Առաջին հանդիպումս Ճեմարանին հետ իր կապոյտ պասին ընդմէջէն էր: Նախակրթարանի վերջին դասարանն էի: Հոն ուր ես կը սպասէի Հայկազեան դպրոցին պասը, կը սպասէին նաեւ Ճեմարանի աշակերտները՝ Սիւլէյմանիէ պողոտային իջուածքին վրայ:
Անոնց հետ կը սպասէր նաեւ օր. Սեդա Ինճէեանը, որ նոր վերադարձեր էր Պէյրութէն, ուր կ’ուսանէր Ամերիկեան համալսարանէն ներս, կարծեմ անգլերէն գրականութիւն:
Օր. Ինճէեանն ու Ճեմարանի կապոյտ պասը երազ դարձեր էին, երազ, որուն պիտի հասնէի անշուշտ տարի մը ետք. բայց շա՜տ անհամբեր էի եւ սիրտիս խորերէն երանի կու տայի արդէն Ճեմարանական այդ աղջիկներուն, որոնք հետս պասը կը սպասէին:
Չէի խօսեր իրենց հետ, բայց մտերմութիւն մը ստեղծուեր էր մեր միջեւ: Վստահ չեմ որ մեր միջեւ էր այդ մտերմութիւնը. պարզապէս ինձմէ դէպի իրենց ծորող զգացում մըն էր ատիկա:
Յետոյ ես ալ իմ կարգիս դարձայ աշակերտ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանին եւ քանի մը տարի ետք ալ՝ պարոն Մկրտիչեանին:
Այդ օրերուն ուրիշ էր Ճեմարանին բակը, ուր կը շարուէր աշակերտութիւնը առաւօտներուն եւ ամէն զբօսանքէ ետք:
Պասքեթի կողք-կողքի զետեղուած երկու կողովներ կային, ուր տղաք փորձեր կ’ընէին եւ փորձ-մրցումներ կը խաղային մէկ կողովի շուրջ: Բակին կողքին եւ նոյն չափերով ունէինք թենիսի դաշտն ու ֆութպոլի դաշտը:
Այս վերջին երկուքը փոքր ծառուղիով մը կը բաժնուէին իրարմէ:
Թէեւ փոքր, բայց մեր բակին իրապէս տարբեր շունչ կու տար այդ ծառուղին, ուր յաճախ նկատելի էին ռոմանթիկ լռութեամբ նստած զոյգեր, որոնցմէ մաս մը հետագային ամուսնացաւ եւ ընտանիքներ կազմեց:
Սակայն այլ խորհրդաւորութիւն ունէր «ետեւի պարտէզը», ուր կը կանգնէր Ճեմարանի հիմնադիր եւ այդ օրերու Հալէպի Առաջնորդ երջանկայիշատակ Զարեհ Սրբազանի կիսանդրին  (աւելի ուշ՝ Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, 1915-1963):
Երբեմն դասերէն կը փախչէինք եւ Կաթողիկոսին կիսանդրիին տակ նստած կը զրուցէինք: Բայց ամէն անգամ որ կը տեսնէի կիսանդրին, կը յիշէի, թէ ինչպէս 18 Փետրուար 1963-ին, Երկուշաբթի օրուան մը յետմիջօրէին մեզ դպրոցէն կանուխ արձակեցին, առանց ըսելու թէ ինչու: Ուրախ ճռուողելով տուն կ’երթայինք, երբ դռներուն առջեւ նստած կիներ սաստեցին մեզ.
_Ամօթ է, տղա՛ք, Կաթողիկոսը վախճաներ է, մի՛ պոռաք …
Անշուշտ չէինք գիտեր թէ ո՞վ էր Կաթողիկոսը եւ թէ ի՞նչ կը նշանակէր վախճանիլ բառը, բայց կիներուն արցունքոտ աչքերէն կ’երեւի ազդուած լռեցինք եւ իւրաքանչիւրս արագ-արագ տուն գնաց:
Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա.-ի կեանքին եւ մահուան մանրամասները շատ աւելի ուշ պիտի իմանայի եւ հասկնայի այդ կիներուն չհոսած արցունքը, որ ժողովուրդին, գոնէ հալէպահայերուն սիրոյ եւ յարգանքի անկեղծ արտայայտութիւնն էր այդ օր:
Ճեմարանը տարբեր էր Կիւլպէնկեանէն, մանաւանդ Հայկազեան դպրոցէն. հակառակ որ աշակերտութեան թիւը այդ երկու դպրոցներուն համեմատ բաւական մեծ էր, բայց մտերմութեան մթնոլորտ մը կար, որ կարծեմ բոլոր ուսուցիչներուն վերաբերմունքէն կու գար:
Նախ կար, ինչպէս ըսի, օր. Սեդա Ինճէեանը: Երկարահասակ, բարեձեւ, շատ վայելուչ եւ գեղեցիկ հագուկապով եւ կարճ մազերով օր. Ինճէեանը մեր բոլորին, մանաւանդ աղջիկներուն իտէալը դարձեր էր: Կը սիրէր կարգ-կանոնը, կը սիրէր գեղեցկութիւնը: Իր շարժուձեւն իսկ վայելուչ էր, ազնուական: Շատ կը սիրէինք զինք:
Յետոյ գնաց: Չգիտցանք ո՞ւր եւ ինչո՞ւ: Տարիք մըն էինք, երբ ժամանակը արագ-արագ կը թաւալէր, ու մենք հեւ ի հեւ կը փորձէինք հասնիլ ու բռնել բան մը, որ կը զգայինք թէ մեզմէ խոյս կու տար: Ժամանակ չունէինք ինչուներով զբաղելու:
Միջնակարգի հայերէնի մեր ուսուցչուհին օր. Գաթրճեանն էր, օր. Ալիս Գաթրճեանը, այն ճան ու ճիկէր ուսուցչուհին, որ աշակերտներուն խենթ ու խելառ կեցուածքներուն առջեւ տխրութեամբ կը լռէր եւ համբերութեամբ կը սպասէր, որ ի վերջոյ զգաստանանք, լռենք եւ ինք դասի սկսի, իր ցած ու հանդարտ ձայնով:
Այլ հաճելի յուշեր ժառանգ ձգած ուսուցիչ մըն էր արաբերէն պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսթէզ Տապպաղը, – կարծեմ պետական այլ դպրոցի մը տնօրէնը – որ երբ աղմուկը անտանելի դառնար, հանդարտօրէն կ’ըսէր ամպիոնին բարձրութենէն.
_Մարդո՛ւ զաւակներ, հանդարտեցէ՜ք …
Իրապէ՛ս շատ սիրուած, թերեւս պարոն Մկրտիչեանին չափ սիրուած (բայց պարոն Մկրտիչեանը մի՛շտ աւելի անշուշտ) ուսուցիչ էր արաբերէնի դասատու ուսթէզ Տիմիթրի Հաթէմը, որ երբեմն նաեւ իր շքեղ արաբերէնով բացման խօսք կ’ըսէր կարեւոր ձեռնարկներուն եւ յետոյ հաճոյքով կը պատմէր.
_Ինծի մօտեցան եւ հարցուցին՝ դուք իսլա՞մ էք, ես ալ ըսի՝ այո՛, կաթոլիկ իսլամ եմ …
Արաբերէն գրականութեան եւ թղթակցութեան բաժիններէն վկայեալ ուսթէզ Հաթէմը մեր հետ սկսաւ Ճեմարանէն ներս դասաւանդել, եւ մեզի հետ ալ տարուէ տարի դասարան բարձրացաւ, մինչեւ դարձաւ ու երկար տարիներ մնաց Ճեմարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի վերջին տարիներուն՝ պրովէի եւ պաքալորեայի արաբերէնի անփոխարինելի ուսուցիչը:
Իր պատճառով շատ շատեր սկսան մտածել՝ արդեօք արաբերէն գրականութիւն ուսանի՞մ համալսարանէն  ներս:
Բայց երբ շատ տարուած ըլլայինք բանաստեղծութեամբ եւ արաբերէն լեզուին հարստութեամբ, ինք յստակօրէն կ’ըսէր՝ «Յիշեցէ՛ք որ նաեւ Գուրան եւ շարիաա ստիպուած էք սորվիլ»: Այդքանը կը բաւէր որ ետ կենայինք մեր որոշումէն …
Կը յիշեմ օր մը փորձի մը համար Ճեմարան գացեր էի եւ կը վայելէի բակին հանդարտութիւնն ու ծառուղիին գեղեցկութիւնը, երբ նշմարեցի տիկին մը, որ դռնէն ներս մտած, կը դիտէր գլխաւոր շէնքը: Կարծես այցելու մըն էր:
_Կրնա՞մ օգտակար ըլլալ,_ հարցուցի:
_Դուն Ճեմարանակա՞ն ես,_ ըսաւ բարկացած:
_Այո,_ ըսի ժպիտով, թէեւ բնաւ չհասկցայ իր բարկութիւնը:
_Ե՛ս ալ Ճեմարանական եղած եմ,_ ըսաւ,_ բայց իմ Ճեմարանս տարբեր էր, ուրիշ էր … ասիկա տգեղ արաբական շէնք մըն է…
Նայեցայ շէնքին. արաբական չէր, տգեղ ալ չէր. կրկին չհասկցայ իր նեղութիւնը:
_Իմ ատենս այստեղ երեք հիւղեր կային, ծուռ կտուրներով …
Յիշեցի հին լուսանկարներու մէջ տեսած ըլլալս այդ հին կառոյցները:
_Վեհափառին կիսանդրին կայ ետեւի պարտէզին մէջ,_ ըսի, յուսալով իրեն ծանօթ բան մը ցոյց տալ:
_Ո՛չ,_ ըսաւ վերջնական ոճով եւ դուրս ելաւ փոքր դռնէն:
Այսօր երբ կը վերյիշեմ այս դէպքը, կրնամ հասկնալ նախկին ճեմարանական այդ տիկնոջ բարկութիւնը, որ աւելի տխրութենէն կու գար, փնտռածը գտած չըլլալու տխրութենէն: Իրաւունք ունէր:
Երբ այս պատահարը կը յիշէի, անդրադարձայ, որ Ճեմարանը կրցեր է ժամանակին հետ քայլ պահել, փոխուիլ, դառնալ աւելին. բնական է, որ աշակերտութեան թիւի յաւելումին հետ, կառոյցները եւս պիտի փոխուէին: Բնական է, որ նախկին աշակերտները, արդէն շրջանաւարտ, համալսարաններէ վկայուած, մագիստրոսական եւ վարդապետական աստիճաններու տիրացած, պիտի վերադառնային իրենց սիրելի տունը, իրենց Ճեմարանը, դասաւանդելու, կամ վարչական պաշտօններ առնելու:
Ճեմարանը, որ նախապէս եղած էր այրիանոց, ու յետոյ՝ կեանքի համեմատական բարելաւումին հետ դարձեր էր երկրորդական վարժարան, այսօր, կեանքի ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ իսկ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, նոր սերունդը կը զինէ ո՛չ միայն գիտելիքով, այլ եւ շատ աւելի էականով՝ ոգիով:
Մեր երկրորդ տունը: Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը: Ճեմարանս:
Մարուշ Երամեան