ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ Պասքեթի Անցումային Դաշնութիւնը անցեալ շաբթուան ընթացքին տղոց հաւաքականի մարզիչ նշանակեց Հէյսամ Ժմայէլը, իսկ օգնականներ՝ Ապուտ Շաքուրն ու Աշրաֆ Տաքազալին: Անոնք առաջին օրէն իսկ ընտրեցին 15 խաղացողէ բաղկացած կազմ  մը, որ մօտ օրէն Դամասկոսի մէջ պիտի կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը:
-Սուրիոյ Մարզական Գերագոյն Դաշնութիւնը վերակազմեց Հալէպի Մարզական Կոմիտէն, ինչպէս նաեւ կարգ մը մարզաձեւերու դաշնութիւնները:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՄԱՆՈՒԷԼ ՆՈՅԵՐ ՆՈՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՍՏՈՐԱԳՐԷ
Գերմանիոյ Պայերն Միւնեխի  դարպասապահ Մանուէլ Նոյեր հաստատեց, որ պիտի  երկարաձգէ գործակցութիւնը գերմանական ակումբին հետ: «Շուտով նոր պայմանագրութիւն պիտի ստորագրեմ Պաւարիոյ հետ»,  38-ամեայ գերմանացի ֆութպոլիստին այս խօսքը մեջբերեց Sport1-ը։ Ըստ տեղեկութիւններու, պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ Յունիս 2026։ Մանուէլ Նոյերի գործող պայմանագրութիւնը պիտի աւարտի այս տարուան Յունիսին: Մանուէլ Նոյեր խումբին հետ տիրացած է Գերմանիոյ 11 ախոյեանութեան,  հինգ բաժակի, իսկ Չեմփիընզ Լիկի  հետ երկու բաժակի։ Ան Գերմանիոյ հաւաքականին հետ դարձած է 2014-ի  աշխարհի ախոյեան:
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՍՊԱՆԻՈՅ ՍՈՒՓԸՐ ԲԱԺԱԿԻՆ ՏԻՐԱՑԱՒ
Կիրակի օր, Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սպանիոյ Սուփըր գաւաթի աւարտական Քլասիքոյի մրցումը, ուր Պարսելոնան 5 – 2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռէալ Մատրիտը: Ռէալի  ֆրանսացի յարձակող Քիլիան Մպափէն 5-րդ վայրկեանին նշանակեց Ռէալի առաջին կոլը, որմէ ետք ոտքը վնասուեցաւ, ինչ որ ազդեց իր խաղարկութեան մակարդակին վրայ: 22-րդ վայրկեանին, քաթալոնէական խումբի  խաղացող Լամին Եամալ նշանակեց հաւասարութեան կոլը:  Հանդիպման 37-րդ վայրկեանին, Պարսելոնան  առաջ անցնելով տուգանային հարուածով կրկնապատկեց արդիւնքը, որմէ քանի մը վայրկեան ետք Ռաֆինեան արձանագրեց երրորդը: Նախքան կիսախաղին աւարտը, Պալտին ցնցեց դարպասը չորրորդ  գնդակով:  Երկրորդ կիսախաղին, Ռաֆինեան 57-րդ վայրկեանին նշանակեց Պարսելոնայի հինգերորդ կոլը: Քաթալոնէական ակումբի դարպասապահ Չէզնի իր կոշտ մօտեցումին հետեւանքով կարմիր քարտով հեռացուեցաւ դաշտէն եւ կազմը մնաց 10 խաղացողով: Ռոտրիկոն նշանակեց Ռէալի երկրորդ կոլը հեռակայ հարուածով մը։ Խաղը շարունակուեցաւ մինչեւ աւարտ՝ 5 – 2 արդիւնքով:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան