Ի՞նչ է արուեստին դերը, մանաւանդ հիմա, որ արուեստն ալ դարձեր է շուկայական իր, առուտուր, մեծ շահերու միջոց: Փաստ՝ տակաւին վերջերս չեմ գիտեր քանի միլիոնի ծախուած է «պատին փակցուած պանան»-ը:
Այս օրերուն, երբ պատերազմները կը շրջապատեն մեզ, իսկ բնութեան աղէտները կարծես ցոյց կու տան մեր ապիկարութիւնը բնութեան հետ վարուելու, ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ արուեստի մասին:
Նոյն այս օրերուն, երբ թուայնացումի բազմաթիւ միջոցները հաճոյք եւ զբաղում կը հայթայթեն մարդոց, ո՞վ կը մտածէ արուեստի մասին: Եւ անշուշտ պէ՛տք է տարբերել արուեստ կիրարկելն ու արուեստի գործեր վայելելը, որոնք ամբողջովին երկու տարբեր վարժանքներ են:
Եթէ նկատի առնենք, որ վաղ մշակոյթներէն մեզի մնացած են աւելի շատ արուեստ, քան գրականութիւն, կրնանք եզրակացնել, թէ արուեստները աւելի կարեւոր տեղ գրաւած են մարդկային կեանքէն ներս:
Թէ ինչո՞ւ այրաբնակ մեր նախնիները ուզած են անպայմա՛ն իրենց կեանքը նկարագրող ժայռապատկերներ ձգել. իրենց գոյութի՞ւնը հաստատելու, թէ՞ արուեստի կարեւորութեան գիտակցութեան շատ նախնական զգայարանքով: Այս առումով քիչ գրուած է Հայաստանի Ուղտասարի եւ Ջերմաջուրի ժայռապատկերներուն մասին, որոնք ոչ միայն շատ հետաքրքրական են, մեր վաղ գոյութիւնը կը հաստատեն, այլ նաեւ ՇԱՏ գեղեցիկ են:
Ռեպեքա Ուէսթ գրած է.
«Արուեստը խաղ չէ, այլ՝ անհրաժեշտութիւն, իսկ անոր էութիւնը՝ ձեւը, տեքորաթիւ յարմարեցում չէ, այլ գաւաթ մը, որուն մէջ կարելի է կեանքը լեցնել եւ համտեսել»:
Իսկ նոպէլեան մրցանակակիր Թոնի Մորիսըն կ’ըսէ՝ «Արուեստը յիշեցում է, թէ մեր տեղը հո՛ս, երկրի վրայ է»:
Հետաքրքրական դիտարկումներ են ասոնք:
Բայց երբ կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, ուր պատերազմները, քաղաքացիական կռիւներն ու բնութեան աղէտները «սովորական» դարձեր են, իսկ մարդիկ իրենց առօրեան ապրելու _ դեռ չենք ըսեր՝ արժանապատիւ կերպով ապրելու _ պարտադրանքին տակ են, արուեստը, անոր դերն ու տեղը ոչ միայն հարցական կը դառնան, այլ նաեւ կիրարկուելու միջոց չեն ունենար:
Կեանքը սակայն այլ բան կը հաստատէ. համաշխարհային երկու պատերազմներուն միջեւ ծաղկած արուեստն ու գրականութիւնը այլ բան կ’ըսեն. Սովետական բռնատիրութեան տակ բուռն կերպով ծաղկած գրականութիւնը այլ իրողութիւն կը հաստատէ:
Գրագիտուհի մը, որ նաեւ զաւակներու մայր է, կը պատմէր իր առօրեայ փորձառութեան մասին եւ կ’ըսէր.
«Երկու զաւակներս ամբողջ ժամերս կը խլէին: Օր մըն ալ անդրադարձայ, որ մեծցեր են՝ վեց եւ երեք տարեկան եղեր են, բայց ես ոչինչ կը յիշեմ այդ տարիներէն: Սկսայ ամէն օրուան վերջաւորութեան, օրը յատկանշող փոքրիկ հատուած մը գրել: Այդ գրութիւններուն ամբողջութիւնն էր որ աւելի ուշ գիրքի վերածուեցաւ»:
Ի՞նչ միջոցներ կարելի է օգտագործել արտայայտելու համար մեր անկարողութիւնը դէպքերու առջեւ, որոնք մեր հասողութենէն վեր են, զորս փոխելու ո՛չ ձեւը ունինք, ո՛չ միջոցը, եւ որոնք ծայրայեղօրէն կ’ազդեն մեր վրայ, փոխելով մեր կեանքին հունը, հովին տալով ոչ միայն մեր առօրեան, այլ յաճախ նաեւ մեր համոզումները:
Ի՞նչ միջոց նման ծանր կացութիւն դիմագրաւելու եւ կեանքի փոթորիկներուն մէջ հաւասարակշռութիւն պահելու, եթէ ոչ արուեստն ու գրականութիւնը:
Նման օրինակներ են պատերազմներու մասնակցած զինուորներու օրագրութիւնները, որուն ամէնէն վերջին օրինակները եկան Արցախի պատերազմէն (Շանթ Նաւոյեան, «Չիմացողը չգիտի, իմացողը չի ասում»):
Կարդալով նման գրութիւններ, որոնց անկեղծ եւ խիտ ապրումը զիրենք կը բարձրացնէ արուեստի, մենք ալ, ծանր պայմաններու մէջ ապրողներս, կը սկսինք հաւատալ, թէ որպէս մարդ կարելի՛ է շրջանցել ծանր փորձութիւնները, պահել մարդկայնութիւնը, եւ ապրիլ: Այլ խօսքով՝ յուսալ, բան մը որ կրնայ շատ դժուար ըլլալ արտահերթ պայմաններու մէջ:
Արուեստը պատերազմի եւ քաղաքացիական փոթորիկներու մէջ նաեւ գաղափարներ փոխանցելու միջոց է. այդ չէ՞ պատճառը, որ կը ճնշուի, կամ կը չէզոքացուի, որովհետեւ վախ կը պատճառէ բռնակալներուն:
Շատ մեծ է արուեստին ազդեցութիւնը ստեղծողին եւ զայն վայելողին վրայ հաւասարապէս: Ստեղծողին համար ան միջոցն է իր ներքին փոթորիկները արտահանելու, իսկ ակնդիրին կամ ընթերցողին համար մխիթարութիւն է իր ապրումները գեղեցկօրէն արտայայտուած տեսնել:
Իսկ ազգի մը համար, իր արուեստին հնագոյն նմոյշները կը պահեն պատմութիւնը եւ ամէնէն հաճելի միջոցներով կը փոխանցեն զայն այսօրուան մարդուն: Նման գեղեցիկ օրինակներ են Հայաստանի Ուղտասարի եւ Ջերմաջուրի ժայռապատկերները:
Հետաքրքրական է իմանալ, որ արուեստին ազդեցութիւնը մարդկային ուղեղին վրայ շատ աւելին է, քան … հաճոյքը:
Կեանքը, մանաւանդ անոր փորձառութիւնը, շօշափելի դառնալ կը պահանջեն. տառապանքը ցաւ է, ցաւը վերացական է, մինչ ցաւը պատկերող նկարը շօշափելի է, կ’օգնէ որ դիտողը զգայ, թէ արուեստագէտը ի՛ր ապրումն է որ նկարի վերածեր է, հետեւաբար ինք մինակ չէ իր ցաւին մէջ … Արուեստը մարդէ մարդ գացող այդ կապն է, որ խորապէս էական է կեանքին համար:
Մարուշ Երամեան