ՋԵՐՄՈՒԿԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԽԱՂԵՐՈՒ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ

Հայաստանի Ջերմուկ քաղաքին մէջ մեծ շուքով սկսան Համահայկական երկրորդ ձմեռնային խաղերը:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդման համաձայն՝ բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ եղան Հայաստանի նախագահն ու վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարը, ինչպէս նաեւ պետական այլ ներկայացուցիչներ։
Բացման պաշտօնական արարողութիւնը սկսաւ ցուցադրական ծրագիրով, որուն յաջորդեց մարզիկներու պաշտօնական շքերթը: Այս տարի Համահայկական խաղերուն ամենամեծ պատուիրակութիւնը ունի Ռուսիոյ խումբը՝ 211 մարզիկ, ամենաքիչ մասնակիցները ունին Նիւ Տելհիի, Ուքրանիոյ, Իսթանպուլի կազմերը։
Համահայկական խաղերու պաշտօնական դրօշը բարձրացնելու պատիւը տրուած էր ծանրորդ, Եւրոպայի առաջնութեան պրոնզեայ մետալակիր Հռիփսիմէ Խուրշուտեանին, իսկ խաղերու ջահը վառելու Ողիմպիական խաղերու արծաթեայ մետալակիր, Եւրոպայի՝ աշխարհի ախոյեան Վարազդատ Լալայեան:
Համահայկական խաղերու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ Իշխան Զաքարեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ մինչ օրս տեղի ունեցած բոլոր խաղերը շատ լաւ կազմակերպուած են:
«Ճիշդ 11 տարուան ընդմիջումէ ետք կը սկսինք Համահայկական երկրորդ ձմեռնային խաղերը: Տարուէ տարի զարգացող խաղերու աշխարհագրութիւնը եւ մասնակիցներու շեշտակի աճը Համահայկական խաղերու գաղափարը դարձուցած են միասնութեան, սիրոյ ու համերաշխութեան իսկական տօն», ըսաւ ան:
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՄԻՀՐԱՆ ՆԵՐՍԷՍ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ 

Հայաստանի պասքեթի ազգային հաւաքականը 20 Փետրուարին Տիրանայի մէջ Ալպանիոյ դէմ տեղի ունենալիք Աշխարհի 2027 թուականի առաջնութեան նախընտրական փուլի վերջին խաղին հանդէս կու գայ սերպ մասնագէտ Բոկթան Կարաչիչի գլխաւորութեամբ։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի պասքեթի դաշնութիւնը: 40-ամեայ Կարաչիչ վերջին տարիներուն աշխատած է Պելկրատի «Պարտիզանի» մարզիչական խումբէն ներս։ Ան ազգային խումբին հետ կ’աշխատի յոյն մասնագէտ Կոստաս Պապաւասիլեոուի եւ Հայաստանի պատանեկան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Միքայէլ Պօղոսեանի հետ։
Հայաստանի հաւաքական հրաւիրուած են հետեւեալ խաղացողները. Ալպերթ Թադէոսեան, Անտրէ Սպայթ Մկրտչեան, Քրիս Ճոնս, Զակ Դաւիթեան, Արտեոմ Թաւաքալեան, Գաբրիէլ Աճեմեան, Իւրա Մելիքեան, Դաւիթ Խաչատրեան, Կարէն Մելիքեան, Դանիէլ Կիրակոսեան, Հայկազ Գրիգորեան եւ Միհրան Ներսէս:
Առաջին անգամ Հայաստանի պասքեթի ազգային հաւաքական հրաւիրուած է նաեւ սուրիահայ պասքեթպոլիստ Միհրան Ներսէսը, որ 2016-ին հանդէս եկած է Հայաստանի մինչեւ 20 տարեկաններու հաւաքականէն ներս։
Վնասուածքի պատճառով հաւաքականին չեն միանար Արկատի Մկրտիչեան, Դանիէլ Գէորգեան ՝ Ալեքսէյ Չիժենոկ։
Հայաստանի հաւաքականը մարզական հաւաքը կը սկսի 13 Փետրուարին Երեւան, իսկ 17 Փետրուարին կը մեկնի Ալպանիա։
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան