Հայերէնի նահանջին դրդապատճառներէն կարեւորագոյնը կը սեպեմ ճարտարագիտութեան սրընթաց զարգացումը։ Այո՛, ժամանակները փոխուած են։ Եթէ մենք՝ հասուն ու գիտակից մարդիկս, որ սնած ենք գիրքերով, գիտելիքներու աղբիւր հանրագիտարաններով կամ հեռատեսիլներու մշակութային ընտրուած ծրագիրներով, այսօր երկու գիրք պակաս կը կարդանք եւ այդ ժամանակը կը սպառենք  համացանցի վրայ…  Ուրեմն ինչ ըսել պատանիներուն կամ երիտասադներուն, որոնք շլացած եւ կախարդուած են համացանցին մէջ տարածում գտած բազմատեսակ գրաւիչ… անհեթեթութիւններով։ Ահա կարեւոր հարցադրումը, որ ինքզինք կը պարտադրէ եւ մեզ կը հրաւիրէ խորհրդածութեան։
Մենք՝ հայերէն  լեզուի ուսուցիչներս, ազգային կառոյցներու ղեկավարներս եւ որոշում ընդունելու սահմանուած մարդիկ, որքանո՞վ կրցանք քայլ պահել ժամանակի հետ, կամ որքանո՞վ փորձեցինք նորոգել եւ որդեգրել ճարտարագիտութեան պարզած ծով միջոցները հայերէնի դասաւանդման նոր շունչ եւ որակ տալու համար։
Որպէս հայերէն լեզուի ուսուցիչ ցաւով կրնամ բարձրաձայնել, թէ այս պայքարը ընդմիշտ կորսնցուցած պիտի ըլլանք, եթէ չթարմացնենք մեր միջոցները եւ հայերէն լեզուի դասաւանդումը չհամապատասխանեցնենք ժամանակի պահանջքին։ Այո՛, գոնէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի երիտասարդութիւնը, ի տարբերութիւն շատ մը այլ գաղութներու, հայերէնով կը հաղորդակցի, բայց այսքանը դեռ բաւարար չէ։ Հայերէն խօսողներուն քանի՞ տոկոսն է, որ մաքուր կը խօսի իր լեզուն…  Եթէ առիթով մը բարձրախօս տրուի անոնց ձեռքը, կամ պէտք ըլլայ քանի մը տող բան գրել, մատերու վրայ կը հաշուըւին անոնք, որոնք պատուով կրնան կատարել իրենց վստահուած առաջադրանքը։
Մտաւոր հասունութեան եւ բանաւոր խօսքի զարգացման ոսկէ բանալին ընթերցասիրութիւնն է։ Լեզու մը յստակ եւ անբիծ խօսելու համար անհրաժեշտ է հարուստ բառապաշար, իսկ հարուստ բառապաշարի միակ բանալին, ինչպէս նշեցինք՝ ընթերցասիրութիւնն է։ Այստեղ մատը դրած կ’ըլլանք ամէնէն կարեւոր խնդիրին վրայ, որն է՝ մեր դպրոցներուն եւ միութիւններուն գրադարաններուն պարզած վիճակը։
Բոլոր դպրոցները անխտիր, ունին հարուստ գրադարաններ։ Սակայն, էական հարցադրումը, որ չենք կրնար չընել՝ Սուրիոյ տարածքի բոլոր հայկական գրադարանները վերջին անգամ ե՞րբ թարմացուած են նոր եւ հետաքրքրական հրատարակութիւններով։ Այսօր, այս դարուս, սփիւռքահայ եւ յատկապէս հալէպահայ պատանիին համար որքանո՞վ հասանելի են տարբեր թեմաներով, դասական ուղղագրութեամբ նոր տպագրութիւնները, որոնք կրնան հաճելի եւ մագնիսական ըլլալ այս համացանցախտաւոր աշխարհին մէջ։
Եգիպտոս ապրած տարիներուս առիթ ունեցած եմ այցելել Գահիրէի մէջ կազմակերպուող եւ բաւականին մեծ հռչակ վայելող գիրքերու տարեկան ցուցահանդէսը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն շատ մը տեղական եւ միջազգային հրատարակչատուներ։ Անձնապէս բարի նախանձով դիտած եմ ցուցահանդէս այցելող երիտասարդներուն հոսքը եւ գիրք գնելու համար գոյացած կարգերը։ Եգիպտոսի օրինակը յիշեցի ինչ որ չափով ընթերցել չսիրելու մէջ դատապարտուած երիտասարդները պաշտպանելու։
Օրինակ մը եւս։ Ամռան ամիսներուն, Երեւան եղած միջոցիս, բարեբախտութիւնը ունեցայ այցելել քաղաքի քանի մը յայտնի գրադարանները եւ կլանուած ու դարձեալ բարի նախանձով դիտել այդքան հարուստ եւ բազմատեսակ հրատարակութիւնները։ Հրճուանքիս չափ ալ ափսոսանք ապրեցայ մեր երիտասարդութեան համար, որոնք զրկուած են այդօրինակ հաճոյքէ։ Աւելին, դասական սփիւռքի երիտասարդները, հակառակ հարուստ հրատարակութիւններու գոյութեան, քաջածանօթ չըլլալով արեւելահայերէնին, հետեւաբար նաեւ արեւելահայ ուղղագրութեան, կարելիութիւն չունին վայելելու եւ ամբողջապէս ըմբոշխնելու գիրքերու այդ տարափը։
Արեւելահայերէն-արեւմտահայերէնի այս ցաւոտ խնդրին մէկ այլ արտայայտութիւնն ալ համացանցին մէջ տեղադրուած տեսանիւթերն են։
