Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն Սուրիայէն Լիբանան գաղթած էր, լիբանանեան աղբիւրներու համաձայն, շուրջ մէկուկէս միլիոն սուրիացի։

Սուրիացի գաղթականներէն մաս մը Լիբանանէն անցաւ արեւմուտք, հայերու պարագային նաեւ Հայաստան։ Գաղթականներու մեծ մասը սակայն, յատկապէս արաբներ, Լիբանանի մէջ աշխատանքի եւ կեցութեան տնտեսական հարցեր դիմագրաւելով մէկտեղ տարիներէ ի վեր կը շարունակէին ապրիլ այնտեղ։ Լիբանանեան ընկերութեան մէջ որոշ դժգոհանք սկսած էր յառաջանալ այն առումով, որ երկրի տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ սուրիացի գաղթականները մասամբ աշխատանքի իրենց առիթները սահմանափակած էին, նկատի ունենալով սուրիացի աշխատողներուն աւելի նուազ վարձատրութիւն տալու գործատէրերու մօտեցումը։ Սակայն կարելի է հաստատել, որ Լիբանան գաղթած սուրիացիները հակառակ իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն անգործ չէին մնացած ու կը յարմարէին լիբանանեան միջավայրին։

Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմին հետեւանքով տուժեցին յատկապէս Լիբանանի հարաւային շրջանին մէջ ապրող սուրիացի գաղթականները, որովհետեւ անոնք այլ շրջաններ փոխադրուելով իրենց կեանքը վերսկսելու տնտեսական կարելիութենէ զուրկ էին բնականաբար։ Այս հատուածի գաղթականներն են, որոնք թոհուբոհով սկսան վերադառնալ Սուրիա, գէթ համեմատաբար աւելի ապահով ապրելու։

Սուրիոյ պետութիւնը վերադարձողները ընդունեց ու անհրաժեշտ բժշկական օժանդակութիւնները տրամադրեց։ Անոնց մէջ կային վիրաւորներ, առողջապահական լուրջ հարցեր ունեցողներ եւ տագնապի մատնուած մանուկներ ու կիներ։

Լիբանանի հարաւային շրջանին մէջ, յատկապէս Պէքաաի մէջ Լիբանանի Առողջապահութեան Նախարարութեան համաձայն վերջին քանի մը շաբաթներուն 30-է աւելի սուրիացի գաղթականներ զոհուեցան։
ՄԱԿ-ի տուեալներով մինչեւ օրս Սուրիա վերադարձած են շուրջ 440 հազար սուրիացիներ։

Սուրիոյ տնտեսական տագնապը, յատկապէս շրջափակումը արդէն տարիներէ ի վեր ծանրօրէն ազդած է ու կը շարունակէ ազդել երկրի բնակչութեան տնտեսական կարողութեան, կենսամակարդակին, էական կարիքներու ապահովման համար իսկ դժուարութիւններ ստեղծելով։

Սուրիացի գաղթականներ վերադառնալով բնականաբար կրկին պիտի դիմագրաւեն տնտեսական, ընկերային ու այլ դժուարութիւններ, որքան ալ պետութիւնը ջանայ նպաստել անոնց ժամանակաւորապէս։

Այս պայմաններուն մէջ եւ վերջին տասնամեակին տարածաշրջանին մէջ յառաջացած լարուածութիւններու, շարունակուող զինուորական մագլցումներու լոյսին տակ, անհրաժեշտ է ջանք չխնայել չեղեալ համարել տալու Սուրիոյ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցները։ Ասիկա մարդկային նուազագոյն քայլն է, զոր կրնան առնել ՄԱԿ-ի անդամ երկիրները, տեսնելով տարածաշրջանի աղէտալի վիճակն ու անմեղ քաղաքացիներու տարտղնումն ու տառապանքը։

Լարուածութիւնը կրնայ երկար տարիներ շարունակուիլ։ Աղէտալի այս ընթացքին ազդեցութիւնը գէթ անմեղ ժողովուրդին վրայ նուազագոյնի հասցնելու համար անհրաժեշտ է որ Սուրիոյ պետութիւնը տարբեր հարթակներէ պահանջէ պատիժներու եւ շրջափակման չեղեալ համարումը եւ ներգրաւէ բարեկամ երկիրներու եւ դաշնակիցներու զօրակցութիւնը այս հարցին շուրջ։

ՄԱԿ-ը եթէ այս հարցին մէջ եւս իր դերակատարութիւնը շօշափելի չդարձնէ, անտեղի պիտի ըլլան իր յորդորներն ու մարդու իրաւունքներու առնչուող բազմապիսի օրէնքները։