ՅԵՏ 29 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2024-ԻՆ
37 օր Հալէպի դատարանները փակ մնացին։
Ինչպէս երկրի համարեա՛ բոլոր ոլորտներուն մէջ, նոյնպէս դատական բնագաւառին մէջ անորոշութիւնն էր կացութեան ղեկավարը։ Տարբեր ցամաքամասերէ սուրիացիներ կապեր կը հաստատէին իմանալու համար իրավիճակը։ Մարդիկ իրաւացի էին իրենց մտահոգութիւններուն մէջ, անոնք կալուածային թէ այլ ինչքերու իրաւասութիւններու տիրացման խնդիրներ ունէին, հետեւաբար արդարացի էր անոնց մտատանջութիւնը։
Հիմնական խնդիրը կիրառուելիք օրէնքներու հարցն էր։ Պիտի փոխուէի՞ն օրէնքները. եթէ՝ այո՛, ապա ինչ տեսակի օրէնքներ պիտի գործադրուէին, կրնա՞յ ըլլալ, որ կրօնական օրէնսդրութիւնը իշխէր դատական համակարգին վրայ։ Սեպենք թէ այդպէս է, ի՞նչ բնոյթ ունին այդ կանոնները, ձեռնտո՞ւ են երկրի տարբեր բաղադրիչներուն համար, կարելի՞ է սկսած դատական ընթացքը շարունակել թէ զերոյէն պիտի սկսիլ, եւ այլն եւ այլն։
Բնականաբար տեղի ունեցած յեղափոխութեան եւ իշխող վարչակարգի տապալման պայմաններուն մէջ դատական համակարգը պիտի կասեցնէր իր գործունէութիւնը անյայտ ժամկէտով, այսուհանդերձ յար եւ նման երկրի տարբեր կառոյցներու աշխատանքներու անյապաղ վերսկսման, ի մասնաւորի կրթական համակարգին, որ շատ արագ վերադարձաւ իր բնականոն հունին, թէ դպրոցներու, թէ համալսարաններու մակարդակին, այդպէս ալ դատական կառոյցներու վերաբացումը չուշացաւ։
Այդ հանգրուանային եղաւ, առաջին քայլով արդէն իսկ յարուցուած դատերու դատանիստերու նոր թուականներ ճշդուեցան, երկրորդ քայլով արտօնուեցաւ նոր դատահայցերու ներկայացումը։ Սակայն որովհետեւ համարեա՛ բոլոր դատական թղթածրարներու պատրաստութեան մէջ անհատական յայտերու, տոմարներու, կալուածային յայտերու կամ ելեւմտային տնօրէնութեան ստացագրերու անհրաժեշտ կարիք կար, դատահայցերու ներկայացման աշխատանքը ցարդ ընթացք չկրցաւ առնել, որովհետեւ նշեալ փաստաթուղթեր տրամադրող պետական կառոյցները տակաւին չվերաբացուեցան։
Ինչ կը վերաբերի օրէնքներուն ու կանոններուն, անցումային շրջանի Արդարադատութեան Նախարարութիւնը հաստատեց, որ աշխատանքը կը շարունակուի արդէն իսկ գործող օրէնքներով ու կանոններով։
Նոյնն է պարագան համայնքներու հոգեւոր դատարաններուն (Առաքելական, Կաթողիկէ, Աւետարանական), ուր ժառանգի ճշդման վաւերաթուղթի, ապահարզանի կամ այլ դատական գործառքներու նոր դիմումներ կատարելը կարելի է սկսիլ անհատական տոմարական տնօրինութեան աշխատանքի վերադառնալէ ետք։
Իսկ ինչ կ’առնչուի քաղաքային թէ քրէական անհատական դատերուն, բոլորը պիտի շարունակուին եւ յեղափոխականներուն կողմէ բանտերու դատարկումի գործողութեան պատճառով ազատ արձակուած յանցագործները վերստին պիտի ձերբակալուին։
Փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան
***
«Գանձասար»-ի այս սիւնակը կը միտի իրազեկ դարձնել հասարակութիւնը զինք հետաքրքրող սուրիական օրէնքներուն։ Առ այդ, պատրաստակամ ենք ընդունելու օրէնքներու վերաբերող ձեր լուսաբանական հարցումները եւ թերթին ճամբով պատասխանելու անոնց։
Ձեր հարցումները կրնաք ուղարկել հետեւեալ ելեկտրոնային հասցէին (E-mail) mariavaroujankaprielian@hotmail.com։
Մեր իրաւունքները պաշտպանուած են օրէնքներով՝ իմանանք եւ պաշտպանուինք։
«Գանձասար»