ԻՆՉՊԷ՞Ս ԼՍԵԼԻ ԴԱՐՁՆԵԼ ՁԵՐ ՁԱՅՆԸ

Բազմաթիւ անձեր չեն բողոքեր, երբ անիրաւուած են, թէեւ կրնան հակառակը ընել եւ հաւանաբար իրենց շահն ալ այդ կը պահանջէ: Կը լռեն, որովհետեւ կը վախնան որ բողոքելով տկարութիւն մը ցոյց տուած ըլլան: Կամ իրենց այնպէս կը թուի, թէ բողոք մը ձեւակերպելով կը դասուին դժգոհներու եւ տրտնջացողներու շարքին:
Այսպէս մտածողները անոնք են, որոնք ունեցած են խստաբարոյ ծնողներ եւ ամէն ինչ կ’ընեն որ իրենց ծնողներուն չնմանին:
Ուրիշներ կը խորհին, թէ գնահատուելու համար համակերպող ոգի պէտք է ցոյց տալ:
Այս մօտեցումները ճիշդ չեն բնականաբար:
Եթէ մէկը իր ձայնը լսելի չդարձնէ՝ կրնայ սխալ հասկցուիլ ընկերութեան մէջ:
Ընդհանրապէս չենք ուզեր ուրիշին ցաւ պատճառել, այսուհանդերձ անուղղակիօրէն բոլորս ալ երբեմն կը վիրաւորենք մեր խօսակիցները: Եթէ բարեկամ մը կամ ծանօթ մը քեզ կը նուաստացնէ իր խօսքով կամ դիրքով, պարտականութիւնդ է ատիկա դիտել տալ իրեն. թող ինք աշխատի փաստել, թէ քեզ վիրաւորելու նպատակ չէ ունեցած:
Ուստի հետեւեցէ՛ք այս միտքերուն.
-Ձեր դժգոհութիւնը արտայայտեցէ՛ք ուղղակի այն անձին, որմէ վշտացած էք եւ ոչ թէ ուրիշի մը:
-Աշխատեցէ՛ք ձեր դժգոհանքը յայտնել այնպիսի ատեն, որ երրորդ անձ մը ներկայ չըլլայ: Քննադատութիւնը բոլորիս համար անձնական վիրաւորանքի տպաւորութիւն կը ձգէ. այս պատճառով չենք ախորժիր որ ուրիշ մըն ալ լսէ զայն:
Ուրեմն սպասեցէ՛ք որ գլուխ – գլխի ըլլաք:
-Ձեր խօսակիցին ընթացքը մի՛ բաղդատէք այս կամ այն անձի ընթացքին հետ: Ոչ ոք կ’ուզէ աննպաստ բաղդատութեան մը նիւթ դառնալ:
-Ձեր մեղադրանքները կարելի եղածին չափ շուտ ըրէք, երբ ձեր խօսակիցին հետ առանձին գտնուիք, որպէսզի ան ալ  ազատօրէն կարենայ բացատրութիւններ տալ ձեզի: Որքան ուշանայ ըսելու ձեր սրտին վրայ եղածը, այնքան  խօսիլը կը դժուարանայ: Սպասումը կը մեծցնէ ձեր  դառնութիւնը:
-Երբ ձեր սիրտը պարպած էք եւ ձեր խօսակիցը լաւ մը լսած ձեր մեղադրանքները, ալ մի՛ կրկնէք զանոնք: Ով որ ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէ իրեն ուղղուած քննադատութիւնները, պէտք չունի երկրորդ կամ երրորդ անգամ լսելու նոյն խօսքերը:
-Անկարելին մի՛ պահանջէք: Կրնաք մէկուն թելադրել որ չպոռայ, բայց չէք կրնար անկէ պահանջել որ չբարկանայ: Բարկութիւնը որոշ պատճառներէ կը ծնի: Ջանացէ՛ք այդ պատճառները վերացնել:
– Աշխատեցէ՛ք մէկ պահանջք միայն ձեւակերպել եւ իրարու չխառնել շատ մը պահանջներ: Եթէ մէկ անգամէն բազմաթիւ հարցեր դնէք, կրնայ ըլլալ որ հիմնականը մոռցուի: Երբ վճռական քայլերով ձեր գործատիրոջ քով մտնէք յաւելում պահանջելու համար, ձեր խօսակցութիւնը այդ հարցին վրայ կեդրոնացուցէ՛ք եւ մի՛ խօսիք երկրորդական նիւթերու մասին: Այսպէս Օրինակ. պաշտօնեայ մը յաւելում պահանջելու կ’երթայ տնօրէնին քով եւ միեւնոյն ատեն դիտել կու տայ, թէ իր գրասենեակին գորգը մաշած է. տնօրէնը կը խոստանայ նկատի առնել եւ փոխել տալ գորգը: Այսպիսով պաշտօնեային գոհացում տուած ըլլալու տպաւորութիւն կը ստեղծէ:
– Աւելորդ նախաբաններէ զգուշացէ՛ք: Անցէ՛ք ուղղակի ձեր ըսելիքին:
-Երբ անկեղծօրէն ըսած էք ձեր ըսելիքը, այլեւս ներողութիւն մի՛ խնդրէք, որովհետեւ եթէ ներողութիւն խնդրէք, պակսեցուցած կ’ըլլաք ձեր արարքին արժէքը եւ կասկածի տակ առած ձեր դիմումին արդարացիութիւնը:
-Հեգնանք եւ ծաղր մի՛ դնէք ձեր խօսքին մէջ: Ծաղրին ետին պահուած կ’ըլլայ  վախի կամ արհամարհանքի զգացումը, դիմացինը կրնայ լուրջի չառնել ձեր խօսքերը:
-Երբ մէկը կը մեղադրէք այս կամ այն ընթացքին համար, ակնարկութիւն մի՛ ընէք զինք ներշնչող պատճառներուն, ըսելու ձեւեր կան որ դիմացինը աւելի կը գրգռեն: Օրինակ՝ շատ աւելի քաղաքավար ձեւ է ըսել՝ «Կը խնդրեմ, մի՛ ընդմիջէք», քան թէ՝ «Չես ձգեր, որ խօսքս լրացնեմ»:
-Եղէք յստակ եւ ճշգրիտ: Երկդիմի նշանակութեամբ խօսքերը բանի չեն ծառայեր: Զգուշացէք «միշտ» եւ «երբեք» բառերէն: Որքա՞ն ճիշդ է արդեօք մէկուն ըսել. «Դուն միշտ այսպէս ես արդէն», կամ «Դուն երբէք արդար չես եղած»:
– Եթէ սովորութիւն չունիք մէկուն գովասանք շնորհելու, մի՛ սպասէք ուրեմն որ ան ալ ընդունի ձեր մեղադրանքները: Եթէ կ’ուզէք մերթ ընդ մերթ մէկը քննադատել, ձեր պարտականութիւնն  է երբեմն ալ նոյն անձին լաւ կողմերը մատնանշել եւ վերջապէս սովորութիւն ըրէք շնորհակալութիւն յայտնելու անոր, որ կը լսէ ձեր դժգոհութիւնները: