37 տարիներ առաջ՝ 1987 թուականին, Վահէ Օշական կը գրէր RAFT-ի մէջ.
«Սովետահայ բանաստեղծներուն երկու մեծագոյն խոչընդոտները, զորս չեն կրցած շրջանցել, եղեր են Աստուած եւ սեռայնութիւն»:
Այս տողերը յիշեցի, կարդալով երկու օր առաջ՝ 5 Դեկտեմբեր 2024-ին դիմատետրի «Արայ Զարգարեան» էջը, ուր նման յայտարարութիւն մը դրեր էր.
«Եղիշէ Չարենցի տանը կը ցուցադրուի ժամանակակից էրոթիք արուեստ։
Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի ղեկավար կազմի հովանու ներքոյ վաղը՝ Դեկտեմբերի 6-ին տեղի կ’ունենայ մի ցուցադրութիւն, որի շրջանակներում պիտի համադրուեն Չարենցի ինտիմ ստեղծագործութիւնները ժամանակակից արուեստագէտների «սեռականութեանը եւ անձնական կրքերի» վերաբերեալ գործերի հետ: Ցուցադրութեան մասին տեղեկութիւնը համացանցից հեռացուել է հենց այն պահին (Նոյեմբերի 29), երբ տեղեկացայ ցուցադրութեան մասին եւ մեծ դժուարութեամբ կապ հաստատեցի թանգարանի ղեկավար կազմի հետ՝ պարզելու, թէ ի՞նչ նպատակ ունի ցուցադրութիւնը: Նշեմ, որ ցուցադրութեան մասին տեղեկութիւնը մինչեւ հիմա համացանցում չկայ:
Դէմ եմ եւ դատապարտում եմ, որ այս ցուցադրութիւնը տեղի ունենայ առաջին հերթին Եղիշէ Չարենցի տանը եւ ոչ միայն, քանի որ այսկերպ Չարենցի արուեստը ներկայացւում է սխալ եւ վտանգաւոր կերպով, իսկ բանաստեղծը օգտագործւում է որպէս «գործիք»:
Չարենցի ինտիմ ստեղծագործութիւնները ժամանակակից արուեստի հետ համադրող, Չարենցից գաղափարազուրկ մարդիկ տեղեկութիւն չունեն այդ ստեղծագործութիւնների վերլուծութեան, գաղափարական ընկալումների, գեղարուեստական մօտեցումների մասին, կարծում եմ, որ չեն էլ ընթերցել որեւէ գիտական յօդուած դրանց վերաբերեալ: Սա փաստում է միջոցառման հեռացուած գրառումը, որից մէջբերում եմ.
Գրառման մեկնաբանութեան բաժնում կը տեղադրեմ նաեւ ցուցահանդէսի մասին համացանցից հեռացուած ամբողջական թեքստը»:
Այսքանը ընթերցելէ ետք կարգ մը հարցեր ծագեցան միտքիս մէջ.
Ա. Կ’ըսուի՝ ի՞նչ նպատակ ունի ցուցադրութիւնը.
Ինչ նպատակ կրնայ ունենալ ունի արուեստի որեւէ ցուցադրութիւն, մանաւանդ երբ անտիպ գործերու մասին է խօսքը՝ նախ ցուցադրել Չարենցի այնքան մելան հոսեցուցած անտիպները, ապա տեսնել անոնց ազդեցութիւնը ժամանակակից արուեստագէտներու վրայ, որոնց նկարները կը ցուցադրուին զուգահեռաբար քերթուածներուն:
Հայաստանի մէջ _ ուր ամէն «նորարարութիւն» (ընդհանրապէս ժխտական) առանց հարցադրումի կ’որդեգրուի _ նման ցուցադրութեան այսքան բուռն կերպով հակազդեցութիւն ստեղծելը քիչ մը անսովոր կը թուի: Ճիշդ է որ Չարենց կը համարուի ազգին հայրենասիրական ոգին վառ պահող բանաստեղծ, սակայն անոր այլ ոճի քերթուածները եւս կրնան ունենալ իրենց ազդեցութիւնը, անշուշտ ոչ մեծ հասարակութեան, բայց գոնէ արուեստագէտներու շրջանակի մը վրայ:
Բ. Կ’ըսուի՝ «Չարենցի արուեստը ներկայացւում է սխալ եւ վտանգաւոր կերպով, իսկ բանաստեղծը օգտագործւում է որպէս գործիք»:
Հետաքրքրական դիտում:
1- Արուեստի կամ գրականութեան մէջ ո՞վ կ’որոշէ ճիշդն ու սխալը, եւ ընդհանրապէս՝ արուեստի մէջ կա՞յ ճիշդ եւ սխալ:
2- Ինչո՞ւ նման ցուցադրութիւն «վտանգաւոր» կը համարուի: Ոչ մէկ բացատրութիւն տրուած է այս մասին: Արդեօ՞ք վտանգաւորը կը վերաբերի Չարենցի վարկին. բայց նման ցուցադրութիւն կրնա՞յ վտանգ հանդիսանալ Չարենցի նման հզօր բանաստեղծի մը համար, որ աւելի քան կէս դար արդէն հաստատեր է իր ազդեցութիւնը: Թէ՞ վտանգը այս ցուցադրութիւնը դիտողներուն համար է: Ի՞նչ ոճի վտանգ՝ բարոյակա՞ն, ազգայի՞ն … Մի՛ մոռնաք որ այսօր համացանցի անսահման կարելիութիւններուն առջեւ վտանգը շատ աւելի առարկայական է, քան արուեստի ցուցադրութեան մը պարագային:
3- Ո՞ւր էին այս վտանգը նշմարողները, երբ գրական երկեր կը հրատարակուէին եւ կը շարունակեն հրատարակուիլ, ամբողջապէս սեռայնական գոլով յագեցած, հաստատուած հեղինակներու կողմէ, ինչպէս Գուրգէն Խանջեանի կամ Նորայր Ադալեանի վէպերը, կամ այն բոլոր գեղանկարներուն մերկերը, որոնք խիտ կերպով ներկայ են դասական նկարչութեան մէջ:
Շարունակելով ընթերցումը, կը կարդանք ցուցահանդէսի յայտարարութեան մէջ.
«Չարենցի գործերը, որոնցում սեռականութիւնը անձնական կրքերի ռոմանթիկ արտայայտութիւնից զատ, խորհրդանշում է անհատական եւ հասարակական ազատութիւններ, մարտահրաւէր են հանդիսացել իր ժամանակների պահպանողական մշակութային, սոցիալական համակարգերին՝ պահպանելով իրենց կարեւորութիւնը մերօրեայ հասարակական միջավայրում, որտեղ անհատական ազատութիւնները չափազանց զգայուն են»:
«Սեռականութիւնը խորհրդանշում է անհատական եւ հասարակական ազատութիւններ». բայց արուե՛ստը ինք բոլոր ժամանակներուն մէջ ալ եղած է խորհրդանիշը անհատական եւ հասարակական ազատութիւններու, ի՛նչ ալ ըլլայ այդ արուեստը՝ էրոթիք ստեղծագործութիւն թէ մերկերու նկարներ (նոյնիսկ Սիսթին մատուռին մէջ). ինչո՞ւ ուրեմն Չարենցի արուեստը տարբեր եւ «վտանգաւոր» նկատել, հասկնալի չէ:
«Այս ցուցահանդէսը ԺԱԻ եւ ArtNexus-ի յայտարարած «Փոխկապակցում» մրցոյթի մասն է։ Մրցոյթի նպատակն էր Հայաստանի թանգարանների, համադրողների եւ արուեստագէտների միջեւ կապերի ստեղծումը՝ համատեղ նախագծերի իրականացման միջոցով», գրուած է յայտարարութեան մէջ: Ի՞նչ վատ բան կայ այստեղ, պիտի ըսէր հայաստանցին…
«Կոնցեպտ (մտայղացք) «Մաքուր ու մերկ» ցուցահանդէսը անդրադառնում է Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւնների ժամանակին անտիպ, էրոթիք հատուածին եւ մեր օրերում ստեղծագործող արուեստագէտների մերկութեան գեղագիտական ընկալումների շուրջ արուած աշխատանքներին, որոնք ուսումնասիրում են մարմնի գեղագիտութիւնը եւ մերկութեան ազատականութիւնը՝ մերօրեայ համաթեքստում»։
Թերեւս բառերը, որոնք օգտագործուած են այս հատուածին մէջ, աւելի փորնոկրաֆիք են, քան՝ էրոթիք (անոնց տարբերութիւնը յստակ պէտք է ըլլայ ընթերցողին համար):
Նախ՝ «մաքուր եւ մերկ». ասիկա ընթերցողին անմիջապէս կը յուշէ հակադրութիւնը՝ մերկը աղտո՞տ է, որ հոս կը շեշտուի «մաքուր»-ը:
Յետոյ ճիշդ ի՞նչ կը նշանակէ «մարմնի գեղագիտութիւն եւ մերկութեան ազատականութիւն»…
Անկախ ասկէ, իրապէ՛ս հետաքրքրական պիտի ըլլար տեսնել Չարենցի ստեղծագործութիւններու ազդեցութեան տակ ստեղծագործուած նկարներն ու արուեստի գործերը:
Բայց այս ցուցահանդէսին դէմ եղողները լրիւ մոռցած կը թուին ըլլալ, որ գրագէտ-արուեստագէտին համար ամէնէն առաջին եւ մեծագոյն պայմանը ազատութիւնն է՝ մտածելու, ստեղծագործելու, նաեւ ի՛ր ուզած ձեւով ապրելու ազատութիւնը, որ բանավէճի նիւթ բնաւ պէտք չէ դառնայ:
«Ցուցահանդէսը յաւակնում է ներկայացնելու մերկութեան եւ գեղագիտութեան դերը ժամանակակից արուեստում… մերկութիւնն ու սեռականութիւնը դիտարկելով որպէս անհատական ազատութեան եւ անկաշկանդ բնոյթի սիմպոլներ՝ մարմնի եւ ոգեղէնի ներդաշնակութեան, ազատութեան արուեստային դրսեւորումների միջոցով»:
Այս ամբողջ հատուածին մէջ ամէնէն յատկանշականը «մարմնի եւ ոգեղէնի ներդաշնակութիւն»-ն է: Յստակ չէ՞, թէ
բոլոր այն գրագէտ-արուեստագէտները, որոնք անդրադարձեր են սեռայնութեան, ա՛յս կէտը միշտ ունեցեր են որպէս ուղենիշ՝ մարմնի եւ հոգիի ներդաշնակութիւնը:
Ամբողջ ըսի-ըսաւ մը կայ դիմատետրեան գրառումին տակ, հետաքրքրական բայց աժան հակազդեցութիւններով, որոնցմէ մէկը միայն՝ արձակագրուհի Սուսաննա Խաչատրեան տրամաբանական առաջարկ մը կ’ընէ.
«Արա Զարգարեան ջան, միգուցէ ստացուած ցուցադրութիւն լինի, ինչու էք վատատեսական տրամադրուած, հնարաւորութեան դէպքում գնացէք մասնակցէք, մեզ հետ էլ կը կիսուէք տպաւորութիւններով, ես ծանօթ եմ թանգարանի ղեկավարութեանը, բաւականին սրտացաւ, բանիմաց մասնագէտներ են, եթէ թանգարանի ղեկավարութիւնը դէմ չէ, ապա չեմ կարծում իմաստ ունի այսքան սրտնեղել, ամէն դէպքում նորութիւն է, նոր մեկնաբանութիւն, տրամաբանութիւն, կարելի է մասնակցել, իսկ ընդունել-չընդունելը ցուցադրութիւնից յետոյ կը հասկանանք, նախապէս անտեղեակ լինելով տրամադրուելն էլ կարծում եմ լաւ չէ»:
Կարելի էր նաեւ մէջբերել քանի մը քերթուածներ Չարենցի այս վիճայարոյց գործերէն, որոնք հրատարակուած են թէեւ գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեանի խմբագրութեամբ եւ պետպատուէրով (500 տպաքանակով),  սակայն ամբողջութիւնը կալանքի տակ առնուած է Անահիտ Չարենցի կողմէ, եւ կը պահուի Չարենցի տուն-թանգարանի նկուղներուն մէջ հաւանաբար:
Մարուշ Երամեան