Այսպէս կոչուած են լեռնահայերը կայսերական կամ ընդհանրապէս Ռուսիոյ կողմէ՝ «Cherkesogai»։ Անոնք չերքէզ ցեղախումբերէն կը համարուին:
Չերքէզներու ցեղախումբերը ամբողջովին կը տարբերին չէչէններէն։ Առաջիններուն բնակավայրը եղած է հիւսիսային Կովկասի լեռնաշղթան, իսկ չէչէններու բնակավայրը կ’ամփոփուի Սեւ ծովէն Կասպից ծով երկարող տարածաշրջանին արեւելքը:
Ուրեմն չերքէզահայերը, լեռնահայերը եղած են նախկին քրիստոնեաներ՝ յունական եկեղեցւոյ քարոզչութեամբ, ապա բռնի իսլամացած են Օսմանեան տիրապետութեան օրով:
Անոնք յայտնուած են Քրասնոտարի շրջանը 15-րդ դարուն: Անոնց լեզուն կոչուած է ատիկերէն, իսկ հայրենիքը Ատիկիա, Քրասնոտարի շրջանին մէջ: Այսօր անոնք ընդհանրապէս ռուսախօս են։ Համեմատաբար նոյն շրջանը բնակող հայերուն. անոնք համախմբուած են երկու քաղաքներու մէջ՝ Արմաւիր, որ հիմնուած է գաղթահայերու կողմէ 1839-ին, խորհրդանշելով հայոց Արմաւիր մայրաքաղաքը եւ Մէյկոփ, Ատիկիոյ նահանգին մայրաքաղաքը, Ատիկիոյ սիրտը: 2008 թուականի մարդահամարով չերքէզահայերու թիւը կը կազմէ 50000 անձ. ատիկերէնը, որ ներկայիս գրեթէ քիչ հնչող լեզու մըն է, ունի երկու բարբառ՝ դաշտային բարբառ եւ կաբարտեան բարբառ:

Ներկայիս Քրասնոտարի շրջանը եւ անոր շրջակայ տարածքները բնակուած են կոզակներով: Կոզակները արեւելեան Ուքրանիոյ եւ հարաւային Ռուսիոյ սլաւ, բազմալեզու եւ քրիստոնեայ ցեղախումբեր են, որոնք զինուած են ու շահագործուած Ռուսիոյ կայսրութեան կողմէ՝ ինքնաղեկավարութեամբ նուաճելու հիւսիսային Կովկասը ու Քրասնոտարի ամբողջ շրջանը, որդեգրելով ցեղասպանութիւնը չերքէզ տարրին ու ցեղախումբերուն։ Շրջանը նուաճելէ ետք, Գաթրինէ II կայսրուհին 1792-ին տարածաշրջանը տրամադրած է կոզակներու բնակութեան։ Շրջանը ժամանակի հետ վերածուած է բարգաւաճ քաղաքներու:
Այսպէս կոչուած չերքէզահայերու, լեռնահայերու նշանաւոր դէմքերէն են՝ Արտեոմ Միքայէլովիչ, Խորհրդային Միութեան առաջին միլիոնատէրը: Ինչպէս նաեւ Հենրի Տրոյադը, Կոնգոնտի մրցանակակիր, պատմաբան, գրող եւ անդամ ֆրանսական ակադեմիայի:
Այլ դէմք մըն է Նիքիթա Բաւլովիչ Պոկարսուքովը, դիւանագէտ, վաճառական եւ մեծ բարերար: Նաեւ Օլկա Ասլանովան, պալետի մեծ վարպետ: Նիքիթա Քուչերովը, սառոյցի վրայ պարի մեծ վարպետ: Անթոն Նեմքինը, դիւանագէտ եւ գործարար:
Ատիկիոյ, Մէյկոփի շրջանը ճանչցուած է որպէս քարիւղադաշտերով հարուստ շրջան 1910 թուականէն ի վեր։ Գրաւուած է գերմանական ուժերու կողմէ 1942 -1943 թուականին, Լենինկրատի պաշարման ժամանակաշրջանին, ապա 1943-ին ազատագրուած, որմէ ետք Խորհրդային Միութեան քարիւղի արդիւնաբերութեան կարեւոր կեդրոններէն մէկը հանդիսացած է մինչեւ օրս:
Ինչպէս նկատելի է, չերքէզահայերու, լեռնահայերու ընդունած դրօշը կազմուած է եռագոյն պաստառէ, իր վրայ կրելով հայկական յաւերժութեան եւ չերքէզ ցեղախումբերու զոյգ սեմպոլները:
Քրասնոտարի շրջանի եւ Ատիկիոյ նահանգի, այսինքն՝ հիւսիսային Կովկասի ներկայ հայկական գաղութները սկսած են կազմուիլ ընդհանրապէս 18-րդ դարու մայրամուտին։ Այսպէս՝
Առաջին գաղթը պատահած է 1780 – 1860 թուականներուն միջեւ, գաղթած են Աստրախանէն եւ Պարսկաստանէն՝ ընկերային անկայուն եւ ճնշող մթնոլորտին հետեւանքով:
Երկրորդ գաղթը եղած է 19-րդ դարու աւարտին եւ քսաներորդ դարու սկիզբը՝ 1870 – 1910 թուականներուն։ Գաղթողները ընդհանրապէս համշէնահայեր եւ Ատրպատականի տարածաշրջանէն, Արաքս գետի հարաւային շրջանէն եղած են քաղաքական անկայունութեան, ջարդերու եւ ազգային զտումներու հետեւանքով:
Երրորդ գաղթը տեղի ունեցած է 1915 – 1920 ժամանակաշրջանին, որպէս արդիւնք Մեծ Եղեռնի:
Չորրորդ գաղթը՝ 1950-ին, Ախալքալաքի շրջանէն, ընկերային ճնշող մթնոլորտին հետեւանքով:
Հինգերորդ գաղթը՝ 1970-ին, Արցախի, Ատրպէյճանի եւ կեդրոնական Ասիոյ շրջաններէն՝ ազգային զտումներու հետեւանքով:
Վեցերորդ գաղթը՝ 1980 – 1990 թուականներուն, Ատրպէյճանէն եւ կեդրոնական Ասիայէն՝ ազգային զտումներու բերումով եւ վերջապէս Հայաստանէն՝ տնտեսական պատճառներով:
Աղբիւրներ.
-«Չերքէզահայերի էթնիկ ինքնագիտակցութեան հարցի շուրջ», Առաքելեան Հրանոյշ
-Galstyan Hripsime. [Memory of the Writer Henri Troyat – Leading «Mayrig»]. (in Russian). Moscow: Armenian Museum of Moscow and Culture of Nations.
Ճրտգ. Կարպիս Մինասեան