Երեքշաբթի, 14 Յունուար 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի կողմէ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Հալէպի համայնքապետներուն գումարած ժողովին, ասորի ուղղափառ համայնքի Առաջնորդարանէն ներս։ Ժողովին ներկայ գտնուեցաւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Կոնզալո Գաբրիէլ Վարկաս Եոսա։

Համայնքապետները անդրադարձան Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակին։ Անոնք երկրի կայունութեան նպաստող տեսակէտներ արտայայտեցին։
Գլխաւոր յանձնակատարը խօսելով գաղթականներու հարցին մասին, դիտել տուաւ, որ երկրէն գաղթած զաւակները կրնան իրենց ազատ կամքով վերադառնալ Սուրիա։