Դեռ մինչեւ վերջերս «ինչո՞ւ կը կարդանք»-ը կը զբաղեցնէր միտքս, կը փորձէի տրամաբանական, զիս գոհացնող պատասխան մը կամ պատասխաններ գտնել: Գտած պատասխաններս այնքան ալ չէին գոհացներ զիս, որովհետեւ կարծես չէին հասներ մինչեւ ամէնէն վերջին կէտը այն հաճոյքին, որուն հմայքը օր ըստ օրէ կը տժգունի կարծես: Արդեօ՞ք պատասխաններ որոնելու ճիգս նաեւ իրե՛ն համար էր, ընթերցումի հաճոյքին համար, որպէսզի չվերջանայ, որպէսզի մարդիկ, շա՜տ շատեր եւս վայելեն զայն …
Յետոյ սկսաւ այլ հարցում մը չարչրկել միտքս՝ ինչո՞ւ կը գրեմ, մանաւանդ առաջին հարցումին պատասխաններուն լոյսին _ կամ մութին _ տակ: Ինչո՞ւ կը գրեմ, երբ այնքան ալ կարդացող չկայ, մանաւանդ հայերէն, արեւմտահայերէ՛ն կարդացող չկայ այնքան, որքան պէ՛տք է ըլլայ:
Այս չկարդացուելուն, հետեւաբար չգնահատուելուն արդիւնքն է թերեւս այն, որ ոչ միայն այսօր, այլ երէկ նաեւ, հայ գրողներ կը գրեն այլ լեզուներով:
Չեմ կրնար մոռնալ Սմբատ Տէրունեանի մէկ յօդուածը, զոր գրեր էր Կիպրոսի մէջ անգլիական գրական մրցանակ մը շահելէ ետք եւ որուն մէջ ցաւով կը գրէր, թէ տարիներէ ի վեր ո՛չ մէկ հայկական մրցանակ գնահատեր է իր տասնամեակներու աշխատանքը, մինչ ահա, հազիւ մէկ-երկու տարիէ ի վեր գրած անգլերէն քերթուածները գնահատուեր են օտար հաստատութեան մը կողմէ: Եւ դառնութեամբ հարց կու տար՝ ինչո՞ւ օտարը պէ՛տք է տեսնէ եւ գնահատէ հայ գրողին արտադրանքը … Այս մասին սակայն այլ առիթով: Հիմա՝ ինչո՞ւ կը գրեմ:
Գրելուս առաջին պատճառը պատմութիւններ պատմելն է. անկէ առաջ սակայն՝ ճիգ մըն է վերյիշելու մեծ մօրս՝ Նէնէ Հայկանոյշիս հեքիաթները, որոնցմէ ծնած տպաւորութիւնը տակաւին կը յամենայ մէջս, ապահովութիւն եւ գուրգուրանք ներշնչելով, բայց հեքիաթները իրենք … չեմ յիշեր, ո՛չ իսկ մէկ հատիկ հեքիաթ, որ յիշատակ մնար Նէնէ Հայկանոյշէն …
Գրելուս երկրորդ պատճառը, նոր անդրադարձայ, բառերն են, հայերէն լեզուին բառերը, որ այնքա՜ն կը սիրեմ, կ’ուզեմ զանոնք մի՛շտ գործածել՝ գրել, ըսել, լսել … անոնք քիմքիս համար թարմ հացի չափ կարեւոր են, տաքուկ եւ էական:
Առաջին բառը, որուն առջեւ պահ մը կեցեր եմ, երբ տակաւին շատ փոքր էի՝ «Պամպի»-ն էր, նուէր ստացած գիրքիս խորագիրը:
Որքան կրնայի, արագ-արագ կարդացի գիրքը, որպէսզի հասկնամ թէ ի՛նչ ըսել է Պամպի: Գիրքին հազիւ տասնեակ մը էջերը աւարտեցի եւ հասկցայ, որ Պամպին անունն է այդ խեղճ եղնիկին: Բայց ի՞նչ ըսել է Պամպի, կը կրկնէի միտքէս:
Ասիկա մտածում չէր անշուշտ, հինգ-վեց տարեկան աղջնակ մը ի՞նչ եւ որքա՞ն կրնայ մտածել. բայց բառերը արդէն կարթեր էին զիս:
Յետոյ հանդիպեցայ «յետմիջօրէ» բառին, որ մեր սովորական «կէսօրէվերջ»-ին քով շատ ազնուական կը հնչէր՝ յետմիջօրէ … «Վարդարան»-ին առաջին էջին վրայ հանդիպեր էի այս բառին, Զարմայր քհն. Կէզիւրեանի անգլերէնէ թարգմանութեամբ, Ֆլորընս Լ. Պարգլէի նոյնանուն վէպին մէջ:
Վերջերս համացանցի ովկիանոսին մէջ հանդիպեցայ անգլերէն արդի, նոր հրատարակուած բառարանի մը՝ The Dictionary of Obscure Sorrows, որ նոր բառեր կը ներկայացնէ, բառեր, որոնք չեն եղած անգլերէն լեզուին մէջ, բայց որոնց կարիքը զգացուեր է կ’երեւի, որովհետեւ յատուկ խմբաւորումի մը կը պատկանին՝ բառեր, որոնք կ’առնչուին մեր ամենախորունկ ցաւերուն, զորս արտայայտելու համար բառ չկար … եւ հիմա կայ: Այս բառարանին համար դերասան, գրագէտ եւ ֆիլմարտադրիչ Steven Wright կը գրէ՝ «Կարդացի բոլոր բառերը, կարծես քերթուած մը կը կարդայի ամէն բանի մասին»:
Օրինակ, շատ հետաքրքրական գտայ anecdoche բառը, որ կը նշանակէ Զրոյց, երբ բոլորը կը խօսին, բայց ոչ ոք մտիկ կ’ընէ, պարզապէս բառեր կը կուտակուին այդ ընթացքին, բառխաղին նման, իւրաքանչիւր խօսակից միւսին խօսքէն բաժին մը առած իր խօսքին կը միացնէ:
Ասոր ամէնէն ցայտուն օրինակը Վահէ Պէրպէրեանի մէկ անեքտոթն է.
