Քաթարի վարչապետ Շէյխ Մուհամմետ պըն Ապտուլ Ռահման պըն Ճասէմ ալ- Տանի պաշտօնապէս յայտարարեց Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի կնքման մասին, որ կը կիրարկուի 19 Յունուարէն սկսեալ։

Ան յայտնեց, որ հրադադարի համաձայնագիրի առաջին փուլը կը տեւէ 42 օր, որուն ընթացքին կ՚որոշուին յաջորդ փուլի պայմանները։

Reuters յայտնած է, որ «Հրադադարի երկրորդ փուլի իրականացման շուրջ բանակցութիւնները կը սկսին առաջին փուլի 16-րդ օրը և կը ներառեն բոլոր պատանդներու ազատ արձակումը, մշտական հրադադարի հասնիլը եւ Կազզայէն իսրայէլեան զօրքերուն ամբողջական դուրսբերումը:

Երրորդ փուլի շրջագիծին մէջ կ՚ակնկալուի, որ վերադարձուին զոհերու մնացած բոլոր մարմինները և սկսի Կազզայի հատուածի վերականգնումը Եգիպտոսի, Քատարի և ՄԱԿ-ի հսկողութեան ներքոյ»: