Նոր տարուան առաջին օրը՝ Չորեքշաբթի, 1 Յունուար 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան հանդիսապետեց Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։ Օրուան պատարագիչն էր Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան: Ժողովուրդի զաւակները վերանորոգուելու յոյսով աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած։

Նոր տարուան պատգամը ժողովուրդին ուղղեց՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, բնաբան ունենալով օրուան աւետարանական եւ աստուածաշնչական հատուածները (Ղկ 20.41-21.4։ Եբր 12.5-17):
Սրբազան Հայրը փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ տարի մը եւս մեզ կեանք պարգեւելով, առիթ տուաւ Նոր Տարին դիմաւորելու եւ մեր կոչումը իրագործելու։
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ օրուան աւետարանական հատուածը կը բացուի Քրիստոսի աստուածութեան դաւանանքով եւ յայտարարութեամբ, որուն ընդմէջէն կը հրաւիրուինք Նոր Տարին հաւատքի տոկունութեամբ ապրելու, յատկապէս կեդրոնանալով Աստուած-մարդ յարաբերութեան վրայ՝ հաւատարիմ մնալով եւ հաւատք ցուցաբերելով Հօր Աստուծոյ։
Աւետարանական հատուածին առաջին բաժինով աւետարանիչը կու գայ ցոյց տալու, թէ ինչպէ՛ս փարիսեցիներն ու օրէնքի ուսուցիչները կը հպարտանային օրէնքը պահելով եւ տաճար երթալով, այդպիսով Աստուծոյ հաճելի մարդիկ կը համարէին իրենք զիրենք։ Առիթը օգտագործելով, Քրիստոս կը հրաւիրէ մարդը Աստուծոյ կամքը ճանչնալու, որ կարելի կը դառնայ զՔրիստոս ճանչնալով։
Աւետարանական հատուածին ընդմէջէն Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ՝
Ա. Ճշմարիտ հաւատքը վերակենդանացնելու մեր կեանքին մէջ եւ զԱստուած ճանչնալու, որպէսզի մեր քայլերը առաջնորդէ։
Բ. Կեղծաւորութենէ դուրս գալու եւ ներքին խոնարհութեամբ եւ անկեղծութեամբ ապրելու։
Գ. Կատարեալ սէր ունենալու Աստուծոյ եւ մարդոց նկատմամբ, այլ խօսքով մեր սէրը գործնականապէս ցոյց տալու, օգնելով մեր նմանները, օրինակ ունենալով այն այրի կինը, որ իր ամբողջ ունեցածը նետեց տաճարի գանձանակին մէջ։
Սրբազան Հայրը հրաւիրեց հաւատացեալները Նոր Տարին նորոգուած հոգիով ապրելու, զՔրիստոս ունենալով կեանքին կեդրոնը։ Պօղոս առաքեալին յորդորը յիշեցնելով, ան նշեց, թէ երբ Աստուած մեզ կը խրատէ, կը նշանակէ, որ մեզ կը սիրէ, եւ երբ կը պատժէ՝ կը նշանակէ, որ մեզ իբր զաւակ կ՚ընդունի եւ մեր բարիքը կ՚ուզէ։ Հետեւաբար, առաքեալը կը հրաւիրէ մեզ զգաստ եւ արթուն ըլլալու, մեր նմաններուն հետ խաղաղութեամբ եւ սրբութեամբ ապրելու, որպէսզի կարենանք զԱստուած տեսնել եւ Աստուծոյ հետ ապրիլ։ Աւելին, կը հրաւիրէ մեր թուլցած ձեռքերն ու կթոտ ծունկերը զօրացնելու, այլ խօսքով անհոգութենէ եւ ծուլութենէ դուրս գալու եւ չարհամարհելու այն շնորհքները, որոնք Աստուած մեզ կը պարգեւէ, որպէսզի Եսաւին նման չզրկուինք աստուածային օրհնութենէն։

Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց համայն հայութիւնը, յատկապէս Բերիոյ Հայոց Թեմի զաւակները՝ Ամանորի առիթով եւ մաղթեց, որ Ամենակալը ներքին լուսաւորութիւն պարգեւէ անոնց, իր օրհնութեամբ ողողէ եւ աստուածային շնորհքներով լիացնէ իրենց կեանքը։ Ան հրաւիրեց բոլորը, տեղի ունեցող փոփոխութիւններու ժամանակաշրջանին, համբերատար ըլլալու եւ շարունակ Աստուծոյ աղօթելու, որպէսզի իմաստութիւն պարգեւէ երկրի պատասխանատուներուն։

Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ եւ դպրապետ բարշ. բժշկ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի ղեկավարութեամբ, տօնական բնոյթի գեղարուեստական յայտագիր մատուցուեցաւ, եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս։ Ապա, Սրբազան Հայրը, Ազգ. Կրօնական Ժողովի անդամները եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետը՝ ժողովուրդի զաւակներուն շնորհաւորութիւնները ընդունեցին։
Այս առիթով, Տիկնաց յանձնախումբը կոկիկ հիւրասիրութիւն կատարեց ներկաներուն։