Կ’ապրինք արագ զարգացող աշխարհի մը մէջ, իսկ տարիներու ընթացքին Սուրիոյ կրած դժուարութիւնները բնականաբար իրենց անդրադարձը կ’ունենան երիտասարդութեան վրայ։ Երիտասարդական միութիւնները պարարտ հող կը համարուին երիտասարդութիւնը պատնէշի վրայ պահելու, անոր դժուարութիւններու յաղթահարման կամք ու կորով ներշնչելու եւ երիտասարդութեան ձգտումներուն թարգմանը հանդիսանալու։
Այս նիւթին շուրջ «Գանձասար»-ի երիտասարդ լրագրողներ զրոյց մը վարեցին Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վիգէն Չաղլասեանի հետ, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ, թէկուզ քիչ մը յապաղումով։
«Գանձասար»- Երիտասարդութեան հետ ձեր անմիջական եւ ամէնօրեայ կապին բերումով ինչպիսի՞ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը տեսնէք սուրիահայ երիտասարդը։
Վ. Չ.- Հիմնական դժուարութիւնը տնտեսական դժուարութիւնն է։ Երիտասարդը ծանրաբեռնուած է թէ՛ ուսումով եւ թէ գործով, որովհետեւ երկուքն ալ անհրաժեշտ են։ Այս իրողութիւնը իր միութենական աշխատանքը մասամբ կը դժուարացնէ, հետեւաբար իր գիտակցութեան ձգուած է ծառայելու պատրաստակամութիւնը։ Բարեբախտաբար Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամները այդ գիտակցութեամբ հասակ առած են միութեան շարքերուն մէջ։
Երկրի տնտեսական ծանր պայմանները երիտասարդի երազներուն իրականացման արգելք կը հանդիսանան եւ երբեմն կը ստիպեն որ գաղթի մասին մտածէ։ Այս բոլորին կողքին իւրաքանչիւր երիտասարդի առջեւ բաց են առցանց հարթակները, որոնց միջոցաւ կրնայ տեսնել այլ երկիրներու մէջ ապրող երիտասարդներուն վայելած դիւրութիւնները եւ մտածել գաղթի մասին։ Այսուհանդերձ յոյս ունինք եւ կը հաւատանք, որ երկրի պայմանները ժամանակաւոր են, կը բարելաւուին եւ մեր երիտասարդները կարելիութիւն կ’ունենան իրենց ձգտումները իրականացնելու աշխատանքի տարբեր ասպարէզներու մէջ։
«Գ.»- Իբրեւ միութեան պատասխանատու մարմին ի՞նչ լուծումներու կը դիմէք, որպէսզի մասամբ երիտասարդին օգնէք դիմագրաւելու ձեր յիշած դժուարութիւնները, մանաւանդ ուսման եւ գործի ասպարէզներուն մէջ։
Վ. Չ.- ՍԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կարելին կ’ընէ հասկնալու երիտասարդը եւ օգտակար դառնալու անոր, երբեմն ապահովելով յարմար գործ համայնքի կառոյցներէն ներս, երբեմն ալ երիտասարդներուն միջեւ գործակցութեան պատեհութիւններ ստեղծելով։
«Գ.»- ՍԵՄ-ը որպէս հայկական երիտասարդական միութիւն, դաստիարակչական ի՞նչ միջոցներով կ’իրականացնէ իր առաքելութիւնը՝ պատրաստելու գիտակից, աշխատասէր եւ անձնականին կողքին ընդհանրական շահերուն ծառայող երիտասարդութիւն։
Վ. Չ.- ՍԵՄ-ը ունի իւրաքանչիւր տարիքի յատուկ ծրագիր, որ կ’իրականանայ դասախօսութիւններու, զրոյցներու եւ գործնական աշխատանքներու ճամբով։ Այդ ծրագիրը կ’ընդգրկէ պատմաաշխարհագրական, գաղափարական, քաղաքագիտական, կրօնական, հոգեբանական եւ ազգային նիւթեր։ Այս ծրագիրը իրագործելու համար Կ.Վ.-ը իր մասնաճիւղերու վարչութիւններուն աշխատանքին կը հսկէ եւ իր կարգին կը կազմակերպէ միջմասնաճիւղային սեմինարներ, ուր կը ներկայանան մասնագէտ դասախօսներ։
«Գ.»- ՍԵՄ-ը ինչպէ՞ս կրնայ իր երիտասարդները կառչած պահել ազգային կեանքին եւ միաժամանակ բաց պահել զայն համաշխարհային զարգացումներու դիմաց:
Վ. Չ.- Միութիւնը տեւաբար կը շեշտէ այն միտքը, թէ երիտասարդը պէտք է գիտակցի, որ ազգային արժէքները իր ինքնութիւնն ու էութիւնն են եւ կառչած պէտք է մնայ այդ ժառանգութեան՝ առանց տարուելու ապազգայնացնող հոսանքներով, բայց միաժամանակ պէտք է օգտուի համաշխարհային զարգացող ծրագիրներէ եւ ազգայինն ու համաշխարհայինը դարձնէ զիրար ամբողջացնող, ոչ թէ զիրար հակասող ներկայութիւն իր կեանքին մէջ, այնուհետեւ այս մէկը ծառայեցնէ իրեն, ազգին ու համայնքին։
«Գ.»- Որպէս պատասխանատու մարմին ի՞նչ քայլերու կրնաք ձեռնարկել երիտասարդը զերծ պահելու համաշխարհայնացման ազգակործան ալիքներէ։
Վ. Չ.- Երիտասարդութեան իւրայատկութիւնն է քայլ պահել զարգացման հետ։ Եթէ ան առողջ դաստիարակութիւն ստանայ, լաւ միջավայրի մէջ հասակ առնէ, կրնայ զանազանել օգտակարը վնասակարէն։ Երիտասարդին սկզբունքները ամրապնդելու համար անհրաժեշտ է զրոյցներ վարել, որպէսզի առիթ ունենայ արտայայտուելու, ծանօթանայ տարբեր կարծիքներու եւ բազմակարծութեամբ իր միտքը հարստացնէ։
«Գ.»- Երիտասարդութիւնը միշտ կարիք ունի զգալու, որ մասնակցող ու արտայայտուող է, ոչ թէ միայն հետեւող ու լսող: ՍԵՄ-ը որքանո՞վ երիտասարդութիւնը կը ներառէ միութիւններու թէ համայնքի տարբեր աշխատանքներուն մէջ ու կը մղէ զայն պատասխանատու պաշտօններ ստանձնելու։
Վ. Չ. – Ներկայ երիտասարդութիւնը խօսող ու արտայայտուող է։ Արդէն այս է երիտասարդէն պահանջուսածը։ Երիտասարդը խօսելու կողքին պէտք է լսել գիտնայ նաեւ։ Երիտասարդութեան ձայնը հասանելի է եւ լսելի։
Մեր միութեան մէջ իւրաքանչիւր երիտասարդ իրաւունք ունի խօսելու ու բաժնեկցելու միտքերը իր ընկերներուն հետ, իր ժողովներուն ընթացքին, ուր կը ստեղծուի զրոյցի առողջ մթնոլորտ։ Ասոր կողքին ՍԵՄ-ականը պէտք է լսէ ու ըմբռնէ երէցին խօսքը եւ օգտուի ու սորվի անոր փորձառութենէն, որովհետեւ ՍԵՄ-ը հայ երիտասարդին դպրոցն է՝ թրծուելու ազգային առողջ ոգիով եւ յեղափոխական միտքով, որպէսզի որոշ հասունութիւն ձեռք բերելէ ետք, յարմարագոյն եւ նախասիրած ոլորտին մէջ իր տեղը ունենայ: Այնտեղ պիտի ներկայացնէ նոր սերունդին մտածելակերպն ու ձգտումները, նոր թափ ու եռանդ պիտի հաղորդէ իր աշխատած ոլորտին, միաժամանակ պիտի օգտուի երէցին փորձառութենէն եւ գործելակերպէն։ ՍԵՄ-ականը միութեան տարբեր աշխատանքներուն մէջ միայն գիտելիք չի ստանար, այլ կը զարգացնէ իր ունակութիւնները, կը բարելաւէ յարաբերութիւնները եւ համարձակ ու գործունեայ տարր կը դառնայ։
Հարցազրոյցը վարեցին
Համազասպ Շահինեան
Սելա Պազարպաշեան