Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնին նախորդող Երկուշաբթի օրէն կը սկսի Առաջաւորաց պահքը՝ որ յատուկ է միայն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ կը տեւէ հինգ օր։ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն ելլելէն յետոյ, նախքան հրաշքով Տրդատ թագաւորը դարձի բերելը, հայոց մեծամեծները եւ ամբողջ ժողովուրդը մկրտելը, 65 օր շարունակ կը քարոզէ Քրիստոսի վարդապետութիւնը, որմէ յետոյ կը պատուիրէ 5 օր ապաշխարել պահեցողութեամբ։
Առաջաւորաց պահքը Քրիստոսը ընդունելու եւ Քրիստոնէական կրօնը որպէս ճշմարտութիւն յայտարարելու ժամանակամիջոցն էր: Քրիստոնեայ եղողը անհրաժեշտօրէն պէտք էր հարաժարէր իր նախկին հեթանոսական կենցաղէն ու ապրելակերպէն եւ ապաշխարելով՝ նորոգուած միտքով նոր մարդ եղած ապրէր նոր կեանքը: Այդ իսկ պատճառով Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետ հինգ օրուան ապաշխարութեան ընթացք մը ճշդեց:
Առաջաւորաց պահքը անկախ իր ժողովրդային հասկացութենէն, իր մէջ կը բովանդակէ ճշմարտութիւններ եւ խորհուրդներ: Պահքը՝ սովորական երեւոյթ մը չէ, միայն ուտելիքի, խմելիքի եւ աշխարհային ցանկութիւններէ հեռանալը չէ, այլ կեանքի ուղիի ճշդումն է, կեանքը մշակելու եւ Աստուածահաճոյ ընթացքով կեանքը ապրելու կողմնացոյցն է: «Metanoia», որ կը նաշանակէ ընթացքի փոփոխութիւն:
Առաջաւորաց պահքը ձեւով մը պատրաստութիւն է դիմաւորելու քառասնորդաց պահեցողութիւնը: Աստուածաշունչը եւ եկեղեցւոյ հայրերը ի զուր չեն ճշդած պահեցողութեան եւ ծոմապահութեան օրեր: Ընդհանրապէս պահեցողութեան օրերը մարդուն ներաշխարհը ինքնաքննութեան ենթարկելու, վերասրբագրման ընթացքին մէջ դնելու առիթ են, ինքզինք ճանչնալու, բարեմասնութիւններն ու արժանիքները, թերութիւններն ու մոլութիւնները, մեղքերն ու սխալները տեսնելու, բացայայտելու եւ սրբագրելու ամենաշինիչ հոգեկիրթ եւ դաստիարակիչ առիթ-ժամանակն են: Պահքը կեանքը հակակշռող եւ չափաւորող, հոգեւոր ուժն ու կամքը զօրացնող միջոցն է:
Պահեցողութեան աղբիւրը Աստուածաշունչն է: Հին Ուխտէն մինչեւ Նոր Ուխտ պահքի եւ ծոմապահութեան հասկացութիւնը գերակշիռ է: Օրինակ՝ Մովսէս մարգարէ (տես՝ Ելք 34.28), Եղիա մարգարէ (տես՝ Գ. Թգ 19.8), Յովհաննէս Մկրտիչ (տես՝ Ղկ 1.80) եւ Քրիստոս (տես՝ Մտ 4.2, Ղկ 4.2): Բոլոր նախահայրերը, մարգարէները, Քրիստոս եւ նոյնիսկ առաքեալները, նախքան Աստուծոյ խօսքի տարածման աշխատանքի լծուիլը, կ’առանձնանան, լեռ կը բարձրանան, կ’աղօթեն եւ «Պահօք եւ աղօթիւք» իրենց հոգիները կը զօրացնեն:
Ահաւասիկ պահքին իմաստը, զօրացնել հոգին, աշխարհայինէն հրաժարիլ եւ կառչիլ Աստուածայինին: Պահքը միայն այս տեսակ կամ այն տեսակ կերակուր ուտելու կամ չուտելու նախընտրութիւն չէ, այլ ըստ Եսայի Մարգարէին «Պահք է՝ անիրաւութիւն չընելը. պահք է՝ թշնամութենէ, հայհոյութենէ, եւ այլ խարդախ եւ յոռի ունակութիւններէ հրաժարիլը» (տես՛ Ես 1.11-25), պահքի յստակ եւ ամփոփ իմաստը արդէն իսկ Եսայի Մարգարէն 2700 տարի առաջ մարդոց հրամցուցած է: (Կարդա՛ Եսայիի մարգարէութեան 58-րդ գլուխը):
Այսօ՛ր ալ կ’ապրինք աշխարհային մտայնութեամբ, աշխարհայնացման հոսանքը մեզ դէպի անդունդ, անորոշ եւ մութ վայրեր կը քշէ: Սակայն Աստուած իր անսահման սէրէն, ողորմութենէն մղուած՝ Աստուածաշունչէն բխած ճշմարտութեան խօսքերով կու գայ անգամ մը եւս խոր թմբիրէն արթնցնելու մարդս եւ ապաշխարհութեան հրաւիրելու, որպէսզի լիովին հեռանայ կիրքերէ ու ցանկութիւններէ եւ հրաժարի աշխարհիկ կառչածութենէ եւ ազատագրուելով ամէն տեսակ արգելքներէ ու կաշկանդումներէ, նորոգուած մտածելակերպով ու ապրելակերպով նորովի ապրի նոր կեանքը:
Այստեղ հարկ է յիշել, որ Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը կը զուգադիպի Առաջաւորաց պահքի շաբթուան, որուն պատճառով թիւրիմացաբար շատերու կողմէ կը կոչուի «Սուրբ Սարգիսի պահք»։ Սակայն նախընտրելի է գործածել պահքին բուն՝ իսկական անունը, քանի որ Առաջաւորաց Պահքը Սուրբ Սարգիսի տօնին հետ ոչ մէկ կապ ունի։ Ուստի Առաջաւորաց Պահքին հաստատման պատճառը բոլորովին տարբեր է, ինչպէս վերը  յիշուեցաւ։
Բարի եւ ընդունելի պահեցողութեան լաւագոյն մաղթանքներով:
Արմէն աբղ.