Դասաւանդութեան ոսկէ կանոններէն մէկը կը թելադրէ մէկ անգամ տեսնել, հազար անգամ լսելու փոխարէն։ Որքա՜ն ուրախ կ’ըլլան աշակերտները, երբ հայերէնի դասապահին, դասաւանդուող նիւթին առնչուող տեսերիզ մը կը դիտեն։ Համացանցին վրայ հարիւրաւոր վաւերագրական տեսանիւթեր կան, որոնք կը ներկայացնեն հայերէնի  դասագիրքերուն մէջ տեղ գտած գրեթէ բոլոր հեղինակները, հայոց պատմութիւնը եւ պատմական զանազան իրադարձութիւնները։ Բայց, անգամ մը եւս ցաւով նշենք, որ այդ բոլորը սփիւռքահայ աշակերտին համար կը մնան ոչ այնքան հասկնալի՝ արեւելահայերէն ըլլալուն պատճառաւ։
Նորարարական միջոցներու կիռարկումը ձգուած է ուսուցիչին խիղճին եւ կամեցողութեան։ Բայց չէ՞ որ, եթէ նոյնիսկ ուսուցիչը ունենայ այդ ցանկութիւնը, բնաւ պայման չէ որ ան քաջատեղեակ ըլլայ ճարտարագիտութեան ստեղծած նորագոյն հնարաւորութիւններուն։ Ուստի, խիստ անհրաժեշտ է նոր ռազմավարութիւն մը, որպէս կիզակէտ ունենալով գիտութեան ստեղծած կարելիութիւնները օգտագործել ի խնդիր հայոց լեզուի դասաւանդման նոր մեթոտներու ստեղծման։ Համոզուած եմ, որ այս առումով սուրիահայ գաղութը տակաւին ունի՛ մարդկային այն ներուժը, որ դեռ ի վիճակի է նման ծրագիրներ յաջողցնելու յանուն դասական Սփիւռքին։
Անցած տարի մտայղացմամբ եւ հովանաւորութեամբ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի, կազմակերպուեցաւ յոյժ կարեւոր եւ իր տեսակին մէջ եզակի միօրեայ համագումար մը, որուն ընթացքին հանդէս եկան տարբեր զեկուցողներ եւ քննարկուեցան ընդհանրապէս հայերէն լեզուի եւ հայեցի դաստիարակութեան առնչուող խնդիրները։
Ֆրանսացին պիտի ըսէր «շափո»՝ նման համագումարի մը մտայղացման համար։ Սակայն մասնակիցներս բերկրանքով պիտի համակուէինք, եթէ այնտեղ հնչած իւրաքանչիւր մտահոգութիւն եւ առաջարկ սոսկ խօսքեր չմնային։ Որքան յուսադրող պիտի ըլլար, եթէ համագումարը չբաւարարուէր միայն սրտցաւ մարդոց հանդիպում մը ըլլալէ, այլ առաջադրուէին գործնական քայլեր եւ նշանակուէին անհատներ կամ յանձնախումբեր, որոնք հետամուտ ըլլային այդ առաջադրանքներու լոյս աշխարհ գալուն։
Հասկնալի է, որ տասնչորս տարուան պատերազմը ջլատեց մեր ուժերը։ Սակայն, քաջ կը գիտակցինք, որ քանիցս նօսրացումի դատապարտուած հալէպահայ գաղութը միշտ ալ գտած է միջոցներ, որոնք ոտքի կանգնեցուցած են դարերու պատմութիւն ունեցող այս գաղութը։
Այսօր, եւ ոչ վաղը, հանապազօրեայ հացի, օդի եւ ջուրի չափ անհրաժեշտ են արդիական եւ նորարական միջոցներ, որոնք պիտի նպաստեն պատրաստելու սերունդ մը, որ նախանձախնդիր է իր լեզուին։ Ինչպիսի՜ գոհունակութեամբ պիտի բաբախեն մեր սիրտերը, եթէ Հալէպի փողոցներէն անցնելու ժամանակ ականատես ըլլանք նորելուկ սերունդի մը, որ զուլալ հայերէն կը խօսի։ Նման արդիւնքի հասնելու համար միակ ու ճշմարիտ ուղին արդիականացումն է։  Այսօր ռատիո-կայաններ, եութուպեան ալիքներ եւ պլոկըրներ ողողած են համացանցը եւ շատ անգամ միայն անմակարդակ նիւթեր կը տարածեն։
Չըլլալով հայերէնի գիտակ, իրենք իրենց իրաւունք կու տան թերի, կէսկատար նիւթեր տարածելու եւ խաթարելու առանց այդ ալ վիրաւոր արեւմտահայերէնը։ Որքան յուսադրող պիտի ըլլար այդ աշխատանքը համակարգել արեւմտահայերէնի լաւագոյն մասնագէտներու վերահսկողութեամբ եւ ներգրաւել երիտասարդներու փաղանգ մը, անոնց վստահելով նման ծրագիրներ, գրել եւ խօսիլ գրական, ապրող հայերէնով, քննարկել երիտասարդները յուզող հարցեր եւ ստեղծել մրցակցութիւն, այդպիսով վարակելով նաեւ իրենց տարեկիցները։
Համոզուած եմ, որ 21-րդ դարու գիտութեան ընձեռած ծով կարելիութիւնները ճիշդ օգտագործելու պարագային կրնանք
փրկել մեր այնքան գեղեցիկ արեւմտահայերէնը։
Այո, թող  գայ այն օրը, երբ Հալէպի փողոցներէն քալելով, ականջներդ շոյուին մաղէ անցած հայերէնով։
Երան Զէյթունցեան
(շար. 2 եւ վերջ)