Կիրակի, 12 Յունուար 2025-ին երեկոյեան Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան մեկնեցաւ Հասիչէ, ընկերակցութեամբ Արժն. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեանին եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղականութեան Խորհուրդի ներկայացուցիչ Յարութ Աբրահամեանին, ուր ընդունուեցաւ Հասիչէի թաղական խորհուրդին եւ ՍՕ Խաչի կազմին կողմէ։

Երեկոյեան Յայտնութեան Զ. Օրուան առիթով Ս. Եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։

Հայր սուրբը քարոզի ընթացքին հասիչէցիները շնորհաւորեց Նոր Տարուան, Սուրբծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, մաղթելով որ 2025 տարին բարեբեր տարի մը ըլլայ եւ Քրիստոսի ծնունդով սէր եւ Խաղաղութիւն ծնի բոլոր մարդկութեան սրտին մէջ։ Ապա Հասիչէի հայութեան անունով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Տաղաւար տօներուն ընդ միշտ տնօրինում կատարելով քահանայ հայր մը կ՚ուղարկէ Ճեզիրէ, ժողովուրդին հետ ըլլալու համար։

Այս առիթով Առաջնորդական Փոխանորդը ոխանորդը բարձր գնահատեց Արժն. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեանը իր կատարած ծառայութեան համար։

Պատարագի աւարտին, հանդիսապետութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ժողովուրդը թափօրով ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ սրահ, ուր տեղի ունեցաւ տնօրհնէք Սուրբծննդեան։