ԱՄԱՆՈՐ
Ամանոր կը նշանակէ Նոր Տարի։ Բառին ծագումնաբանութիւնը կը բխի բնապաշտական Ամանոր աստուծմէ, որ կը
մարմնաւորէր Նոր Տարին, երկիրին եւ մոլորակներուն շրջագայութիւնը։

Հայոց դիցարանին մէջ Ամանորը պտղաբերութեան եւ բերքը պահպանող աստուածն էր։ Ամանորին եղբայր Վանատուրը հիւրընկալութեան աստուածն էր, ուստի Նոր Տարին նուիրուած էր Ամանորին ու Վանատուրին։
2025-ի Ամանորի Խորհրդանիշը
2025 տարուան խորհրդանիշը Օձն է։ Արեւելեան մշակոյթին մէջ օձը կը համարուի իմաստութեան, դիւանագիտութեան խորհրդանիշը:
2025 տարուան գոյնը կանաչն է, որ կը խորհրդանշէ խաղաղութիւնն ու հանգստութիւնը:
2025-ի Ամանորի տարուան խորհըրդանիշը չի սիրեր քանակի աճը որակին հաշուոյն։ Ան չի սիրեր նաեւ վառ համադրութիւններ, ուստի պէտք է կեդրոնանալ մէկ կամ երկու երանգներու վրայ, պէտք չէ օգտագործել բոլոր գոյները միատեղ:
Կանաչ օձը կը մարմնաւորէ բնութիւնը, ուստի նախապատուութիւնը պէտք է տալ բնութեան նիւթերուն:

Կանաչը եւ ոսկեգոյնը տօնածառի զարդարման հիմնական գոյներն են, որոնց կողքին մետաղի երանգը, պրոնզագոյնը եւ արծաթագոյնը, իսկ վառ գոյներէն՝ կապոյտը:
Կանաչ ու ոսկեգոյն գոյները կապուած են հարստութեան, ներդաշնակութեան եւ բարգաւաճման հետ: Կանաչը կը խորհրդանշէ բնութիւնն ու հանգստութիւնը, իսկ ոսկին յաջողութիւնը եւ հարստութիւնը:
Կասիայի գոյնը եւ պրոնզագոյնը լաւ գոյներ են, զորս օձը կը նախընտրէ: Այս բոլորը կը ստեղծեն ջերմ եւ յարմարաւէտ մթնոլորտ: Տան մէջ նախընտրելի է աւելցնել բնական նիւթերէ պատրաստուած տարրեր՝ փայտեայ զարդեր կամ շագանակագոյն ժապաւէններ:
Կապոյտն ու արծաթագոյնը, կþընդգծեն իմաստութիւնը եւ խելքը, որոնք կը բնորոշեն օձը:
Օձը չինական կենդանակերպի ամէնէն առեղծուածային արարածն է:
Օձի տարիին անհրաժեշտ է ոչ միայն քրտնաջան աշխատիլ, այլեւ լիարժէքօրէն հանգստանայ։ Առանց հանգստանալու չէք կրնար վերականգնել ձեր ուժերը, նոր յաջողութիւններու համար պէտք է լաւ օգտագործել հանգստեան օրերը, ճիշդ ժամանակին արձակուրդի երթալ եւ աշխատանքային օրուան ընթացքին ընդմիջումներ կատարել, այս մէկը շատ կարեւոր է յատկապէս այն անձերուն համար, որոնք հոգ կը տանին իրենց առողջութեան:
Օձերը իրենց յարաբերութիւններուն մէջ ընտրողական են. կը գերադասեն առանձնութիւնը։
***
Խոհագիր
—————
Հրուշակ (Սուրբ Սարգիսի Հալուա)
Բաղադրութիւն

1 ք. շաքար
1 ք. շուշմա
1 ք. ընկոյզ
Քիչ մը կասիա։
Պատրաստութիւն
Շաքարը հալեցնել մարմանդ կրակի վրայ եւ երբեմն վառ առնել կրակէն, որպէսզի չդեղնի։ Այնուհետեւ դգալով մը հալած շաքարը պարպել ափսէի մէջ լեցուած շուշմային վրայ, ապա տաք-տաք բանալ երկայնքին խմոր մը ձեւաւորելով եւ երկար-երկար շերտերու վերածելով կտրտել, շուտով շարել ընկոյզները, վրան ցանել կասիան, փաթթել իւրաքանչիւր շերտ եւ թուղթէ նայլոնի մէջ դասաւորել:
Բարի ախորժակ
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան