Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները Ուաշինկթընի մէջ ստորագրեցին ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւն:
«Կը ստեղծենք ռազմավարական գործընկերութեան յանձնախումբ, ինչ որ կ՛ենթադրէ ընդլայնել փոխադարձ գործակցութիւնը տնտեսական, անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան, ներառականութեան եւ միջանձնային յարաբերութիւններու ոլորտներուն մէջ», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն: