Ձմռան, մանկական արկածախնդրութիւններու կարգին, հետիոտն դպրոց ուղղուելու մեր ճանապարհին վրայ երբեք աննկատ չէինք անցներ դիզուած ջուրի մերկասառոյցներէն, որոնք կսմթելով մայթերուն՝ ապահով կը հանգչէին սալայատակուած կուպրին ու մայթերուն առանցքի տարածքին վրայ: Քարացած սառոյցի մակերեսը ոտքի հարուածներով կը ճաթռտէինք՝ ձեւով մը ձմռան կարծեցեալ չարաղէտ գլուխը անճիտելու վրէժխնդրական անյոյս փորձով մը: Շարունակելով մեր «յաղթական» երթը, արհամարհելով շատ ընդհանրացած ճեղքռտուած ձեռքի մաշկաբորբի (պոյրազ) ու չորցած շրթունքի՝ «խէյլիտ»-ի առթած ցաւերը, դպրոցական բեռնաւորուած պայուսակները ձեռքով շալկած՝ կը հասնէինք Ճիտետիէի մատոյցները:
Այնուհետեւ անհամբեր կը սպասէինք ձիւնի կախարդիչ օրերուն, որոնք սպիտակ յոյսերով պիտի պարուրէին մեր առօրեան: Ձիւնի առաջին փաթիլները հեզաճկուն նորահարսի պարի նազանքով, ամչնալով կը տեղային վար՝ ինքնուրոյն թովչանքով եւ դիւթական հմայքով, սպիտակ ծածկոցի լայնածաւալ շքեղանքով, անզուգական գեղեցկութեամբ սպիտակ փսիաթներով հարթելու ձմռան ծեր պապուկի փարթամ գնացքի շաւիղները: Այսպիսով, ձիւնի շքերթը կը յամառէր շրջել բոլոր չարաբաստիկ փորձերը, որոնք կը յամենային շիջանել ձմռան գողտրիկ էութիւնը՝ զայն նենգութեամբ ներկայացնելով իբրեւ դաւադիր ու տժգոյն:
Հ. Հայրապետեանի տողերը լաւագոյնս կ’արտացոլացնեն առաջին փաթիլներու հեշտանքը.
Ամպը գոչեց. «Արա՛գ իջէք,
Իմ սիրելի՛ բալիկներ,
Չգիտէ՞ք, որ կարօտ են ձեզ
Այնքան փոքրիկ մանուկներ:
Փաթիլները զուարթացան,
Թեւին տուին ու անցան,
Մէկիկ-մէկիկ գետին իջան,
Իրար գրկած՝ ձիւն դարձան:
Երեխաներս կ’աղօթէինք, որ ձիւնը գետնին վրայ երկա՜ր նստէր ու արեւը խափանուէր օրերով, որպէսզի կարենայինք դուրս գալ ու գլտորիլ անոր փափուկ ծածկոյթին վրայ, ուր մեր ռունգերը, թարթիչներն ու կոպերը պիտի թաթախուէին անոր օրհնաբեր սառնութեամբ:
Ռուբէն Հախվերտեանի՝ ձիւնի վեհաշուք աւետումին նուիրած ինքնատիպ երգին բառերը արժանի են գովերգուելու.
Ձիւնը երկար սպասեց գիշերուայ խորհրդին,
Մինչեւ լոյսերը հանգան, ու ձայները լռեցին,
Ու յանկարծ գիշերուայ մէջ ինչ-որ բան զրնգաց,
Խենթի պէս պարելով փաթիլներն իջան ցած:
… Ձիւն, սպիտակ ձիւն, մեղքերիս մեր թողութիւն,
Սպիտակ ձիւն, իմ ճերմակ քնքշութիւն,
Սպիտակ ձիւն, իմ ճերմակ մանկութիւն։
Ձիւնի բերկրանքին թագադրութիւնը կ’ըմբոշխնէի մեծ սպասումով, երբ մօրս ձեռքը բռնած՝ կ’այցելէի քաղաքի մեր տան մօտակայ եկեղեցիներուն մէջ տեղադրուած մսուրները: Մայթերուն վրայ հանգչած կակուղ ձիւներուն մէջ հաստատաքայլ կը մխրճէի ոտքերս: Արձագանգող խըշ-խըշ ձայնին ներքեւ, ծնծղաներու զրնգացող երկիւղածութեան մեղեդիին կշռոյթով կը մօտենայի եկեղեցիներու դարպասին: Ինծի համար ամէնէն վեհաշուքը լատինաց եկեղեցիին մսուրն էր: Անոր մէջ առաւելաբար ուշադրութիւնս գրաւող պատկերը փառաւոր շքերթն էր մոգերուն, որոնք հանգչած փսիաթի մը վրայ՝ անվերջ կը դառնային խանձարուրի մէջ փաթթուած Յիսուս մանուկի քարանձաւին շուրջ:
Մանկական տրամաբանութեանս մէջ չէի կրնար համատեղել, թէ ինչո՞ւ քուրմերը ոլոր-մոլոր ճանապարհներով պիտի շրջագայէին, մինչ Յիսուս մանուկը՝ կիսամերկ, քամուած իր խանձարուրին մէջ, պիտի մնար անասուններու տաք շունչին ողորմութեան ներքեւ եւ պատսպարուած դուրս պիտի չգար գոմի անշուք միջավայրէն:
Ձիւնի ակներեւ բարիքներէն մին կը կայանար անոր մէջ, որ իր առաջին բիւրեղ փաթիլներուն արգասիքով կը համտեսէինք «ղար սամպաճը»: Նախքան վառարաններու սեւ ծուխով եւ մոխիրներով ձիւնի կուսութեան արատաւորուիլը՝ մայրս հապճեպով կը բարձրանար մեր տան տանիքը եւ խոշոր ամանի մը մէջ կը կուտակէր դիզուած ձիւնին մակերեսի առաջին անաղարտ հունձքը: Սովորաբար նարինջի հիւթով կամ որեւէ տնային օշարակով կը համեմէր սառոյցը, զոր մեծ հաճոյքով բոլոր դրացիներով կը համտեսէինք:
Յիշատակելի է նաեւ, որ ամռան տօթը մեղմացնելու համար «ղար սամպաճը» նաեւ ներկայութիւն էր այլ ձեւակերպումով մեր շրջապատին մէջ եւ կը վաճառուէր յատուկ պատրաստութիւններով: Այդ կառքերէն մին միշտ կը գտնուէր Հալէպի Թիլել պողոտայի մուտքին:
Գրիգոր Գրաճեան «Լիբանանի 58-ի ամառը» խորագրեալ իր յուշագրութեան մէջ այսպէս կը նկարագրէ անոր պատրաստութիւնը.
«Տաքը սկսելուն հետ, հայրս զիս կը նստեցնէր իր հեծանիւին առջեւի ձողին երկայնքին, եւ առաւօտ կանուխ կ’երթայինք սառի գործարանը՝ ապահովելու համար ուղղանկիւն- քառանկիւն, մօտ կէս մեթր երկարութեամբ երկու սառոյցներ: Սառերը կը փաթթէինք քուրձէ կտորի մը մէջ, որպէսզի շուտ չհալին, եւ հեծանիւին ետեւի մասը, լայնքին կապած՝ կու գայինք գործի: Հօրս գործատեղին առանց անիւներու կառք մըն էր: Սուր, բարակ երկաթով մը սառը քանի մը կտորի կը վերածէինք, մաս մը կը ձգէինք կառքին վրայ. իսկ մնացեալը խնամքով ծածկուած քուրձով կը պահէինք կառքին յատակը, պահարանի մը մէջ: Մարդոց ուշադրութիւնը գրաւող ձեւով մը շարուած կ’ըլլային գունաւոր շիշերը, որոնք կը պարունակէին վարդի, կիտրոնի, ծիրանի, անանուխի օշարակներ: Երկու չափի, հաստ բռնիչներով, պսպղուն ապակիէ գաւաթներ, գլխիվար շարուած կ’ըլլային կառքին վրայ բոլորաձեւ: Ամէն մէկ ապսպրանքի համար երկաթէ տաշոցով մը փշրուած սառը կը լեցուէր գաւաթին մէջ՝ վրան աւելցուելով պահանջուած հիւթը»:
Նոր տարուան ու Ս. Ծնունդի նախօրէին տուներուն մէջ նաեւ կը հիւրընկալէինք իր բուրումնաւէտ հոտովը թարմ փշատերեւ տեսքով եղեւնիի ներկայութիւնը զարդարուած պլպլացող խատուտիկ լոյսերով, որոնք արագավազ անվերջ զիրար կը հալածէին մշտանորոգ գլգլացող առուակի շողշողուն փայլքով, որուն գագաթը թագադրուած կ’ըլլար գիսաւոր փայլփլուն աստղով: Իր շալակին հրեշտակներու եւ խաղալիքներու հաւաքածոները, շեշտակի փարթամ պճնանքովը աւելի գողտրիկ կը դարձնէին այցելութիւնը՝ վաղեմի հարազատի լիացումով մը համակելով շրջապատը:
Այդ օրերուն թարմ եղեւնի ձեռք ձգելը եւ զայն տուն փոխադրելն ու հանգչեցնելը սենեակին անկիւնը՝ յաւելեալ ճիգ կ’ենթադրէր տան երէցէն: Կը յիշեմ՝ հօրս ընկերակցութեամբ կ’ուղղուէինք պետական պուրակի արտադրութիւնները վաճառող յատուկ ծաղկանոցներ, որպէսզի ընտրէինք լաւագոյնը եւ փաթթելով զայն քուրձով (խսիր), քաշքշելով կը հասցնէինք տուն՝ զայն հանգչեցնելով սենեակին անկիւնը, տակը տեղադրելով ջուրով լի փոս աման մը: Ծառը ուղղահայեաց եւ անսասան պահելու դիտաւորութեամբ, անոր յատակը կը հաւասարակշռէինք պղինձէ թակով (հաւան) եւ երկաթէ մուրճի ծանրութեամբ, հաստ կոճղին կապելով թելեր, ամրացնելով միւս ծայրը պատին վրայ՝ իր վէս իրանը ա՛լ աւելի ապահով դարձնելու դիտաւորութեամբ:
Պէտք է ընդգծել, որ եղեւնիի ընտրութիւնը, իբրեւ զարդարանք, կու գայ վաղեմի ժամանակներէն, երբ մեր նախահայրերը եղեւնին ընդունած են իբրեւ երկարակեցութեան ու յաւերժութեան խորհրդանիշ, ինչպէս նաեւ՝ իբրեւ մշտանորոգ ուժի աղբիւր, վրան գումարած՝ եղեւնիի ապաքինման ու բարեգործութեան միջոց ըլլալու հանգամանքը:
Համո Սահեան կ’աւետէ եղեւնիի բաղձալի առկայութիւնը մեր տուներու երդիքներուն տակ՝ ըսելով.
* * *
Վաղորդեան ցօղի գոհարն է յիշում,
Եւ մայրամուտի թեւերն աբրեշում,
Յիշում է սոսափն ամէն մի ծառի,
Խարոյկն է յիշում անտառապահի:
Յիշում է բոլորն ու չի ափսոսում,
Որ էլ անտառի երգը չի լսում,
Ինչո՞ւ ափսոսայ, երբ իր թեւերին
Գարուն է բերել երեխաներին,
Գարուն է բերել այս ձմռան օրով
Եւ տուն է մտել կանաչ շորերով.
* * *
Ե՞րբ են նրա մօտ այսքան մանուկներ
Երգել ու պարել մինչեւ ուշ գիշեր…
Զարդարանքներով, աստղերով իր պերճ
Կանգնել է ուրախ մանուկների մէջ,
Այնպէս հպարտ է նայում աշխարհին,
Կարծես հէնց ինքն է բերել Նոր տարին:
Հալէպահայերուն համար իրենց լեզուական խօսոյթներուն մէջ շեշտակիօրէն համոզում գոյացած է, որ՝ «Հալէպի պաղը ոսկորներդ կը կրծէ»: Անոնց էութիւնը կը մղկտայ, երբ կը փորձես զուգակշիռ մը ընել՝ ըսելով, որ աշխարհի հիւսիսային ծայրամասին մէջ ահաւոր եւ անհամատեղելի ցուրտի չափը այլ սաստկութիւն ունի, քան՝ Հալէպինը: Բայց ինչո՞ւ պնդելով կ’ըսեն՝ «Հալէպի սառնամանիքը ուրիշ է, ոսկորի զուզակներդ կը չորցնէ»:
Այս հաստատումին պատասխանը մէկ է՝ ներկայացուած հետեւեալ խորհուրդով:
Այսպէս, ընդունելով մէկտեղ «Հալէպի ցուրտին» առթած անհամատեղելի դիպուկ զգացումները, այնուամենայնիւ, հալէպահայը արիօրէն դիմադրած է ամէն տեսակ «կրծող պաղի» սոսկումին: Իր շինարար ու կառուցողական ստեղծագործ ոգիով ան վանած է ամէն դժուարութիւն ու յաղթահարած «ցուրտի» մորմոքը՝ որոնելով հին յիշատակներ եւ նոր ճամբաներ:
Եթէ պահ մը նոյնիսկ ընդունինք գորշ հանգամանքը ձմռան արգելակիչ, անմխիթար դրուածքին, այդ բոլորով մէկտեղ երբե՛ք պիտի չսանձուէր հալէպահայու վառ թռիչքը, կենսագործելու ու արարելու կենարար եռանդով, չորսդին սփռելով ջերմութիւն ու իր իւրայատուկ ստեղծագործ խոյանքով սաւառնելով աստուածներու երդիքն ի վեր: Քանզի հալէպեան մեհեաններուն մէջ ուխտաւորները չեն զոհաբերեր հոգեհարազատներ ու թանկագիններ, այլ բծախնդրութեամբ պատրաստուած հալէպեան մատաղները, եղրածաղիկով դիւթուած ու հալէպեան վարդերով պարուրուած՝ կը մատուցուին հայու աստուածներուն իբրեւ ընծայ՝ զանոնք հասցէագրելով համայն հայութեան, ի խնդիր հայ ազգի բարօրութեան եւ ազգային գերխնդիրներու յաղթանակին:
Ժան Հալլաճեան