«Հիւրեր կային. մայրս ալ ներկայ էր: Տարբեր խումբեր տարբեր նիւթերու մասին կը խօսէին. մէկը կը պատմէր Արցախի մասին, երկրորդը՝ աչքի գործողութիւններու մասին կը խօսէր, իսկ երրորդ խումբը կը շաղակրատէր Պրէտ Փիթ դերասանին մասին, երբ մայրս յանկարծ, պահու մը երբ բոլորը լռեր էին, յստակ ձայնով հարցուց.
_Այդ ե՞րբ էր որ Պրատ Փիթը Արցախի մէջ աչքի գործողութիւն ըրեր է …»:
Սակայն այս բառարանը շատ աւելի խորունկ ապրումներու վերաբերող նորաստեղծ բառեր կը ներկայացնէ:
Այս բառարանը նաեւ մղիչ ազդակ մըն է, աշխատելու եւ գտնելու բառեր, որոնք աւելի յստակօրէն եւ վաւերական կերպով կ’արտայայտեն մեր այսօրուան կեանքն ու ապրումները: Քանի մը պարզ օրինակներ.
maru mori («the heartbreaking simplicity of ordinary things»),
apolytus («the moment you realize you are changing as a person, finally outgrowing your old problems like a reptile shedding its skin»),
the wends («the frustration that you’re not enjoying an experience as much as you should… as if your heart had been inadvertently demagnetized by a surge of expectations»),
anoscetia («the anxiety of not knowing «the real you»»),
des vu («the awareness that this moment will become a memory»). Deja vu-ին հակառակը.
Ասոր ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ կ’ընթանայ Նորայր Տատուրեանի յօդուածաշարքը՝ «Բառերու Խորհրդաւոր Աշխարհը», որ կը պեղէ հայերէն բառերուն արմատները, անոնց ծագումը կը ներկայացնէ, այդպիսով հարստացնելով ոչ միայն մեր բառապաշարը, այլ նաեւ զօրացնելով բառերուն մեր հասկացողութիւնն ու անոնց հանդէպ մեր ունեցած սէրը:
Բառակազմութիւնը շատ կարեւոր բաղադրիչ մըն է որեւէ լեզուի համար, մանաւանդ որ ժամանակակից կեանքը իր
գրեթէ ամէն օր յայտնուող նորութիւններով, կը ստիպէ նոր բառերու ստեղծումը:
Վերջերս տակաւին ամերիկաբնակ բարեկամուհիս՝ Անի Աստուրեան, անգլերէն patchwork բառին համար «կը ստեղծէր» երփնակար իրապէ՛ս գեղեցիկ բառը: Եթէ երփնանկար գունաւոր նկար կը նշանակէ, ուրեմն երփնակար
պէտք է տարբեր գոյներով կարուած նշանակէ: Որքա՜ն գեղեցիկ:
Կը յիշեմ զարմանքս եւ ակնածանքս, երբ Աղաթօն գրադարանի գիրքերը դասաւորելու ընթացքին հանդիպեցայ 1800-ականներուն Կ. Պոլսոյ մէջ կամ Մխիթարեան Միաբանութեան հրատարակած դասագիրքերուն, որոնք «Տարերք» ընդհանուր խորագիրը ունին, ուր կան բոլոր գիտութիւններուն գրեթէ բոլոր բառերուն հայերէնները:
Այդ բառերը շատ հաւանաբար եղած են մեր հին գրականութեան, գրաբարին մէջ, բայց դուրս մնացեր են այսօր, պարզ այն պատճառով, որ Սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ մեր եւ մեր զաւակներուն ուսումը ընթացած է տուեալ երկրին լեզուով կամ անգլերէնով, հետեւաբար առիթ չենք ունեցած հանդիպելու անոնց եւ սորվելու այդ բառերը, ինչպէս օրինակ.
«Մակերեւոյթն այն է որ երկայնութիւն եւ լայնութիւն ունի առանց խորութեան»:
«Երբ երկու ուղիղ գիծ՝ Ա Բ եւ Ա Գ իրարու կը դպչին, անոնց հակումը կամ բացուածքը անկիւն կը կոչուի: Իրարու դպած կէտը Ա անկեան գագաթն է. եւ Ա Բ ու Ա Գ գծերը անկեան կողմերն են»:
«Երեք կողմ ունեցող բազմանկիւնը ամէնէն պարզն է եւ եռանկիւն կը կոչուի, չորս կողմ ունեցողը՝ քառանկիւն, հնգակողմեանը՝ հնգանկիւն եւ այլն»:
«Չափաբերութիւն = գրահաշիւ կամ ալճեպրա» եւ այլն:
Մարուշ Երամեան