Հանգիստը խանգարող, ազատութիւնը կաշկանդող, սիրտը տրտմեցնող, հոգին ալեկոծող եւ միտքը յոգնեցնող բարդ իրավիճակ մըն է մտահոգութիւնը։ Մարդիկ յաճախ կը տառապին մտավախութենէ, անորոշութենէ, տագնապէ եւ տրտմութենէ, որոնց դրդապատճառը սովորաբար բազմաբնոյթ մտահոգութիւններն են։
Շատ հաւանաբար ուրիշի մը մտահոգութիւնը քեզի համար ըլլայ ոչ կարեւոր նիւթ, կամ քու մտահոգութիւնդ ուրիշին համար աննկատելի համարուի։ Իւրաքանչիւր անձ ունի որոշ մտահոգութիւններ, որոնք երկմտութեան, շփոթութեան եւ կասկածամտութեան կը մատնեն։
Քրիստոսի հետեւող մարդուն ապրելաձեւի կարեւոր տուեալներէն է խաղաղութեամբ ապրիլը։ Իսկ մտահոգութիւնը խաղաղութեան ուղիէն հեռացնող վտանգ է։ Մտահոգութիւնը աղօթական մթնոլորտը կ’ապականէ, յուսադրական հայեացքը կը պղտորէ, ապագայատեսիլ ձգտումները կը սանձէ, դէպի ապագայ առաջնորդող ծրագիրները կը խափանէ, յաճախ «անուշ քուն»-ը վայելելու ժամերը կը յետաձգէ, երբեմն ախորժահամ կերակուրը «անհամ ճաշի կը վերածէ», ընդհանրապէս անտեղի պոռթկումի, տարօրինակ զայրոթի եւ սխալ կողմնորոշումի կը մղէ։
Կարելի է եզրակացնել թէ ապրելու արուեստին գեղեցիկ պատկերը կը չարափոխենք մեր իսկ կամքով։
Զգացումները զսպելը դժուար է, բայց միտքը ձեւով մը հարկ է զսպել։ Այսինքն առիթ չտալ մեր մտքին որ մտածէ քմահաճ կերպով, տրամաբանէ վատառողջ եղանակով, վերլուծէ առանց խղճմտանքի օգնութեան եւ ընտրէ առանց Աստուծոյ շնորհքին ներգործութեան։
Քրիստոս աշխարհիկ մտահոգութենէ զգուշանալ կը թելադրէ։ «Մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար, թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ խմէք, ո՛չ ալ մտահոգուեցէք ձեր մարմնին համար, թէ ի՛նչ պիտի հագնիք» (Մտ 6.25)։
Մեր Տէրը որպէս ուշագրաւ օրինակ կը ներկայացնէ երկինքի թըռչունները եւ վայրի շուշանները, որոնք Աստուծոյ խնամքը կը վայելեն։ «Դիտեցէ՛ք երկինքի թռչունները. ո՛չ կը սերմանեն, ո՛չ կը հնձեն եւ ո՛չ ալ շտեմարաններու մէջ կ’ամբարեն, եւ սակայն ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք» (Մտ 6.26)։
«Օրինակ առէք վայրի շուշաններէն եւ տեսէք թէ ինչպէս կ’աճին. ո՛չ կ’աշխատին, ո՛չ կը հիւսեն…։ Եթէ, ուրեմն, Աստուած այդպէս աղուոր կը հագցնէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ եւ վաղը կրակ կը նետուի, շատ աւելի լաւ պիտի չհագցնէ՞ ձեզ, թերահաւատնե՛ր» (Մտ 6.28-30)։
Հետաքրքրաշարժ է Տիրոջ գործածած «թերահաւատներ» բառը։ Մարդոց մեծամասնութիւնը մտահոգուած են «ուտել, խմել, հագուելով»։ Թերահաւատ մարդը Աստուծոյ հայրական խնամքին, բարի կամքին, պատուական խոստումին եւ պահապան հովանիին ուշադրութիւն դարձնելու փոխարէն կը մտահոգուի եւ միայն իր նկատառումներով կ’առաջնորդուի։
«Մի՛ մտահոգուիք» բառերէն ոմանք կը հետեւցնեն թէ մարդը անտարբերութեամբ եւ ծուլութեամբ պէտք է ապրի։ Նմանօրինակ մտայնութիւն հակասուրբգրային եւ ո՛չ աստուածահաճոյ համոզում։ Մարդ արարածը անկասկած գործի լծուելու է, ժամանակը օգտագործելու է բարի եւ վեհ նպատակներ իրագործելու համար, միաժամանակ մտահոգուելէ խուսափելու է։ Մտահոգութիւնը պէտք չէ ըլլայ նկարագրային խառնուածքի արտայայտութիւն։
Մտահոգ մարդը գոհունակ չէ բնաւ։ Գոհունակ մարդը կրնայ Աստուծոյ բարիքները երախտագիտական զգացումներով յիշել եւ ջերմեռանդ հոգիով աղօթել։ Իսկ հոգերով ծանրաբեռնուած մարդը աղօթելու դժուարութիւն կ’ունենայ, քանի միտքին դուռը բաց է, ուստի ներս կը մտնեն աշխարհիկ խորհուրդները։ Ահա թէ ինչո՛ւ մեր Տէրը երբ աղօթքի մասին ուսուցում կը կատարէ՝ կ’ըսէ. «Դուն երբ կ’աղօթես՝ մտի՛ր սենեակդ, ԳՈՑԷ՛ ԴՈՒՌԸ եւ ծածուկ կերպով աղօթէ քու երկնաւոր Հօրդ» (Մտ 6.6) «Գոցէ՛ դուռը» այսինքն միտքը եւ զգայարանքները անջատել աշխարհիկ հոգերէն, մեղքի ծնունդ տուող խորհուրդներէն եւ աղօթական վիճակը խանգարող չար մտածումներէն։ Ահա թէ ինչո՛ւ առաքեալը կ’ըսէ՝
«…բոլոր միտքերը գերելով` Քրիստոսի հնազանդութեան կը բերենք» (Բ.Կր 10.5)։
Մտահոգութենէ հեռու մնալ եւ գոհունակ սիրտով աղօթել կը յորդորէ Պօղոս առաքեալ ըսելով. «Որեւէ բան թող չմտահոգէ ձեզ. այլ միշտ ձեր աղօթքներուն եւ աղաչանքներուն մէջ գոհունակ սիրտով Աստուծմէ խնդրեցէք ինչ բանի որ կարիքը կը զգաք» (Փլպ 4.6)։
Հոգերէն ազատելու գործնական միջոցներէն մէկը երեխային պարզութենէն դաս քաղելն է։ Երեխան իր հօրը եկամուտին մասին գաղափար չունի, բայց վստահ է թէ անօթի պիտի չմնայ, քանի իր հայրը կայ եւ կը հոգայ։ «Դուք որ չար էք` գիտէք ձեր զաւակներուն լաւ պարգեւներ տալ, ձեր երկնաւոր Հայրը որքա՜ն աւելի լաւ պարգեւ մը` Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց, որոնք իրեն կը դիմեն» (Ղկ 11.13)։
Մտահոգութիւնը հոգեմաշ ախտ է, հանելուկ է անլուծելի, բարդութիւն է անբացատրելի եւ տարօրինակ հոգեվիճակ է ափսոսալի։
Շատե՜ր մտահոգութեան պատճառով երկա՜ր ժամանակ կուտակուած վիշտերով տառապեցան, նոր գարուններ եւ յաղթանակի արշալոյսներ դիմաւորելու պատեհ առիթէն զրկուեցան։
Տարիներ առաջ, աղջիկս մանկապարտէզ կը յաճախէր, օր մը երբ տուն վերադարձաւ հարցուցինք՝ «ի՞նչ սորվեցար այսօր»։ Մեզի պատասխանեց «Աղօթք մը», եւ անմիջապէս արտասանեց հետեւեալ հոգեխօս բառերը՝
«Գլուխս դրի բարձին
Հոգս տուի Աստուծոյ
Բարի հրեշտակ մօտեցիր
Չար Սատանայ հեռացիր»։
Վստահաբար ունինք հոգեր, որոնք մեզ կը յոգնեցնեն։ Ուրեմն անխախտ յոյսով ապաւինինք Աստուծոյ անհուն սիրոյն եւ առատ ողորմութեան, որպէսզի վերագտնենք Քրիստոսի խաղաղութիւնը։
Հոգերդ ապրելու կամքիդ, պայքարի թափիդ եւ մեղքին յաղթելու երթիդ վնասաբեր հարուած կը հասցնեն։ Մի՛ յուսահատիր երբեք, այլ յանձնուիր Աստուծոյ հայրական խնամքին, յիշելով հետեւեալ խրատը. «Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէք, որովհետեւ ինքը կը հոգայ ձեր մասին» (Ա.Պտ 5.7)։
(Շարունակելի)
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան