_ Պարո՛ն, ինչո՞ւ մայրանոց կայ, բայց հայրանոց չկայ:
Հակառակ անոր, որ մանկութենէս մօրս հետ մայրանոց կ’երթայի, սակայն ոչինչ կը հասկնայի մայրանոցին բնոյթէն. հաւանաբար հոնկէ կու գար հարցումը, զոր հարցուցեր եմ եղեր պարոն Վահէ Ժամագործեանին, ինքն ալ խնդալով պատմեր է մերիններուն:
Երբ մայրանոց հասնէինք, մայրս կը մտնէր «դայեակներուն սենեակը» հագուստները փոխելու եւ ճերմակ շապիկը հագնելու. յետոյ կ’ելլէր, ու ես, մինչեւ ճաշի ժամը, ա՛լ չէի տեսներ զինք:
Լաւ կը յիշեմ Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոցի կառոյցին բոլոր մանրամասնութիւնները, որոնք տարիներուն հետ բաւական փոխուեցան, իսկ մայրանոցը ինք, Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն վերածուեցաւ ծերանոցի, ուր փոխադրուեցան Հալէպի Հայ Ծերանոցի բնակիչները, որովհետեւ կառոյցը շատ վտանգաւոր շրջանի մը մէջ էր եւ ծանրօրէն վնասուած:
Մուտքի մեծ դարպասին ճիշդ դիմացը աստիճաններն էին, որոնք մայրանոցը պալատի մը կը վերածէին միտքիս մէջ: Աջին, բակին բաւական խորը կար գիշերային պահակին՝ տիկին Մաննիկին եւ իր բազմաթիւ կատուներուն տունը:
Ձախին պահակ պարոն Պետրոսին փոքրիկ տնակն էր, ետեւը՝ գեղեցիկ, ծաղկաւէտ պարտէզը, ուր յաճախ կը խաղայի, բարկացնելով պարոն Պետրոսը, որ նաեւ այդ պարտէզը խնամողն էր. կը վախնար որ կոխկռտեմ ծաղիկներուն վրայ եւ իր գործը փճացնեմ:
Աստիճանները բարձրանալէ ետք մեծ, տախտակեայ դարպասն էր, ուրկէ ներս կը բացուէր մայրանոցին գլխաւոր սրահը՝ մեծ, լուսաւոր, հաճելի, աջին ու ձախին բացուող դռներով:
Մուտքի դռնէն երբ կը մտնէք, ձեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ դիմացի պատին ամրացուած մեծ դիմանկարը երիտասարդ եւ գեղեցիկ կնոջ մը՝ Վերժին Կիւլպէնկեանի: Այդ դիմանկարը երեւակայութիւնս կը լարէր, զինք կը դնէի կեանքի տարբեր պայմաններու մէջ, ըստ իր հագուածքին եւ մազերուն սանտրուածքին, նաեւ՝ ըստ իմ տրամադրութեանս:
Բայց երբ իմացայ, թէ այս երիտասարդ եւ գեղեցիկ տիկինը մահացեր է զաւկին ծնունդ տալու ընթացքին, եւ այս մայրանոցը ի՛ր յիշատակին կառուցուեր է (պաշտօնական բացումը՝ 9 Փետրուար 1935), այնքան տխրեցայ, որ ա՛լ չփորձեցի երեւակայութեանս խաղը խաղալ: Ամէնէն տխուր իրականութիւնը գիտէի հիմա՝ երիտասարդ մեռեր էր, 32 տարեկանին:
Որքա՜ն կ’ափսոսամ, որ այդ մեծ լուսանկարին պատճէնն իսկ չկայ այսօր համացանցին մէջ, ուր շա՜տ բան կայ:
Չկան նաեւ այլ յիշատակելի բաներ, ինչպէս օրինակ «Երիտասարդ Հայուհի»-ի լրիւ, կազմուած հաւաքածոն, զոր մեծ ուրախութեամբ կը թերթատէի եւ հոն հրատարակուած հեքիաթները կը կարդայի: Չկայ նաեւ անկիւնաւոր նստարանը:
Մեծ սրահին ամէնէն հետաքրքրականը ինծի համար ձախ անկիւնի այդ նստարանն էր, որուն նմանին այլ տեղ բնաւ չեմ հանդիպած:
Պատի անկիւնին հետ դէպի դուրս անկիւն կազմած այդ նստարանը իմ սիրելի «խաղավայրս» դարձեր էր. յաճախ կը ցատկէի ներս եւ հոն նստած պատմութիւններ կը պատմէի ինքզինքիս. նստարանը զիս կը բաժնէր շրջապատէն եւ ինքզինքիս կը վերադարձնէր: Այս բոլորին չէի գիտակցեր անշուշտ, պարզապէս ուրախ կը զգայի այդ փոքրիկ անկիւնին
մէջ:
Օր մըն ալ, կ’երեւի հոն երկար մնացեր եմ, լսեցի որ մայրս իմ մասիս կը հարցնէր նըրս Արմիկին.
_ Ո՛չ, տիկի՛ն Արուսեակ, չտեսայ…
Մայրս միւսներուն հարցուց, յետոյ խնդրեց, որ պարոն Պետրոսը «ետեւի թաղը» ղրկեն:
Այդ թաղը փոքրերուն խաղավայրը դարձեր էր, մի՛շտ գոռում-գոչումով լեցուն, ուր խաղցող փոքրերուն հմայքը այնքա՜ն մեծ կ’ըլլար երբեմն, որ փախուստ կու տայի հոն երթալու համար, ինքզինքիս խոստանալով՝ «մէկ վայրկեանէն ետ կու գամ», բայց անշուշտ իրենց հետ խաղով տարուած կը մոռնայի ինքզինքս:
Մայրս կարծեց թէ կրկին նման անհնազանդութիւն մը ըրեր եմ եւ առանց հրամանի ետեւի թաղը խաղալու գացեր եմ:
Այդ պահուն էր որ անդրադարձը, կրաֆիք նովէլներուն զրոյցներու ամպին նման, լուսաւորեց միտքս՝ ուրեմն մամաս ամէն բան չի տեսներ… Բայց ինք միշտ կ’ըսէր ու ես համոզուեր էի, որ այո՛, մամաները ամէ՛ն բան կը լսեն եւ կը տեսնեն… Ուրեմն այդպէս չէ՜ր…
Շարունակեցի այդ անկիւնին մէջ պահուըտած մնալ, սպասելով թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի գտնեն զիս:
Յետոյ ներսերէն մէկը եկաւ նստարանին վրայ կողմնակի նստաւ եւ … տեսաւ զիս:
Գիտէի որ պատիժս մեծ պիտի ըլլար:
Բայց չպատժուեցայ: Կ’երեւի մայրս իրապէ՛ս վախցեր էր վրաս…
Այդ նստարանէն անդին պատերը կը սեղմուէին ետեւը լայն անցք մը կազմելով, որուն ճիշդ դիմացը բարձր սեղանն էր, մեծ հեռաձայնը վրան:
Անցքի ձախին կը բացուէր մեծ սրահը, ուր քովէ քով շարուած անկողիններն էին անվճար տղացկաններուն, անոնց, որոնք չէին կրնար վճարել մայրանոցին ծախսերը: Այդ սրահը պարզապէս «սալոն» կը կոչուէր:
Աջին ծննդաբերութեան երկու սենեակներն էին, անոնց դիմաց՝ նորածիններուն սենեակը:
Մայրանոցը ինծի համար երկրորդ տուն մը դարձեր էր, որովհետեւ մօրս աշխատանքի ժամերը 12 էին՝ առաւօտեան 7-էն մինչեւ իրիկուան 7-ը, կամ իրիկուան 7-էն մինչեւ առաւօտ, երբ գիշերապահ ըլլար:
Ամէնէն սկիզբը, յուշերուս մէջ երկու, իրարմէ շատ տարբեր դայեակներ կային մօրս կողքին՝ մէկը տիկին Քաթրինն էր, անհաւատալիօրէն կապոյտ աչքով մը, որուն երկրորդ՝ կոյր աչքէն շատ կը վախնայի, մանաւանդ որ իր անգլերէնով խառն թրքերէնէն շատ բան չէի հասկնար: Երկրորդը տիկին Անէթան էր. Անէթա ըսիր անցա՞ր… փարթամ մարմնով, մի՛շտ գեղեցիկ հագուածքով եւ սեւ ծարիրուած աչքերով տիկին Անէթան կարծես շատ ալ կապ չունէր տղացկան կիներու ճիչերուն եւ «ճմռթկուած» նորածիններուն հետ: Բայց կ’ըսէին, թէ գործին մէջ շատ լաւ է:
