ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նոր իշխանութեան ղեկավար Ահմետ աշ-Շարաա հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ շնորհաւորեց բարեկամ Լիբանանի նորընտիր նախագահ Ժոզեֆ Աունը։
Շարաա իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց զօրավար Աունին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր։
Կողմերը շեշտեցին Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ դրական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ զարգացնելու կարեւորութիւնն ու ընդհանրական շահերու պահպանումը։