Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ծիսակարգին մէջ կան տօներ, աւանդոյթներ, ինչպէս նաեւ հեթանոսական սովորութիւններ, որոնք մեր երանելի հայրապետները յաջողած են հաստատել որպէս քրիստոնէական կերպարի մարմնաւորում, հեռացնելու համար հայ ժողովուրդը հեթանոսական սովորութիւններէ եւ հաստատելու քրիստոնէականը։
Մեր երկար տարիներու սպասաւորութիւնը եկեղեցիէն ներս, ինչպէս նաեւ ականատես վկան ըլլալը մեր ժողովուրդի եկեղեցւոյ շրջագիծէն ներս կիրարկուած աւանդութեանց, մեզ ականատեսը կը դարձնէ նաեւ ոչ-հայկական կարգ մը սովորութիւններու եւ աւանդութիւններու, զորս մեր ժողովուրդը կիրարկել սկսած է եւ արտօնած անոր թափանցումը մեր կեանքէն ներս, եկեղեցական աւանդութիւններուն կողքին։ Չենք խօսիր այն մասին, թէ ովքե՛ր են այս թիւր սովորութիւնները մեզի ճաշակել տուողը, սակայն պիտի խօսինք վերջին տարիներու այլ ազգերու ե՛ւ կրօնական, ե՛ւ աւանդական սովորութիւնները մեզի հրամցնելու, իսկ մեզմէ շատերու կողմէ սեփականացուելու երեւոյթին մասին։
Որպէս օրինակ առնենք Ս. Վալանթայնի տօնը, որուն նկատմամբ խոր յարգանք ունենալով մէկտեղ հարց կու տանք, թէ ինչո՛ւ մեր ազգային սիրոյ օրինակը՝ Ս. Սարգիսը չեն յիշեր որպէս սիրոյ բարեխօս եւ մեր ազգի զաւակները կը մոռնան, որ հայերը եւս ունին սիրոյ տօնը, որ կը կոչուի Ս. Սարգիս։ Կարճ նախաբանէ մը ետք միասին վերյիշենք Առաջաւորաց պահքի եւ սուրբ Սարգիսի շաբթուան տօնակատարութիւնները։
Առաջաւորաց պահքը Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ առաջին պահքն է, ուստի այն յատուկ է միայն Հայ եկեղեցոյ: Ան 11 շաբաթապահքերէն մէկն է եւ կը տեւէ հինգ օր՝ Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ, կը պահուի նաեւ Մեծ պահքէն երեք շաբաթ առաջ:
Այս պահքը սահմանած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը Խոր Վիրապէն ելլելէն ետք: Ինչպէս կը վկայեն եկեղեցական հայրեր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Տրդատ թագաւորը մկրտելէն առաջ, 65 օր, գիշեր ու ցերեկ շարունակաբար քարոզեց, խրատեց, սորվեցուց, գօտեպնդեց՝ իմաստուն բժիշկի պէս ջանալով գտնել օգտակար դեղը, աղօթքով հայ ժողովուրդը պատրաստեց Աւետարանի վեհ պատգամներուն համար, ապա սահմանեց հնգօրեայ ծոմապահութիւն՝ ի յիշատակ Հայաստանի լուսաւորութեան: Թագաւորներն ու նախարարները հինգ օր ծոմ պահելով փրկուեցան զիրենք տանջող ցաւերէն ու հիւանդութիւններէն: Գրիգոր Լուսաւորիչ հաստատեց զայն ի յիշատակ վերոյիշեալ փրկչական ծոմապահութեան եւ պատուիրեց ամէն տարի շարունակել նոյնութեամբ: Եւ քանի որ այս պահքը առաջինը եղաւ Հայաստանի մէջ, ուստի կոչուեցաւ «Առաջաւորաց Պահք» եւ համարուեցաւ հայոց առաջին ազգային պահքը:
Այս պահքի հինգերորդ՝ Ուրբաթ օրը, պահոց օր ըլլալով հանդերձ, Յովնան մարգարէի յիշատակութեան օրն է՝ իբրեւ ապաշխարութեան եւ ծոմապահութեան օրինակ: Իսկ յաջորդ՝ Շաբաթ օրը, կը տօնենք Սուրբ Սարգիս զօրավարին եւ անոր որդիին՝ Մարտիրոսի եւ 14 զինուորներու տօնը:
Ի միջի այլոց այստեղէն ալ յառաջացաւ Առաջաւոր պահքի թիւրիմացաբար Սուրբ Սարգիսի պահք անուանումը, քանի որ ըստ եկեղեցական կանոնի՝ սուրբերու տօներուն համար պահք չէ սահմանուած, հետեւաբար Սուրբ Սարգիսի տօնը չի կրնար պահք ունենալ, բայց ընդհանրացուած թիւրիմացութիւնը կը շարունակուի գործածուիլ մեր հաւատացեալներուն կողմէ մինչեւ օրս։
Արդարեւ, պէտք է յատկապէս նշել, թէ հին ժամանակներուն «պահք» ըսելով կը հասկցուէր մեր այսօրուան ծոմը՝ այսինքն ընդհանրապէս ոչ մէկ բան կ’ուտէին, ջուրի սակաւ գործածութեամբ միայն, կամ կ’ուտէին միայն քիչ բանջարեղէն։ Բայց աւելի ուշ ժամանակներուն, բանջարեղէնին աւելցուեցան բուսական ծագում ունեցող այլ կերակուրներ եւ մեղր։ Ասիկա որպէս տարբերակ մտաւ պահքի եւ ծոմի միջեւ՝ ծոմը դարձնելով պահքին աւելի խիստ տեսակը։
Իսկ ինչո՞ւ 5 օր պահք կը պահուի։
Հայ Եկեղեցւոյ հայրերը քանի մը բացատրութիւն կու տան այս գծով։
Ա) Ինչպէս արդէն ըսուեցաւ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին կարգադրութեամբ ամբողջ արքունիքը եւ հայ ժողովուրդը ապաշխարութեան մէջ եղան 5 օր։
Բ) Քանի որ մարդը հինգ զգայարան ունի՝ տեսանելիք՝ աչքերը, լսելիք՝ ականջները, հոտոտելիք՝ քիթը, ճաշակելիք՝ բերանը եւ շօշափելիք՝ ձեռքերը եւ ոտքերը, որոնցմով կը մեղանչէ. ուստի այս պահքի հինգ օրերուն ընթացքին պիտի զղջայ այս հինգ զգայարաններով կատարած իր մեղքերուն համար, պիտի խոստովանի զանոնք Աստուծոյ եւ պիտի ջանայ այլեւս չկատարել զանոնք։
Գ) Ինչպէս յայտնի է, Աստուած աշխարհը եւ հոն եղած ամէն ինչ ստեղծեց 6 օրուան մէջ։ Վեցերորդ օրը ստեղծեց մարդը ու թէեւ մինչ այդ ստեղծած էր ամէն տեսակի կենդանիներ, տուաւ անոնց աճելու եւ բազմանալու հրաման, սակայն ուտելու հրաման չէր տուած։ Այդ հրամանը (ԾՆՆԴ. Ա 29-30) մարդուն եւ ամբողջ կենդանական աշխարհին տուաւ միա՛յն վեցերորդ օրը, այսինքն՝ 5 օրէն յետոյ։
Ուրեմն աշխարհի ստեղծման առաջին 5 օրը, կարելի է ըսել պահքի կամ ծոմի օրեր էին, քանի որ ո՛չ մէկ տարր կը սնանէր։
Դ) Ըստ Եկեղեցւոյ՝ այս պահքը սահմանուած էր նաեւ Մովսէսէն առաջ եղած նահապետներու կողմէ։ Ըստ աւանդութեան, դրախտէն արտաքսուելէն յետոյ Ադամ 5 օր անօթի մնաց։ Ադամէն սորվելով՝ իր որդիներն ալ սկսան հնգօրեայ պահք պահել, օրինակ, Աբէլը՝ զոհ մատուցանելէ առաջ, կամ Սէթը, երբ իր հայր Ադամը մեռաւ։ Ենովքն ալ 5 օր պահք կը պահէր ամէն ամսամուտին, իսկ Նոյը այս պահքը պահած էր տապան մտնելէն առաջ եւ հոնկէ ելլելէն յետոյ։
Աբրահամ, Յակոբ եւ Յովսէփ նոյնպէս հնգօրեայ պահք պահած են։ Եւ ըստ Հայ եկեղեցւոյ հայրերու բացատրութեան, Առաջաւորաց պահքի նաեւ նահապետներէն սահմանուած ըլլալուն բերումով, պահքի առաջին չորս օրերու ընթացքին՝ Երկուշաբթիէն մինչեւ Հինգշաբթի, Աստուածաշունչէն հատուածներ չեն կարդացուիր եկեղեցւոյ մէջ, քանի որ այս պահքը հաստատուեցաւ այն ժամանակ, երբ դեռ չէին գրուած ո՛չ Հին Կտակարանի, ոչ ալ առաւել եւս Նոր Կտակարանի գիրքերը։
Համադրեց
Յակոբ Ա. Սրկ. Պարսումեան