Եղաւ շրջան մը, երբ մայրանոցը երեք դայեակներ ունենալէ ետք, ունեցեր էր երկու: Բայց երբ այդ երկրորդն ալ հրաժարական տուաւ _ կարծեմ տիկին Մարին էր, որ Պէյրութ փոխադրուեցաւ _ մայրս սկսաւ մայրանոցը… բնակիլ:
Մայրանոցին մէջ կարեւոր դեր ունէին _ գոնէ ինծի համար _ խոհարարուհին՝ տիկին Սիրանն ու իր փոխը՝ Մարին, որ բոլորին համար Մարոշիկ էր, կ’երեւի շատ կարճ հասակին եւ մանր մարմնին համար: Մարոշիկը այլ առեղծուած մըն ալ ունէր՝ չինացի էր. բայց թէ ուրկէ՞ եկեր Մայրանոց ինկեր էր այդ չինացին, չէի հասկնար:
_Մարոշիկը ինչպէ՞ս մայրանոց հասեր է,_ հարցուցի օր մը:
_Եկեր է աշխատելու:
_Չինաստան գործ չկա՞ր:
_Չինաստա՞ն,_ մայրս իրապէս զարմացեր էր:
_Չէ՞ որ չինացի է, Չինաստանէն եկած:
Մայրս պահ մը մտածեց, հասկցաւ ու ըսաւ.
_Հայ է, Կիւրիւնցիներուն Խանը կ’ապրի, պարզապէս աչքերը շատ փոքր եւ նեղ են…
Շատ չհամոզուեցայ, բայց լռեցի:
Այնքա՜ն բարի եւ ծառայասէր էր Մարոշիկը, Զէյթուն Խանի այն օրերու բոլոր բնակիչներուն պէս, որոնք կարծես մանկութեան Ջարդի արհաւիրքը ապրած, դարձեր էին աւելի բարի, աւելի խղճամիտ, աւելի իրարու վիճակէն հասկցող, իրարու օգնող:
Արդէն Ճեմարանական էի: Ընկերուհիս Արշոն յաճախ կու գար եւ երկրորդ յարկի մօրս սենեակին լայն պատուհանին մէջ նստած, կը շաղակրատէինք: Մեր զրոյցները վերջ չունէին. խօսելիք շատ բան կար, շատ հարցադրումներ ունէինք եւ մեր հարցումներուն պատասխանողներ չունէինք: Ստիպուած էինք խելք խելքի տալ եւ ամէնէն տրամաբանական պատասխանը ընտրել:
Աղուոր օրեր էին, երբ մեր գլխաւոր մտահոգութիւնները քննութիւններն էին եւ … մեր դասընկերներն ու աւելի բարձր դասարաններու տղաքը: Կային ընկերուհիներ, որոնք արդէն «ընկեր» ունէին եւ յետոյ, տարիներ ետք ամուսնացեր էին, աղուոր զոյգեր կազմելով:
Մայրանոցը շրջան մը երկրորդ տուն դարձեր էր ինծի համար. բայց ան ալ, ինչպէս գիրքերս եւ տետրերս, մնաց հոն, յուշերու աւելցող դէզին ամէնէն տակը:
Մարուշ Երամեան