Սուրիոյ անցումային կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի Ռիատի մէջ Սուրիոյ շուրջ գումարուած ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ նախկին համակարգը վարչական եւ ֆինանսական փտածութեան ծանր ժառանգութիւն եւ հաստատութենական հինցած կառոյցներ թողուց, ինչ որ մեզմէ բացառիկ ջանքեր կը պահանջէ՝ համակողմանի վերակառուցման համար։
Ան աւելցուց, որ առաջնահերթութիւն պիտի նկատուի Սուրիոյ քաղաքացիին իրավիճակը բարելաւող եւ անոր քաղաքացիական իրաւունքները պաշտպանող տեսլականի մը կառուցումը։

Շայպանի յայտնեց, որ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնը հաւատարիմ է մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու գործընթացին՝ արդարութիւն ու հաւասարութիւն ապահովելու Սուրիոյ բոլոր քաղաքացիներուն համար, անկախ անոնց քաղաքական, կրօնական կամ ազգային պատկանելիութենէն:

Ալ-Շայպանի աւելցնելով ըսաւ, որ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը Սուրիոյ ապագայ տեսլականի էական մասն է։ Կը հաւատանք, որ արդար պետութեան կառուցումը միակ ճանապարհն է մնայուն կայունութեան և բարգաւաճման հասնելու համար։ «Սուրիա լիովին կը հաւատայ ազգային գերիշխանութեան սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ երկիրներու միջեւ փոխադարձ յարգանքին, հաստատելով, որ ժողովուրդներու յարաբերութիւնները պէտք է հիմնուած ըլլան համագործակցութեան եւ համատեղ աշխատանքին վրայ», ընդգծեց ան ու եզրափակելով յայտնեց. «Սուրիոյ նոր վարչակազմը կը հաւատայ, որ սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներու լայն մասնակցութիւնը քաղաքական եւ հասարակական կեանքին իւրաքանչիւր սուրիացիի սահմանադրական իրաւունքն է, ուստի կոչ կ՚ուղղենք բոլորին արդիւնաւէտ կերպով մասնակցելու ապագայ Սուրիոյ կառուցման»: