Ամերիկացի ռազմական փորձագէտներ կը յայտնեն, որ իսրայէլացի զինուորականներն ու հետախուզութիւնը, ոչ նուազ, քան Թուրքիան, նպաստեցին Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի կայծակնային ռազմական նուաճումին: Անոնք կ’աւելցնեն, որ հետախուզական եւ ռատիոգաղտնալսման նիւթերու արագ փոխանցումները հասած են Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի «8200 ստորաբաժանման» կայուն ազդանշանային հետախուզական կայան (ԱՄՆ Ազգային անվտանգութեան գործակալութեան նմանակով): Իսրայէլի արտաքին հետախուզութեան (Մոսատ) հետախուզական տուեալները նոյնպէս խիտ հոսքով հասած են Պաքու։ Տակաւին Լեռնային Ղարաբաղի նուաճման եզրափակիչ փուլի մեկնարկէն առաջ Անգարա ատրպէյճանական ուժերուն նոր սարքեր մատակարարած է իր ALECAN ընկերութեան ռատիո-ելեկտրոնային պայքարին համար:
Եւ այդ համատեղ ռազմավարական աշխատանքները կ’օգնեն (ի շարս այլ պատճառներու) բացատրել Պաքուի ռազմական արագ յաղթանակը։ Երկու երկիրներուն միջեւ հետախուզական տուեալներու զգալի փոխանակումէն բացի, Իսրայէլ Պաքուի սպառազինութեան եւ ռազմական արհեստագիտութեան հիմնական մատակարարներէն մէկն է: Երբ 2017-ին Նեթանեահու եւ Ալիեւ հանդիպեցան, վերջինս տեղեկացուց, որ իր երկիրը Իսրայէլէն աւելի քան 5 միլիար տոլարի զէնք եւ ռազմական սարքեր գնած է: Իսրայէլական արտադրութեան ԱԹՍ-ները վերջին տարիներուն քանի մը անգամ օգտագործուած են Լեռնային Ղարաբաղի հայկական ուժերու հետ մարտերուն ընթացքին։ Այժմ այդ համագործակցութիւնը ակնյայտօրէն հասած է նոր «զաւեշտական մակարդակի»:
Սա կը նշանակէ, որ ատրպէյճանական բանակը վերջին հակամարտութեան ընթացքին օգտագործած է նաեւ երկու արբանեակներ, որոնք ատրպէյճանական Azercosmos տիեզերական գործակալութիւնը ձեռք բերած է Israel Aerospace Industries-էն։ Այս երկու լրտեսական արբանեակները ձեռք բերուած են Azersky-2 ծրագրի շրջագիծէն ներս։ Ատրպէյճանի տիեզերական գործակալութիւնը եւ Թել Աւիւ տեղակայուած ընկերութիւնը գործառքի մասին յայտարարելով չեն բացայայտած արբանեակին մակնիշը կամ պայմանագրի արժէքը, բայց նախապէս անոնք յայտարարած էին, որ համաձայնագրի արժէքը կը կազմէ շուրջ 120 միլիոն տոլար, իսկ աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ խօսքը OptSat-500 մակնիշի մասին է: Սա արբանեակի այս նոր մակնիշի առաջին յայտարարուած վաճառքն է, որ կը տարբերի Իսրայէլի Պաշտպանութեան բանակին մատակարարուող OptSat -3000-էն:
Արբանեակները կը փոխարինեն Պաքուի կողմէ օգտագործուող Airbus արբանեակը, որ գործարկուած է 2014-ին եւ որուն հետ կապը ընդհատուած է, եւ ուղեծիր դուրս կը բերուին 2026 եւ 2028 թուականներուն: Նոր արբանեակները կրնան լուսանկարել 50 սմ. լուծաչափով, ունին մօտ 7 տարի ծառայութեան ժամկէտ, իսկ անոնց գինը OptSat-3000-ի մօտ 1/3-ն է: Azersky-2 ծրագիրը կը ներառէ երկարաժամկէտ առեւտրական գործընկերութիւն իսրայէլական ընկերութեան եւ Azercosmos-ի միջեւ՝ տիեզերքի ոլորտին մէջ նորարարական, ձեռնարկատիրական, ակադեմական եւ հետազօտական կենսոլորտային համակարգի ստեղծման մէջ: Գործառքը նաեւ իսրայէլական հետախուզական կարելիութիւնները կը մօտեցնէ իրանական սահմանին:
Յօդուածը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ «Երկիր»-ի կայքին մէջ։
Քաղուած՝ Յու.Բ. Շչեգլովինի յօդուածէն
Աղբիւրը՝ iimes.ru
Թարգմանութիւնը՝ Գայիանէ Մանուկեանի