Տարիները թաւալգլոր սահեցան։ Ահաւասիկ տասնամեակէ մը աւելի տարիներ անցան այդ օրէն, երբ սուրիական հայրենիքը պարտադրաբար լքեցի եւ փոխադրուեցայ ովկիանոսէն անդին։ Առաջին քանի մը տարին նոր շրջանակը, ապրելակերպը, գործը եւ ծնողքիս ու հարազատներուս բացակայութիւնը զիս տանջեցին։ Հետզհետէ այդ բոլորը յաղթահարելով նոր ճամբաս հարթեցի եւ խաղաղութեամբ կեանքս շարունակեցի։
Ինչ մեղքս պահեմ՝ երեսի վրայ լքած տունիս-տեղիս կարօտը, ընկերներուս, շրջանակիս եւ անցեալի օրերու փնտռտուքը տեւաբար միտքս կը տանջէին։ Այս բոլորը մէկ կողմ, օտար լեզուով խօսիլը ամէն տեղ զիս աւելի կը տանջէր։ Ստիպուած էի գործի, շուկայի, հեռաձայններ պատասխանելու եւ զանազան պայմաններու մէջ օտար լեզուով խօսիլ։ Հայերէնը ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր օգտագործէի, միջավայր չկար։ Երբեմն երբ եկեղեցւոյ մէջ կամ ձեռնարկի մը ընթացքին հանդիպէի ծանօթներու, որոնք ինծի նման նոր հաստատուած էին այնտեղ, անոնց հետ մեծ հաճոյքով ու կարօտով հայերէն կը խօսէի, հոգիս ցնծութեամբ կը լեցուէր, թէկուզ երբեմն օտար բառեր խճճուէին մեր խօսակցութեան մէջ կամ սխալ հնչիւններ արտաբերուէին մեր խօսքերէն, ի՜նչ հոգ, տիրողը հայերէնն էր։
Սովորական շաբաթավերջ մըն է։ Ինչպէս ամէն շաբաթ օր, տան պէտքերու երկար ցանկ մը ձեռքիս կը շրջէի հանրախանութի մը (մօլ) մէջ՝ ապահովելու համար ցանկիս մէջ գրուած տան պէտքերը։ Յանկարծ ապշահար դարձայ՝ տեսնելով ծանօթ, գեղադէմ տիկին մը, որ ինք եւս ինծի կը նայէր շփոթած ու երկմտած։ Ժպիտով մը կը մօտենար ինծի։ Յիշողութեանս էջերը արագ-արագ կը թերթատէի՝ անոնց մէջ գտնելու իր ով ըլլալը։ Դասընկերուհիս էր։ Անցեալ տասը տարիները չէին կրցած զինք փոխել, սակայն մազի նե՞րկը, իր նիհար մարմինին փոխուած ըլլա՞լը, թէ անսպասելի հանդիպումն էր զիս շփոթի մատնողը՝ չըմբռնեցի։ Տեղւոյն վրայ իրար անուններ բարձրաձայնելով գրկախառնուեցանք։ Աշխարհը որքան փոքր է։ Այսպիսի անակնկալի ալ կը հանդիպինք եղեր…։
Փորձեցի հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս եղաւ որ հոս յայտնուեցաւ, ե՛րբ, ի՞նչ կ’ընէ հոս։ Այս բոլոր հարցումները մտքիս մէջ արագ-արագ պատրաստելով ուզեցի իրեն դիմել պատասխան ստանալու համար, սակայն… չար սատանայ, հայերէն բառեր փնտռեցի, փորձեցի հարցումներս շարահիւսել մտքիս մէջ, սակայն չկրցայ հայերէն խօսիլ, որքան չարչրկեցի միտքս, փորձեցի, փորձեցի ու չյաջողեցայ։
Արիւնը գլուխս խուժեց, սիրտս արագ-արագ սկսաւ տրոփել։ Աստուա՜ծ իմ, այս ի՞նչ փորձանք է, այս օրուա՞ն պիտի հասնէի։ Ամբողջ կեանքս հպարտ էի հայ ըլլալուս համար, հայերէնով խօսիլը ինծի համար սրբութիւն էր, ի՞նչ պատահեցաւ ինծի։ Ընկերուհիս ճակտիս փայլող քրտինքը սրբելով կը փորձէր զիս հանդարտեցնել եւ օգնել, բայց ափսոս, ոչ մէկ բառ կրնայի արտասանել հայերէնով…։
Բջիջային հեռաձայնիս զարթեցուցիչին ձայնը սթափեցուց զիս։ Սիրտս տակաւին արագ-արագ կը տրոփէր։ Աչքերս բացի։ Չորս կողմս դիտեցի ու ննջասենեակիս մանրամասնութիւնները աչքէ անցուցի։ Շուտով հեռաձայնս բացի, կապուեցայ քրոջս.
Ա՜լօ, բարի լոյս, ինչպէ՞ս էք, ի՞նչ կ’ընէք, զաւակներս ինչպէ՞ս են, պատմէ՛, երկար պատմէ՛,_ հայերէնով հարցուցի։
Քոյրս շփոթած տեղատարափ հարցումներէս եւ իրար անցած վիճակէս, փորձեց զիս հանդարտեցնել ու բան մը հասկնալ հարցումներէս, ապա հատիկ-հատիկ պատասխանեց հայերէնով։
Փառք տուի Աստուծոյ, որ տակաւին հայերէն կը խօսէի ու կը հասկնայի։ Տէր Աստուած, այս ի՞նչ դաժան մղձաւանջ էր։
Սեւան Ա. Մանճիկեան