Սուրիոյ խորհրդարանը 2025-ի պիւտճէի մասին օրէնքի նախագիծը ուղարկած է պիւտճետային և հաշուապահական յանձնաժողովի ուսումնասիրութեան։

Ֆինանսներու նախարար դոկտոր Ռիատ Ապտուլ Ռաուֆ իր կարգին հաստատեց, որ նախագիծին մէջ յիշուած բոլոր կէտերը խոր մտահոգութենէ եւ իրատեսական ուսումնասիրութենէ բխող տեսակէտներ են՝ նպատակ ունենալով զարգացնել ներդրումները եւ տնտեսութիւնը ու որակական տեղաշարժ ստեղծել պետական համակարգի ինչպէս վարչական, այնպէս ալ տնտեսական աշխատանքին մէջ։ Նախարարին համաձայն, նախագիծը ուշադրութիւնը սեւեռած է ներդրումներու նկատառելի ծախսերու վրայ, որպէսզի արտադրութիւններու տոկոսը սրընթաց աճ արձանագրէ եւ տնտեսական վերականգնումի մակարդակը բարձրանայ։