ԻՆՉՊԷ՞Ս ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Այս օրերուն մեր պատանիներն ու պարմանուհիները քննութիւններու ճնշումային իրավիճակի մէջ են:
Ուստի ծնողները, դաստիարակները եւ ուսուցիչները գէթ մասամբ մանկավարժական կարգ մը մօտեցումներուն իրազեկ դարձնելու համար կը ներկայացնենք տարբեր հոգեբաններու կարծիքները ամփոփող խորհուրդներ.
Ինչպէ՞ս նախապատրաստել մեր զաւակները քննութիւններու:
-Ընտրել համապատասխան սենեակ:

Դաս սորվելու համար աւելի յարմար է լուսաւոր, մաքուր եւ հանգիստ սենեակ մը յատկացնեք, աւելի լաւ կ’ըլլայ եթէ այդ սենեակը օժտուած ըլլայ գրադարանով:
-Սենեակի լուսաւորումը:
Մութ սենեակի մէջ սորվիլը կը վնասէ ձեր զաւկին աչքերուն եւ վատ մթնոլորտ կը ստեղծէ։ Հարկ է նաեւ առաւօտեան սենեակը լուսաւորել արեւի լոյսով՝ վարագոյրները եւ դռները բանալով:
-Պատկերասփիւռը անջատել:
Շատ մը պատանիներ կը նախընտրեն պատկերասփիւռը միացած պահել դասի ընթացքին, ինչ որ կրնայ խանգարիչ ազդեցութիւն ունենալու:
Եթէ լռութիւնը ձեր զաւկին անհանգիստ կ’ընէ, կրնաք պահ մը միացնել պատկերասփիւռը, ետքը անջատել երբ անոնք արդէն կը խորանան դասին մէջ: Եթէ պատկերասփիւռը երկար ատեն բաց պահէք, ձեր զաւկին կեդրոնացումը կը շեղի:
-Որոշել՝ արդեօ՞ք պէտք է երաժշտութիւն լսել:
Ըստ հոգեբաններու կարծիքին, երաժշտութեան ազդեցութիւնը կը տաբերի անձէ անձ։ Իւրաքանչիւր անձ պէտք է ընտրէ իրեն համապատասխան երաժշտութիւնը եւ ինք գիտակցի, թէ ան կը խանգարէ՞ իր ընթացքը, թէ՝ ոչ, նոյնպէս ծնողքը պէտք է գիտակցի, որ երաժշտութեան ազդեցութիւնը իր զաւկին հոգեվիճակին վրայ լա՞ւ թէ վատ անդրադարձ կ’ունենայ:
-Հանգիստ քնանալ:

Շատեր կը կարծեն որ գիշերը աւելի յարմար է քննութիւն պատրաստելու համար, սակայն ըստ հոգեբաններու այս կարծիքը սխալ է: Յատկապէս քննութիւններու հետեւանքով ստեղծուած ծանրաբեռնուած շրջանի մը մէջ, պէտք է քնանալ նուազագոյնը 8 ժամ:
– Թոյլ մի՛ տաք սորվիլ վերջին վայրկեանին:
Կարգ մը ուսանողներ կը կարծեն, որ ամբողջ տարուան ծրագիրը կրնան սորվիլ քանի մը գիշերուան մէջ: Այս կարծիքը արդիւնաւէտ չէ: Քննութեան կանուխ պէտք է պատրաստուիլ, կրնաք ձեր զաւակները ուղղել, որ սկսին փոքր քայլերով եւ անընդհատ նշումներ կատարելով թուղթերու վրայ: Ծնողներ պէտք է յորդորեն, որ իրենց զաւակները դասերը նախօրօք պատրաստեն:
-Ընտրել յարմար ձեւ:
Գտնել որոշ կապ մը ձեր զաւկին նախասիրած մարզանքին եւ դասին միջեւ: Եթէ ձեր զաւկին սիրած մարզանքը ֆութպոլն է, ընտրել կապ մը անոր եւ դասին միջեւ, այս ձեւը արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ։
– Քաջալերել զաւակը՝ որ օգնութիւն խնդրէ:
Եթէ ձեր զաւակը լաւ չէ հասկցած դասը, քաջալերեցէ՛ք զինք, որ ձեր օգնութեան դիմէ, առանց վարանելու:
-Չկեդրոնանալ գնահատանիշին վրայ։
Ձեր զաւակները հոգեպէս պատրաստեցէ՛ք նախքան քննութիւնը։ Անոնք պէտք է ըմբռնեն, որ կը սորվին ո՛չ թէ միայն բարձր գնահատանիշ ապահովելու, կամ բացառիկ արդիւնքի հասնելու, այլ՝ դասանիւթը հասկնալու, ըմբռնելու, զարգանալու համար։ Ուսման նպատակը վերջապէս գիտելիքով հարստացնելն ու մտածել սորվեցնելն է, ոչ թէ գիտելիք կուտակելը պատանիին ուղեղին մէջ՝ առանց զարգացնելու զինք մտքով ու տրամաբանութեամբ։ Պէտք է համոզել մեր զաւակները, որ քննութեան արդիւնքը կրնայ դրական կամ ժխտական ըլլալ, եւ ասիկա բնական երեւոյթ է, այպանելի բան չկայ քանի մը նիշ կորսնցնելու պարագային։ Այս տրամաբանութիւնը ձեր զաւակներուն մէջ զարգացնելը շատ կարեւոր է, որպէսզի կարենաք առնել որեւէ հոգեկան տագնապի կամ անհանգստութեան:
-Գնահատել ուսուցիչները:
Բացատրել ձեր զաւակներուն, որ ուսուցիչները կը ջանան իրենց լաւագոյնը տալ, ուստի պէտք է գնահատել անոնց աշխատանքը եւ որեւէ հարցում ունենալու պարագային առանց վարանելու դիմել ուսուցիչին:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան