Անցումային կառավարութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութիւնը նկատի ունենալով սուրիական վերջին զարգացումներուն հետեւանքով դպրոցներուն կարճ շրջան մը փակ մնալը, եւ ուսումնական ծրագիրի կիրարկման ուշացումը ըստ հաստատուած ժամանակացոյցին,
որոշեց առաջին կիսամեակի քննութիւնները սկսիլ Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2025-ին, իսկ կիսամեայ արձակուրդը սկսիլ Կիրակի, 26 Յունուար 2025-ին։
Երկրորդ կիսամեակը պիտի սկսի Կիրակի, 2 Փետրուար 2025-ին, ապա երկրորդ կիսամեակի անցումային քննութիւնները պիտի սկսին Երեքշաբթի, 20 Մայիս 2025-ին։