:
Ապա նշեց, թէ ամէն անհատ, որ կ’ենթարկուի ՍՕ Խաչի Կանոնագրի տրամադրութիւններուն, կրնայ անդամակցիլ միութեան եթէ վճարէ իր անդամատուրքը եւ սիրայօժար կատարէ իրեն վստահուած պարտականութիւնները, տրուած՝ ժողովի մը կամ մարմնի մը կողմէ:
ԴԻՒԱՆԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Խորհրդաժողովի երկրորդ բանախօսն էր Հուրի Տիլպէրեան, որուն ուսումնասիրութեան առարկան էր դիւանային աշխատանքներու ծանօթացումը, ինչպէս նաեւ համատարր դրութեան մը ստեղծումը:
Հուրիին ներկայացուցած զեկոյցը նկատուեցաւ հեղինակութեամբ լեցուն ամփոփում մը քարտուղարութեան պարտականութիւններուն:
Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց արխիւներու պահպանման անհրաժեշտութիւնը, որպէս կանոն ունենալով միութեան վարչական գործերուն մէջ բարձր սկզբունքներ եւ բարեկարգութեան խնդիրներ, որպէսզի ապահով պահուին Վարչութիւններու բոլոր գրութիւնները եւ փաստաթուղթերը յատուկ դասաւորումներով:
Ի՞նչ կը վերաբերի դիւանային պատասխանատուութիւններուն, թուեց թղթածրարներու, անուանացանկերու, տոմարներու եւ տետրերու դասաւորման ընդհանուր սկզբունքները:
Իր թելադրանքներով մասնաւորեց, որ քարտուղարին առած նօթերը, պէտք է ըլլան ճշգրիտ եւ համապարփակ, հեռու անձնական կարծիքի ներմուծումէն: Ան հմուտ պէտք է ըլլայ խօսուածը լսելու եւ արձանագրելու կարողութեան, տեղեակ ըլլալով նաեւ հայերէն լեզուի հարուստ բառամթերքին:
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԼՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Յիշեալ նիւթով «Գանձասար» պաշտօնաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան արծարծեց լրատուութեան ժամանակակից ձեւերու հետ քայլ պահելու անհրաժեշտութիւնը, քանի որ մամուլը կրթութեան միջոց է, որուն մէջ որակը հիմնական է: Ան դիտել տուաւ, որ խորհրդաժողովը, որ մեզ կը համախմբէ, ուխտի վերանորոգում է, յանձնառութեան ստանձնում է եւ զարգացման բազմակողմանի առիթ:
Ան անդրադարձաւ մամուլի մէջ գոյութիւն ունեցող լեզուական եւ ուղղագրական հարցերուն, մատնանշելով թղթակցութեան եւ յօդուածներու տարբերութիւնը: Նկատել տուաւ, թէ լրատուութիւնը պէտք է ամբողջական պատկերը ներկայացնէ որեւէ ձեռնարկի, պատասխանելով հետեւեալ հարցումներուն՝ ի՞նչ տեղի ունեցաւ, ե՞րբ, ինչո՞ւ, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս։
Կարեւորեց, թէ լրատուութիւնը պէտք է ըլլայ առարկայական եւ չներառէ լրագրողին կարծիքը, ինչպէս նաեւ գովասանական կամ շնորհակալական խօսքեր: Տակաւին լրագրութիւն կատարելը կը պահանջէ փաստեր հաւաքելու կարողութիւն, քանի որ փաստերը իրականացած դէպքերն ու անոնց առնչուող վկայութիւններն են՝ օրինակ բանախօսութենէն մէջբերում եւ այլն:
Անդրադառնալով լեզուաոճական առանձնայատկութիւններուն, յայտնեց թէ լրագրողին հայերէն լեզուի իմացութիւնը կարեւոր է: Լրագրութիւնը պէտք է ըլլայ պարզ լեզուով, հասկնալի բոլորին համար եւ սահուն ոճով: Լրագրողը պէտք է ըլլայ պարկեշտ եւ տեղեկութիւնները ներկայացնէ իրենց հարազատ պատկերով: Տակաւին լրագրողը պէտք է ունենայ լուրը արագօրէն պատրաստելու հմտութիւն, որպէսզի ինք առաջին լուր հրապարակողը ըլլայ: Ան պէտք է տիրապետէ տեղեկատուական դաշտին, առցանց հարթակներու օգտագործման կարելիութիւններուն եւ նկարներու ընտրութիւնը կատարէ բծախնդրութեամբ:
Անդրադարձաւ բջիջային հեռաձայնով երկտողեր փոխանցող սերունդին, կեդրոնանալով յատկապէս՝ գիրքի ընթերցանութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Զեկոյցի աւարտին եղան հարցադրումներ, որոնց գոհացուցիչ պատասխաններ տալէ վերջ յորդորեց ոճի եւ լեզուի,
ինչպէս նաեւ լրագրութիւն, կամ որեւէ այլ բան գրելու որոշակի հմտութիւն ձեռք բերելու համար պէտք է կարդալ, կարդալ եւ կարդալ առցանց, թէ տպագիր գիրքեր:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ, ԱՖԻՇ ԵՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՍՕ Խաչի բոլոր կողմերուն համար հանրային յարաբերութեան գործօնը կը նկատուի հաղորդակցութիւնը արտաքին լսարանին հետ, որ էական ծրագիր մըն է եւ մեր միութիւնը կը ներկայացնէ թղթակցութիւններով, յայտարարութիւններով, յուշանօթերով եւ կամ յայտարարութիւններով:
Ան նկատել տուաւ, թէ տրուած ըլլալով, որ ներկայ դարը տեղեկատուական միջոցներու դար է, անհրաժեշտ է զարկ տալ մեր գործունէութիւնը ցոլացնող տեղեկատուական արդի միջոցներուն վրայ, որոնք մեզի կ’ապահովեն ճանաչում, եկամուտի աղբիւրներ՝ միութեան արտադրութիւններու ծանուցման ճամբով, օտար կազմակերպութիւններու հետ գործակցելու առիթներ եւ մեր գործունէութիւններու իրազեկում:
Օգնութեան Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը հանրային այս յարաբերութեան համար յառաջացուցած է յանձնախումբ մը, որ իր օժանդակութիւնը կը բերէ յիշեալ գործի զարգացման Անի Մինասեանի գլխաւորութեամբ:
Անին Power Point-ով ներկայացուց օրինակներ գովազդներու, ծանուցումներու, որմազդներու, յայտարարութիւններու եւ հաղորդագրութիւններու: Ան թելադրեց, քարոզչական աշխատանքով ՍՕ Խաչի գործունէութեան նկատմամբ շարունակական հետաքրքրութիւն ստեղծել: Քարոզչական աշխատանքը կարելի է ընել համակարգիչով, բջիջային հեռաձայնով կամ մամլոյ հաղորդագրութիւններով, որոնք պէտք է ներկայացուին բացառիկ բծախնդրութեամբ եւ անսխալ ուղղագրութեամբ:
Տակաւին քարոզչական այլ ձեւեր են ՍՕ Խաչի կառոյցի մասին տեղեկութիւնները, պատմական տուեալները, կարեւոր դէմքերը, Պատգամաւորական ժողովները եւ այլն, որոնք լոյս կը տեսնեն յաջորդական տեղեկատուներու մէջ, յստակ գործունէութիւն մը ցոլացնող լուսանկարներով, քանի որ կ’ըսուի, թէ լուսանկար մը հազար խօսք կ’արժէ:
ՀԱՍՏԱՏԱԳՐԵՐՈՒ ԲԱՇԽՈՒՄ
Զեփիւռ Գէորգեան ժողովի պաշտօնական բաժինի աւարտին առիթ ընծայեց մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն տալու իրենց տպաւորութիւնները։ Անոնք սրտի անհուն ուրախութեամբ նախ շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր զեկուցաբերներուն, ապա արտայայտեցին իրենց տպաւորութիւնը:
Գէորգեան ջերմօրէն շնորհաւորեց ներկաները, մաղթելով բեղուն գործունէութիւն եւ թելադրեց, որ խաչուհիները իրենց սիրտն ու հոգին ի սպաս դնեն ՍՕ Խաչի զարգացման ու բարգաւաճման: Կարեւորեց շրջաններու հետ փոխյարաբերութիւններու մերձեցումը, համերաշխութեան ոգիի ամրապնդումը, պարտականութեան գիտակցութիւնը եւ գործելաոճի նոյնացման արմատացումը:
Ապա հրաւիրեց իւրաքանչիւր մասնաճիւղի վարչակազմ եւ յանձնեց խորհրդաժողովի խորհուրդը փոխանցող գնահատագրեր, մատնանշելով թէ խորհրդաժողովը իր ճշմարիտ իմաստը կը գտնէ ժողովէն վերջ, երբ անոր թելադրանքները կեանքի կը կոչուին:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱԼԷՊԻ ՀԻՆ ՇՈՒԿԱՆԵՐԸ
Ուղեկից՝ Մարալ Գազէզեան
Մարալ Գազէզեան պարտականութիւն ստանձնած էր ժողովականներուն ծանօթացնել հին Հալէպը, որ շինարարական պարսպապատուած միահիւս բաժին մը եղած է, շրջապատուած հին դռներով : Էյուպիներու օրերէն մնացած հին քաղաքին մէջ եղած են խաներ, բաղնիքներ, հարուստ շուկաներ, մզկիթներ եւ գործարաններ, որոնց մեծ մասը ներկայիս մնացած է փլատակներու տակ: Այսօր հին Հալէպի քանդուած բաժինները կը վերանորոգուին պատասխանատու կողմերու եւ ժողովուրդի միացեալ ճիգերով, որպէս վկայութիւն Հալէպի քաղաքակրթութեան:
Մարալ Գազէզեան շրջագայութեան ընթացքին ակնարկեց, թէ դասական հնութիւններէն կարգ մը բաժիններ եղած են քրիստոնէական ճարտարապետութեան օրինակներ, որոնք անջնջելի հետք ձգած են յատկապէս իրենց փորագրութիւններով եւ զարդանախշերով: Անդրադարձաւ նաեւ Բերդի երբեմնի պարիսպներուն եւ Հալէպի հին դռներուն, որոնք քանդուած են, սակայն կան անոնց վաւերական հետքերը, փաստ՝ Հազարամեակներու պատկառելի տարիք ունեցող Հալէպի հին ներսի շուկան, որ աշխարհի ամենամեծ փակ շուկան եղած է: Ներկայ փուլին թէեւ մեծ բաժին մը փլատակ է, սակայն պիտի վերանորոգուի:
Ներսի շուկային նորոգման եւ շինարարական ծրագիրները յառաջիկային պիտի համադրեն արաբական աւանդական ճարտարապետութիւնը, արդիականին հետ ընդգրկելով բազմաթիւ վաճառատուներ եւ սրճարանններ:
Շրջապտոյտի մասնակիցները գոհունակ սրտով եւ կարգապահ շարքերով անցան կենդանութիւն բուրող վերանորոգուած անուշեղէններու եւ Դափնիի օճառի վաճառատուներուն քովէն։ Օճառի բոյրը տարածուած էր շուրջ բոլորը:
Երկօրեայ խորհրդաժողովի աւարտին, ժողովականները մեկնեցան վերանորոգուած հոգիով եւ ամուր հաւատքով։ Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան եւ անոր հովանիին ներքեւ գործող մասնաճիւղերուն, որոնց նախաձեռնութիւնները առանցքային նշանակութիւն ունին մեր ընկերային կեանքի առաջընթացին համար:
(Շար. 2 եւ վերջ)
Հռիփ Կանանեան