Ամերիկա ապրող ընկերուհի մը, ուսումնասիրութեան մը համար, կը խնդրէ աշակերտներէս աննկատ արձանագրել անոնց անմիջական մէկ զրոյցը։ Յարմար պահ մը կ’որսամ, կը կատարեմ խնդրանքը եւ կ’ուղարկեմ։ Կ’ուրախանայ եւ կը խոստովանի, թէ աշակերտներուն անմիջական զրոյցը ճիշդ ու ճիշդ իր ուզածն էր եւ լաւագոյնս պիտի վկայակոչէր այն՝ ինչի մասին, որ պէտք է ներկայացնէր իր ուսումնասիրութեան մէջ։
Այդ ձայնագրութեան ունկընդրումը, սակայն, տեսակ մը անհանգստութիւն կը պատճառէ ինծի եւ կը խռովէ հոգիս։ Ցաւ ի սիրտ, այդօրինակ աղաւաղուած հայերէնի ականջալուր կ’ըլլանք դպրոցին մէջ, փողոցը, ակումբը եւ ամէնուրեք։ Այդ զրոյցներուն նիւթը լուրջ գիտական կամ քաղաքական հարցերը չեն անշուշտ, որոնց համար գուցէ փորձէինք արդարացնել արաբերէն կամ ընդհանրապէս օտար բառերու օգտագործումը, ո՜չ, ընդամէնը առօրեայ թեմաներ են, բայց եւ այնպէս, բառերուն կարեւոր մէկ մասը արաբերէն է։
Դպրոցի միջանցքներէն անցած ժամանակս ինքզինքս ոստիկանական վէպի մը հարցաքննիչը կը զգամ։ Կը քալեմ եւ զուգահեռաբար ականջիս այնքան խորթ հնչող սխալ հոլովումներն ու խոնարհումները կը սրբագրեմ անընդմէջ։
_Երէկ ո՞ւր, ի՞նչ պայթաւ չգիտցանք։
_Տղաս, պայթաւ կ’ըսե՞ն։
_Պայթեցաւ, օրիո՛րդ։
_Աղբարիս քովս պիտի…։
Յանդիմանական հայեացքս   կը նշմարեն ու սխալը անմիջապէս կը սրբագրեն.
_«Եղբօրս»։
Իւրաքանչիւր անգամ, որ կը դիմեմ աշակերտներուն եւ իրապէս կ’ուզեմ ըմբռնել, թէ ինչ բանը կը մղէ ճիշդը գիտցող
մարդուն սխալը շարունակել՝ պատասխանը նոյնն է.
_Օրիո՛րդ, աւելի դիւրին է։
Իւրաքանչիւր անգամ, որ աշակերտներուս բերնէն արաբերէն բառերով շաղախուած հայերէն մը կը լսեմ, սրտիս խորերէն կը ցաւիմ, կը տագնապիմ եւ ակամայ կ’ուզեմ հասկնալ, թէ  ինչո՛ւ համար հայերէնը այս աստիճան աղաւաղուեցաւ ու հասաւ հոն, ուր Դիոգենէսի օրը ցերեկով լապտերով մարդ փնտռելուն պէս, մենք ալ մոմը ձեռքերնիս երիտասարդութեան մէջ մաքուր հայերէն խօսող կ’ուզենք գտնել, կամ համացանցի վրայ հայատառ գրողներ։
Այս պահուս, մեծագոյն թիւրիմացութիւն կը սեպեմ սոյն երեւոյթին ամբողջ պատասխանատուութիւնը բարձել անտարբերութեամբ մեղադրուող աշակերտութեան վտիտ ուսերուն։ Բոլորս, առանց բացառութեան, աւելի դիւրին կը սեպենք մեղադրանքի սլաքը ուղղել դէպի նոր սերունդը, զանոնք մեղադրելով, առաջին հերթին, մայրենի լեզուի նկատմամբ իրենց ցուցաբերած անտարբերութեամբ։
Սփիւռքահայուն բախտը խարանուած է բազում մարտահրաւէրներով։ Մեր առօրեայ պայքարը երկճիւղուած է, որովհետեւ պարտաւոր ենք դառնալ ե՛ւ լիարժէք քաղաքացի, ե՛ւ ջանք ու ճիգ չխնայել յանուն մեր ազգային ինքնութեան, որուն կարեւոր գրաւականը մայրենի լեզուն է։
Յաջորդաբար փորձենք դիտարկել բոլոր այն դրդապատճառները, որոնք ժամանակի ընթացքին կամայ թէ ակամայ իրենց նշանակալի դերը խաղցան հայերէն լեզուի աղաւաղման մէջ եւ սոսկ քննադատող ու մեղադրող չհամարուելու համար նաեւ հանդէս գանք  առաջարկներով։
Իւրաքանչիւր ժողովուրդի ազգային լեզուն կոչուած է՝ «մայրենի լեզու», որովհետեւ երեխայի լեզուամտածողութեան ու բառապաշարի զարգացման սկզբնական աղբիւրը իր ծնողներն են եւ անմիջական ընտանիքը։
Մեր համայնքին մէջ նոր հասակ առնող երեխային հիմնական միջավայրը կը դառնան տունը, դպրոցը եւ ակումբը։ Կը թուի, թէ դպրոցին առաքելութիւնն է յղկել բոլոր խոտոր երեւոյթները, այդ կարգին նաեւ բիւրեղացնել հայերէն լեզուի իմացութիւնը։ Սակայն հայերէն լեզուի ուսուցիչը որքանո՞վ կրնայ տաշել երեխային կազմաւորման տարիքին արդէն իսկ արմատ նետած սխալ խօսելաոճը։ Վերջին հաշուով երեխաներուն գիտելիքներ ձեռք բերելու լաւագոյն միջոցը լսողական յիշողութիւնն է։ Այս տեսակէտին որպէս փաստարկում խօսքս ընդմիջեմ ինծի հետ պատահած հիւմորային դրուագով մը։
Անգամ մը, անձնական դասի մը ընթացքին, աշակերտուհիիս մայրը մտաւ այն սենեակը, ուր աղջկան հետ դաս կը սերտէինք եւ խօսքը ինծի ուղղելով ըսաւ.
_Աման օրիո՛րդ, ըսեմ, որ աղջիկս քեզի պէս «ղըրպալէ» անցած հայերէն սկսեր է  խօսիլ։
Այս դրուագը կը վկայէ մէկ բան, այն, որ աշակերտները դպրոցին մէջ, ակումբը կամ մեծերու հետ շփումներու ընթացքին, ճիշդը լսելով կրնան սրբագրել իրենց սխալները եւ հարստացնել հայերէնի բառապաշարը։ Բայց, եկուր տես որ, բացի հայերէն լեզուի ուսուցիչէն, վարժարանի մը հայ պաշտօնեաներուն կամ միութեան ղեկավարներուն մեծ տոկոսը աղաւաղուած հայերէն կը խօսի։
Անգամ մը, երբ ուսուցչուհիներով նստած լեզուի իրավիճակի գնահատում մը կ’ընէինք, հիւմորի տէր հայերէն լեզուի ուսուցչուհի մը իրավիճակը այսպէս ներկայացուց.
_փախչեցաւ չէ փախաւը, նըստեցաւ չէ նստաւը, սկսեցաւ չէ սկսաւը սրբագրելու համար միւս բայերուն խոնարհումը կորսնցուցինք։ Այս անգամ աշակերտները սկսան պայթաւ, պառկաւ, ելամ, իջնամին սխալ խոնարհումները գործածել։
Վերլուծական միտք հարկաւոր չէ հասկնալու եւ ըմբռնելու համար այն բոլոր հանգամանքները, որոնք ողջ սփիւռքի տարածքին կը վտանգեն արեւմտահայերէնը։ Հարիւր եւ աւելի երկար տարիներ օտարի հողին վրայ ապրիլը պարզ է, թէ իր աւերիչ ազդեցութիւնը պիտի ունենար մեր մայրենի լեզուին վրայ։ Եթէ տասներորդ դարուն, երբ արաբները հարիւր յիսուն տարի իշխեցին մեր երկրին վրայ եւ մեր լեզուին մէջ ներթափանցեցին շատ մը արաբերէն բառեր, ինչ խօսք կը մնայ ըսել այս դարուն մասին, երբ սփիւռքացած ենք ու կը գոյատեւենք արաբական հողի վրայ։
Մեծ Եղեռնին հետեւանքով տեղահան եղած Կիլիկիոյ հայութիւնը թրքախօս էր։ Գաղթականներու առաջին այդ սերունդը ապրեցաւ հիւղաւաններու մէջ, բայց եւ այնպէս առաջին հերթին կառուցեց եկեղեցի եւ դպրոց։ Կիսագրագէտ, տուն, հայրենիք կորսնցուցած այդ մարդիկը հասկցան, որ իրենց ազգային ինքնութիւնը կանգնած է ձուլման վտանգին դիմաց եւ պայքարելու միակ միջոցը լեզուն է անվարան։ Եւ ահա, հայ մարդը, որ մինչ այդ կ’ապրէր թիթեղեայ տուներու մէջ, կառուցեց իր ինքնութեան դարբնոցը՝ դպրոցը։ Համեստագոյն պայմաններով այդ հայկական վարժարաններուն առաջին ուսուցիչները եղան երկրէն եկած մտաւորականները, որոնք դարձան ազգային ինքնութիւն կռողները։
Այդ ժամանակներու հայ մանուկը ոչ միայն գիտակ դարձաւ իր մայրենիին, այլեւ գիտական բոլոր նիւթերը սերտեց հայերէնով։ Կարեւորագոյն մատնանշում կը համարենք այս հանգամանքը, որովհետեւ ատոր շնորհիւ է, որ ի յայտ եկաւ սերունդ մը, որ տիրապետեց իր մայրենիին եւ հակառակ բարձրագոյն կրթութիւն չունենալուն, դարձաւ ջահակիրը առաջին սերունդի հայոց լեզուի ուսուցիչներուն։
Յետադարձ ակնարկ մը մեզմէ տասնեակ տարիներ առաջ գաղութի որեւէ մշակութային, հայրենակցական կամ մարզական միութեան, դպրոցներու հոգաբարձութիւններու ժողովներու ատենագրութեան տետրակներուն, մեր դիմաց պիտի պարզէ հպարտութիւն առթող երեւոյթ մը։ Միայն հպանցիկ ակնարկ մը այդ ժամանակներու ատենագրութեան տետրակի մը եւ կարելի է զմայլիլ ի տես մարգարտաշար, գեղեցիկ ձեռագիրի, անթերի ուղղագրութեան  կամ շարահիւսութեան։ Փաստօրէն, ինչպէս նշեցինք, այդ ատենագրութեան տետրակներուն հեղինակներն ու երկրէն եկած ուսուցիչներուն յաջորդող սերունդը, բոլորն ալ հայկական վարժարանէ շըրջանաւարտ մեր գաղութին զաւակներն էին, որոնք լաւագոյն պարագային հասած էին մինչեւ ԺԲ դասարան։
Հայերէն լեզուի այս ծաղկուն վիճակը խաթարուեցաւ 1950-ական թուականներէն սկսեալ, երբ Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան որոշումով սահմանափակուեցան հայերէնի դասապահերը, արգիլուեցաւ հայոց պատմութեան դասաւանդումը եւ պարտադրուեցաւ պետական ծրագիրը։ Հայերէնով դասապահերուն նուազեցումը, բնականաբար, իր բացասական ներգործութիւնը պիտի ունենար։
Ցեղասպանութեան առաջին սերունդի հայ մարդը, ֆիզիքապէս ապրեցաւ Սուրիոյ մէջ, բայց հոգիով եւ իր ամբողջ էութեամբ մնաց «էրկիր»։ Անոնցմէ շատեր հեռացան այս աշխարհէն, արաբերէն բառ մը իսկ չսորվելով։ Ժամանակի ընթացքին աշխատասէր հայ մարդը շուտով իր վրայէն թօթափեց գաղթականի պիտակը։ Ժամանակի հոլովոյթին հետ հայը դարձաւ այս երկրին լիարժէք քաղաքացին ու հետզհետէ խրուեցաւ երկրի ներքին կեանքին մէջ՝ իր ձեռներէցութիւնը դրսեւորելով բոլոր բնագաւառներէն ներս։ Հանգամանք մը, որ իր աւերիչ դերը ունեցաւ լեզուի խաթարման մէջ։
Որքան կեանքը ընթացաւ իր զարգացման հունով, այնքան նորելուկ սերունդին առօրեայ խօսակցութեան մէջ թափանցեց արաբերէնը ու այսպէս հետզհետէ ծայր առաւ հայերէնի շարահիւսութեան խառնաշփոթ մը։ Արաբերէնի ազդեցութիւնը ի յայտ եկաւ ոչ միայն բառապաշարի, այլ նաեւ առոգանութեան եւ լեզուամտածողութեան մէջ։ Այսօր որքան ընդհանրացած երեւոյթ դարձած է օտարաբանութիւնը։ Այսինքն հայերէնով միտքը արտայայտել արաբերէնէ թարգմանելով, փաստօրէն՝ առաւելաբար արաբերէն մտածելով։
Այստեղ կարելի է պարզել հետաքրքրական զուգորդութիւն մը։ Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած հայ մարդուն դիմաց անշուշտ ծառացած էին բազում մարտահրաւէրներ, բայց եւ այնպէս, ի հեճուկս այդ բոլոր խոչընդոտներուն, ան կրցաւ հաւասարապէս յաջողութեամբ պսակել նաեւ յանուն ինքնութեան պայքարը։ Ժամանակ մը ետք երբ հայութիւնը, տակաւ առ տակաւ, կրցաւ ապահովել բարեկեցիկ կեանք մը, կ’ենթադրուէր, թէ պէտք է թիրախը մնար մայրենի լեզուին պահպանումը եւ այդ ուղղութեամբ նոր ռազմավարութիւն որդեգրուէր։ Հակառակ այն փաստին, որ  հայախօսութեան առումով տակաւին Լիբանանն ու Սուրիան աւելի լաւատեսական պատկեր մը կը պարզեն, բայց այդ չի նշանակեր, թէ անտեսելու է հայերէնին վիճակը, որ ահազանգող է։
Չափազանցած չեմ ըլլար եթէ յայտնեմ, թէ հրճուանք կ’ապրիմ, երբ աշակերտ մը «քրոջս» կ’ըսէ եւ ոչ՝ «քոյրիս», «մօրս» կ’ըսէ եւ ոչ՝ «մայրիս»։ Ի հակադրութիւն այս պատկերին, աչքերս ճակտիս հասնելու չափ կը զարմանամ, երբ հանդիպիմ երիտասարդներու, որոնք վրէժ լուծել, քաջալերել, թուաբանութիւն եւ նման այլ հայերէն բառերը բառարանային համարելով կը նախընտրեն անոնց արաբերէնները գործածել։
Այստեղ կայ նաեւ այլ իրողութիւն մը, որ ընկերային ախտ դարձած է։ Երիտասարդութեան մէջ երեւոյթ դարձած է ծաղրել գիրք կարդացողները, զարգացածներն ու մաքուր հայերէն խօսողները։ Շատ մը պատանիներ, ձգտում ունենալով հանդերձ, կը վախնան իրենց ընկերներուն կողմէ ծաղրի առարկայ դառնալէ։ Հոսանքին դէմ երթալը կամքի ուժ կը պահանջէ։ Միթէ՞ այդ պատանիներուն ուժը կը բաւէ միայնակ պայքարելու նման յոռի երեւոյթներու դէմ։ Ուստի, այստեղ մեծ պէտք է ըլլայ մեր ղեկավարներուն դերը, որոնք պարտ են միջոցներ գտնել եւ քաջալերել իրենց մէջ այդ ձըգտումին ծիլը կրող պատանիները։
(շար. 1)
Երան Զէյթունցեան