ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2-րդ փուլի մրցումներուն, Հալէպի Ահլին անգամ մը եւս չյաջողեցաւ յաղթական աւարտել իր մրցումը, 1 – 1 հաւասարութեամբ աւարտելով Թալիայի հետ կատարած հանդիպումը: Աւարտին Ահլիի մարզիչ Հուսէյն Աֆաշ ներկայացուց իր հրաժարականը. Նոյն արդիւնքով աւարտեցաւ նաեւ Թըշրին եւ Ուասպէ հանդիպումը: Հոմսի Քարամէն 2 – 1 արդիւնքով յաղթեց Ճէյշին, իսկ Հըթթինը 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ճապլէն:
-Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց ախոյեանութեան 3-րդ փուլի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբը երրորդ ձախողութիւնը արձանագրելով 82 – 50 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Հըթթինէն: Դամասկոսի Սաուրան 96 – 66 արդիւնքով յաղթեց Պարատային, իսկ Ճալալաը 68 – 49 արդիւնքով յաղթեց Աշրաֆիա Սէյտնայային:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԾԱՆՐՈՐԴ ՊԵՏՐՈՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ
Հայաստանի ծանրամարտի տղամարդոց խումբի անդամ Պետրոս Պետրոսեան դարձաւ Եւրոպայի երիտասարդական առաջնութեան ոսկի մետալակիր: Լեհաստանի մէջ ընթացող ծանրամարտի Եւրոպայի Մ20 եւ Մ23 տարեկաններու առաջնութեան պայքարին մէջ մտան գերծանր կշիռք բարձրացնող տղաքը: Հայաստան ծանրամարտի այս կարգին ունէր երկու ներկայացուցիչ՝ Եաշա Մինասեան եւ Պետրոս Պետրոսեան: Եաշա Մինասեան երկամարտի 354 քկ. արդիւնքով գրաւեց 7-րդ դիրքը: Պետրոս Պետրոսեան պոկումի վարժութեան բարձրացնելով 166 քկ. գրաւեց երրորդ դիրքը, իսկ հրումի վարժութեան 218 քկ.-ով՝ առաջինը:
Երկամարտի 384 քկ. արդիւնքով Պետրոս Պետրոսեան դարձաւ երիտասարդական Եւրոպայի Ախոյեանութեան ոսկի մետալակիր: Պատանիներու գերծանր կշիռքի բարձրացման կարգի Հայաստանի ներկայացուցիչ Աշոտ Մովսիսեան պոկումի վարժութեան 158 քկ., իսկ հրումի՝ 201 քկ. բարձրացուց: Երկամարտի 359 քկ. արդիւնքով ան դարձաւ Եւրոպայի պատանեկան առաջնութեան արծաթէ մետալակիր: Աղջիկներու մինչեւ 23 տարեկաններու պայքարին մասնակցութիւն բերին միայն 4 մարզիկներ: Հայաստանի ներկայացուցիչ Մէրի Թովմասեան պոկումի վարժութեան գլխավեր պահեց 98 քկ., իսկ հրումի 122 քկ.: Երկամարտի 220 քկ. արդիւնքով Թովմասեան նուաճեց արծաթէ մետալ:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան