Ո՞ւր է մեր կեանքին առաջին յիշողութիւնը. ի՞նչ է այն ամէնէն առաջին դէպքը, որուն կրնայ հասնիլ մեր յիշողութիւնը:
Ու եթէ հասնինք մեր այդ առաջին յիշողութեան, կը մտածենք՝ ո՞ւր պահուած էր, ինչո՞ւ մինչեւ հիմա չէի անդրադարձած անոր:
Յիշողութիւնը կը շարունակէ մնալ գիտական առեղծուածներէն մէկը, հակառակ որ այնտեղ մեծաթիւ բացայայտումներ եղած են:
Այդ բացայայտումները հետաքրքրական դիտումներ կ’ընեն. մեր յուշերը, ըստ իրենց բնոյթին, ուղեղին տարբեր կեդրոններուն մէջ կ’ամբարուին, գլխաւորաբար հիփոկամբուսի (hippocampus) եւ ամիկտալայի (amygdala) մէջ:
Ասոնք ուղեղին մէջտեղը գտնուող եւ իրարու հանդիպակաց երկու կէտեր են:
Առաջինին մէջ կ’ամբարուին դրուագային յիշողութիւնները, որոնք յետոյ կը դասաւորուին, կազմելու համար մեր կենսագրական յիշողութիւնները:
Երկրորդին մէջ կ’ամբարուին այն յուշերը, որոնք հոգեխոցերու մասին են (trauma). այս յուշերը կը պահուին ոչ որպէս դէպքերու պատում, այլ մեր զգայարաններուն վրայ այդ դէպքերուն ձգած ազդեցութիւնը որպէս, պատկերներու, հոտերու, հնչիւններու, համերու կամ հպումի միջոցով (մեր հինգ զգայարանները):
Հետաքրքրական է, որ մեր ուղեղը կ’ամբարէ յուզիչ, ցնցող կամ ցաւալի դէպքերուն յիշողութիւնը ընդհանրապէս, աւելի քան մեղմ ապրումներու կամ յուզումներու յուշերը:
Նոյնիսկ գրախանութներուն մէջ վերջերս ցուցադրուած գիրքերը մէկ ուղղութիւն ունին կարծես՝ յիշողութիւնը.
Ցուցադրուած բազմաթիւ գիրերուն խորագրերը այս կը հաստատեն՝ A Memory of Light, Before Your Memory Fades, The Memory Police, նաեւ արաբերէնով՝ Արդիական Ուղղութիւնները Յիշողութեան Փիլիսոփայութեան Մէջ, Մարմինդ Ամէն Բան Կը Յիշէ եւ այլն:
Զարմանալի զուգադիպութեամբ քանի մը տարի առաջ գրուած յօդուած մը այսօր միայն պաստառիս վրայ կրկին երեւցաւ՝ The cult of memory: when history does more harm than good.
Այս վերջին գաղափարին չեմ համոզուած անշուշտ, բայց զայն կը դարձնեմ միտքիս մէջ, վեր-վար կ’ընեմ, պարզապէս տեսնելու համար թէ իրապէս կարելի՞ է նման բան, թէ՞ այս ալ ամերիկացիի մը խելապատիկէն ելած, տարբերուելու մարմաջով մէջտեղ նետուած գաղափար մըն է:
Այս վեր-վար ընելու ընթացքին կ’անդրադառնամ, թէ որքա՜ն երեւոյթներ եւ հարցեր կան, որոնց մասին մենք, սփիւռքահայերս, տարուած ապրելու առաջնահերթութեամբ _ այս պարագային ապրիլ պէտք է հասկնալ նաեւ survive իմաստով _ չենք մտածած:
Նախ չենք մտածած մենք մեր մասին որպէս հաւաքականութիւն, որ այսօր իր դիմագիծը ունի, թէեւ մանրամասնութիւններուն մէջ կրնան նաեւ տարբերութիւններ ըլլալ մէկ գաղութէն միւսը:
Հետեւաբար կ’անդրադառնամ նաեւ, թէ անձնական յիշողութեան կողքին կայ նաեւ հաւաքական յիշողութիւն կոչուած երեւոյթ մը:
Հիմա զիս հետաքրքրողը հետեւեալն է՝ յիշողութիւնը ո՞ւր կ’ամբարուի. ուղեղի՞ն, թէ միտքին մէջ, այս երկուքը ըլլալով իրարու հակոտնեայ, պարզ այն պատճառով, որ մէկը ֆիզիքական է, իսկ միւսը՝ աննիւթեղէն:
Երկու դէպքեր զիս մտորումի կը մղեն. մէկը համացանցէն կարդացուած դէպք մըն է, որ շատ-շատեր առասպել կամ ժողովրդային բանահիւսութիւն որակեր են: Միջոց չունիմ հաստատելու այդ դէպքը, թէեւ կ’ըսուի թէ առնուած է հրատարակուած գիրքէ մը, որուն հեղինակը յարգելի անձ մըն է՝ «Սրտին ծածկագիրը. Օգտագործելով մեր սրտի ներուժին իմաստութիւնը եւ ուժը, հեղինակ՝ Փոլ Փիրսալ (The Heart’s Code: Tapping the Wisdom and Power of Our Heart Energy. Paul Pearsall):
Ութ տարեկան աղջիկ մը, որ ստացեր է սպանուած տասը տարեկան աղջկայ մը սիրտը, կը սկսի մղձաւանջներ տեսնել իրական սպանութեան մասին: Աղջիկը հոգեբուժի մը կը տանին, որ որոշ քննութիւններէ ետք կ’եզրակացնէ, թէ ան վաւերական դէպքի մը մասին է որ կը խօսի: Ոստիկանութեան հետ կապ հաստատելէ ետք կը փաստուի, թէ իսկապէ՛ս նման դէպք պատահած է, եւ հիմնուելով մղձաւանջին մէջ երեւցած մարդուն նկարագրութեան վրայ, կարելի կ’ըլլայ ոճրագործը գտնել եւ ձերբակալել:
Կրնանք հաւատալ կամ ոչ: Բայց կա՛յ գիտական տեսութիւն մը, որ բջիջային յիշողութիւն կը կոչուի, եւ որ կը հաստատէ, թէ մարմնին այլ օրկանները եւս կրնան յիշողութիւններ պահել: Այս վարկածը հաստատելու համար կարգ մը գիտնականներ կը հիմնուին տարբեր օրկաններով պատուաստուած բազմաթիւ անձերու պատումներուն վրայ:
Այս դէպքը կարելի՞ է «սրտի յիշողութիւն» անուանել:
Երկրորդ դէպքը ինծի պատահեցաւ: Հանդէսը էջադրող Շահէին հետ կ’աշխատէինք. դադարին իրեն հրամցուցի իմ պատրաստած կրկնեփուկներէս (cookies), որոնց մէջ մահլէպ համեմը դրեր էի, համեմ մը, որ հալէպահայերուս շատ ծանօթ է եւ գլխաւորապէս կ’օգտագործուի _ կ’օգտագործուէր այն օրերուն, երբ տակաւին պանիրը տունը կը պատրաստէինք: Պասմա կոչուած պանիրը օր մը աղելէ ետք, կը խաշուէր ջուրի մէջ, ուր մահլէպ կը դնէինք:
Շահէն առաջին պատառը համտեսելէ ետք, անմիջապէս հարցուց.
_ Պանիրո՞վ է ասիկա:
Կրկնեփուկը պանիրով չէ՛ր:
_Ինչո՞ւ,_ հարցուցի, մինչ միտքս աջ-ձախ առնչութիւններ կը փորձէր գտնել:
_Պանիրի համ առի:
Շահէն այն սակաւաթիւ երիտասարդներէն է, որոնք Հայաստան ծնած են, բայց ամուսնացեր են սփիւռքահայ աղջկայ մը հետ եւ Սփիւռքի մէջ կ’ապրին:
Գահիրէի մէջ հայաստանցի հարսերու «Կռունկ» անպաշտօն միութիւնը կայ, որուն միակ «հայաստանցի փեսայ»-ն Շահէն է, կ’ըսենք յաճախ կատակով:
Շահէն մահլէպի մասին ալ գաղափար չունէր. նոյնիսկ «հե՞տդ բերած ես Հալէպէն» հարցուց: Բայց Շահէին հայրը Հալէպէն ներգաղթեր է Հայաստան, շատ հաւանաբար հետը տարեր է այդ պանիրին համն ու հոտը եւ կարօտով յիշեր է Հալէպի պասմա պանիրը, մահլէպի համով եւ սեւագնդիկով: Շահէն զարմանալի կերպով կը յիշէր ա՛յդ համը, հակառակ բնաւ կերած չըլլալուն: Ինչպէ՞ս:
Ասիկա կարելի՞ է կոչել «արեան յիշողութիւն»:
Մենք, որպէս արեւմտահայութեան ժառանգորդ սփիւռքահայեր, կրնանք հաստատել ասիկա մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ: Բոլորս ալ _ արդէն հինգերորդ սերունդ _ առաջին ձեռքէ չէ որ տեսած ենք Ջարդը, այլ լսած ենք անոր մասին: Սակայն մեր զգացած սարսափն ու բարկութիւնը, որոնք վաւերական են, կասկած չունինք, արիւնով մեզի փոխանցուած են եւ կը շարունակեն առողջ պահել անարդարութեան հանդէպ մեր դատը:
Իսկ գիտութիւնը կ’ըսէ՞ թէ ուղեղին, սրտին, կամ հոգիին ո՞ր խորշին մէջ կը պահուի մեր հաւաքական յիշողութիւնը:
Աշխարհի շատ ազգեր եւ ժողովուրդներ ունին, կը պահեն այդ հաւաքական յիշողութիւն-խոցը, ինչպէս Ամերիկայի եւ Քանատայի բնիկները, սեւամորթները եւ հայերը (ինչպէ՞ս բացատրել հրեաներուն «մոռացումը» իրենց հոգեխոցին, որովհետեւ առանց մոռցած ըլլալու ատիկա, չէին կրնար ընել ինչ որ կ’ընեն ներկայիս Պաղեստինի մէջ): Այսօր իսկ այդ խոցը, որ շատ արագ հոգեխոցի կը վերածուի (trauma), կը շարունակէ հոսիլ Արցախի ժողովուրդին եւ պաղեստինցիներուն երակներուն մէջէն, սպառնալով եղծել մարդ արարածին հոգեկան կազմուածքը:
Մարուշ Երամեան