Շատ հին ժամանակ Այտոր (հայու թոռ) կոչուած հայ նահապետ մը իր ժողովուրդով կը հասնի Իպերական թերակղզի։ Ան կը հանդիսանայ Իպերիոյ առաջին բնակիչը եւ արեւելեան ափին կը հաստատէ քաղաք մը, որ կոչուած է «Թորրակոնա, Թարաունա» (աղաւաղուած Տարօն, հին աղբիւրներուն մէջ Տարօն յայտնի է որպէս Տարաւնա)։ Բնակչութիւնը ճանչցուած է որպէս «Վասգոներ» (ոսկի գործող), որովհետեւ ունեցած է հմուտ, արհեստավարժ մետաղագործներ եւ ցորենի մշակներ:
Վասգոները եղած են Եւրոպայի գլխաւոր առեղծուածը կամ հանելուկը, որ մինչեւ օրս  կը տանջէ եւրոպացիին միտքը։ Ան խարխափելով մերթ զիրենք կ’որակէ՝
-Աթլանթիք ովկիանոսին մէջ կորուսեալ քաղաքի ժողովուրդին մնացորդները:
-Նախահնդեւրոպական ժողովուրդի մը մեկուսացած օրինակը:
-Գարթաճէն եկուոր ժողովուրդ մը:
-Կարգ մը գիտնականներ վերագրած են սելթերէ սերած ցեղախումբեր:
-Ուրիշներ կ’ենթադրեն, որ անոնք կօթեր կամ ֆրանքրիշներ են, վերջապէս՝ եւրոպացիներ եւ կամ փիւնիկեցիներ, աւելի ուշ՝ վրացիներ:
        Պասքերու տարածաշրջանները                   զանազան ժամանակներու մէջ
Տարբեր ու տարօրինակ տնօրինումներ, որոնք չեն համընկնիր իրականութեան. վերջապէս այս բոլորէն  ոչ մէկը հաղորդակից է իրականութեան։ Անոնք պարզապէս մտորումներ են։
Յիշուած տեսութիւններուն ջատագովներէն են Պասք Խաւիէր Քինթանան։ Ան կը պատրուակէ ըսելով, թէ պասքերու կամ հայերու լեզուն խառն է։ Պասքերէնը լատիներէնէ, սելթիպերեանէ եւ իպերեանէ կազմուած է, իսկ հայերէնը՝ արաբերէնէ, թրքերէնէ եւ ասորերէնէ:
Պասք հնագէտ Մերթխէ Ուրտեկա կը յայտնէ, թէ պասքեան տարածքին մէջ հայկական հետք չկայ:
Վազգոներու հայրենիքը տարածուած է Փիրենիի լեռնաշղթայի արեւմտեան վերջակէտէն, Պիսքէի ծոցէն դէպի հիւսիսային Իպերիա կամ Սպանիա:
Վազգոներու հնագոյն յիշատակութիւնները մեզի կը հասնին հռոմէական ժամանակաշրջանէն, ուր կը յիշատակուին Սթրապոն եւ Պլինոս, որոնք կ’ըսեն թէ «Իպերիոյ տարածքին կ’ապրին Վազգոն ցեղախումբեր»:
Վաղ միջնադարուն, Տեպա (հայերէնով Տեպետ) եւ Արաքսէս (հայերէնով Արաքս)  գետերու միջեւ ինկած տարածքը ճանչցուած էր որպէս Վազգոնիա, որպէս ցեղային անորոշ տարածք եւ քաղաքական միաւոր։ Ժողովուրդը կը պայքարէր իպերական, վեստ-գոթական եւ արաբական գերիշխանութեանց, ինչպէս նաեւ ֆրանքներու յարձակման դէմ: Առաջին հազարամեակի սկիզբները, Վասգոնիա կը մասնաւորուի տարբեր աւատատէրութիւններով, ինչպէս՝ Սուլ, Լապուրտ, Գասթիլ, Փամփլոնա, նաեւ Փիրենեան կոմսութիւններով, ինչպէս՝ Արաքոն, Սոպրարպէ, Ռիպաքորչա, որ հետագային կը դառնայ Արագոնի թագաւորութիւն ու 9-րդ եւ 10-րդ դարերուն Փալըրզի հետ կը կազմէ՝ Պասքի բնակչութեան հիմնական տարածաշրջանը՝ իր եօթը տարածքներով։ Ապա պասքերու կեդրոնական թագաւորութիւնը կ’ըլլայ Փամփլոնան, հետագային կը ճանչցուի  որպէս Նաւարրայի տարածք:
16-րդ դարուն, ներքին իշխանութիւններու միջեւ քաղաքական երկար պայքարը կը թուլցնէ իշխող կողմերը, ինչ որ առիթ կ’ընծայէ պասքերու հայրենիքին, մասնաւորաբար Նաւարրայի տարածաշրջանի բաժանումին։ Այսպէս պասքերու եօթը շրջանները կը բաժնուին ազգայնական Ֆրանսայի ու Սպանիոյ միջեւ, պահելով որոշ ինքնավար վարչակազմեր, մինչեւ Ֆրանսական Յեղափոխութիւն՝ 1790 թուական:
19-րդ դարուն, պասքերը գտնուելով բաժնուած վիճակի մէջ, կորսնցուցին նաեւ հայրենի հաստատութիւնները եւ օրէնքները, որոնք պահուած էին մինչեւ այդ ժամանակաշրջանը: Եկող ժամանակները պասքերուն համար եղան աւելի ճակատագրական։ Ֆրանսական տարածքները ենթարկուեցան աւելի խիստ պայմաններու հանդիպելով Ֆրանսական ազգային համոզումին, իսկ Սպանական շրջանները ունեցան աւելի մեղմ եւ ժամանակի հետ փոխուող զանազան ինքնավար վարչաձեւեր, որոնք կը շարունակուին մինչեւ օրս՝ տարբեր սահմաններով եւ իրաւունքներով:
Այսօր պասքերը եւս ունեցած են իրենց սփիւռքը՝ տնտեսական եւ քաղաքական պատճառներով։ Սփիւռքը տարածուած է առաւելաբար Չիլի, Քոլոմպիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Մեքսիքա, որպէս գերիշխող համայնքներ։ Պասքեր կան նաեւ Քանատայի, Հարաւային Ափրիկէի, Աւստրալիոյ եւ անշուշտ Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ մէջ, որպէս կայուն համայնքներ:
Պասքերու լեզուն կոչուած է «իւսքարա» Euskara կամ «պաթուա» «Batua», իսկ հայրենիքը «իւսքալ-հերրիա» «Euakal-Herria»: Պասքերէնը նաեւ ժամանակակից լեզու է եւ հաստատուած է որպէս գրաւոր եւ տպագիր լեզու, որ կ’օգտագործուի ժամանակակից բոլոր ձեւերով, շատ լայն շրջանակներու մէջ:
Պասքերը կրօնքով լատին կաթողիկէ են, սակայն Ժեննէ III Նաւարրայի հաւատացեալ թագուհիին օրերուն սկսաւ ծաղկիլ աւետարանական դաւանանքը՝ միսիոնարներու ջանքերով, ինչ որ պատճառ եղաւ Նոր Կտակարանի պասքերէն թարգմանութեան՝ ժէանի լէիզարրակայի կողմէ։ Հետագային ժողովուրդը վերադարձաւ իր պապենական դաւանանքին՝ Հէնրի III Նաւարրայի թագաւորին որոշումով:
              Պասքերու ներկայ տարածքը
Շատ հետաքրքրական է  իմանալ պասքերու հայկական արմատներն ու հետքերը։ Զուգադիպութիւններու համատեղութիւն մը գոյութիւն ունի պասքերու եւ հայերու միջեւ։ Անոնք  լեզուական ոլորտին մէջ ունին բառերու նոյնանման ընդարձակ պաշար մը, աւանդութիւններու, առասպելներու, հեքիաթներու, սովորութիւններու, պարերու եւ նոյնիսկ տեղանուններու նոյնութիւններ:
Որպէս հետքեր, առաջին անգամ 1610 թուականին սպանացի պատմաբան Գասպար Էսկոլանո իր «Վալենսիա Քաղաքի Պատմութիւնը» հատորին մէջ արտայայտած է հետեւեալը. «Ջրհեղեղէն ետք, ոմն «Տուբալ» Հայաստանէն իր ընտանիքով հաստատուեր է Սպանիոյ արեւելքը, ըստ պատմաբանին ընտանիքը հայ է ու Իպերիոյ առաջին ժողովուրդը»: Նոյնը կրկնած է «Պալտազար Տէ Էչաւէ»:
«Կայ նաեւ շատ յստակ իրողութիւն մը, միջնադարեան շրջանէն պասքերու տապանաքարերը կը կրեն զարդանախշեր, որոնք շատ նման են հայկական խաչքարերուն վրայ գործուած զարդանախշերուն», կ’ըսէ Ճըսթին  Քալտիրո:
Լեզուական մարզի մէջ, 16-րդ դարուն Էստեփան Տէ Կարիպա իր «Պատմական Ամփոփում» հատորին մէջ, իսկ Անտրէ Տէ Փոսա իր «Սպանական Նահանգներու եւ Բնակավայրերու Հին Լեզուներու Մասին» հատորին մէջ գրած են.  «Պասքերը Հայաստանէն եկուորներ են եւ հայերու հետ ունին լեզուի, անուններու, սովորութիւններու ու տարազներու նոյնութիւն»:   Նոյնը ըսած է նաեւ 16-րդ / 17-րդ դարուն ապրած Պալտազար Տէ Էչաւէ իր «Լեզու եւ Խօսակցութիւն» հատորին մէջ: Պասք գիտնական Անտրէ Տէ Փոսա կը յիշէ նաեւ, որ հայերը Սպանիոյ արեւելքը, Միջերկրական ծովու ափին հիմնած են քաղաք մը, որ կը կոչուի Թորրակոնա.  ան կը կրէ նոյն անունը Հայաստանի Տարօն քաղաքին:
19-րդ դարուն նոյն կարծիքին էր նաեւ պասք գիտնական Խուան Փատիստէ Տէ Էրօ: 1884 թուականին,  պասքերէնի անգլիացի լեզուագէտ, հանրայայտ գիտնական Էտուարտ Սփենտէր Տոճսըն իր հետազօտութիւններով նոյնիսկ ժամանակ մը հայերէնը ուսումնասիրելով առաջ քաշեց պասքերու հայկական ծագման տեսութիւնը։ Ան խօսեցաւ պասքերու եւ հայերու միջեւ շատ մը ընդհանրութիւններու մասին. շատ ճանչուած «Իւսքարա» ամսագրին մէջ ան հրատարակեց «Պասքերէն Բառերը Հայոց Լեզուին Մէջ» աշխատութիւնը, որ բաւական բարձր արձագանք գտաւ։ Այս յօդուածին մէջ Տոճսըն կը յիշատակէ պասքերէն եւ հայերէն 50 բառերու ընդհանրութիւնը, ինչպէս՝
Չար – այնտեղ – տեղ – զատել – ելք – եթէ – ժառանգ – մռնչոց – որմ – թոյլ – լայն – երեք – հաստատուն – գարի – աճիլ – ընկոյզ – հերկել – հորթ – այծ -հատ – մածուն…։
Սակայն Տոճսըն իր աշխատանքին մէջ չխորացաւ:
(Շար. 1)
Ճրտ. Կարպիս Մինասեան