Քանի մը օրեր առաջ յարգելի Յարութ Թօփճեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրեր էր «Ինչո՞ւ Չարը» յօդուածը, որ երկու բաժին ունէր՝ Չարին Ծագումը եւ Չարը Մեր Մէջ:
Չարին գոյութիւնը ընդհանրապէս մի՛շտ նեղութիւն պատճառած է ինծի. Թօփճեան իր յօդուածով կարծէք ձայն կու տար այդ նեղութեանս:
Ինք ընդհանրապէս կ’անդրադառնայ չարին Ս. Գրային դիտանկիւնով, բացատրելով չարին գոյութիւնը, եւ իր մտորումները կը սկսի հին յունական փիլիսոփայութենէն, հետաքրքրական ձեւով.
«Յոյն հին իմաստասէրները, տիեզերքի մասին իրենց ուսումնասիրութեանց ընթացքին տեսան թէ չարը երեւակայական բան մըն էր եւ չար թուող իրողութիւն մը բարի էր՝ եթէ հարցին մօտենայինք ընդհանուրին շահը նկատի առած:
«Այսպէս, մահը չարիք մը կը թուի մեզի, այսուհանդերձ՝ աշխարհի վրայ, կեանքի գոյատեւման համար անհրաժեշտութիւն մըն է ան ու բարիք մը մարդկութեան: Օրինակի համար, եթէ 7 տարուան ընթացքին ոչ մէկ միջատ մեռնելու ըլլար, գիտնականներու հաշուով՝ մարդկութիւնը այդ 7 տարիները լրանալուն պիտի ջնջուէր երկրիս վրայէն: Բարեբախտաբար թռչունները այնպիսի ջարդ կու տան միջատներուն եւ անոնց անհամար թրթուռներուն, որ մարդկութիւնը կ’ազատի անխուսափելի ոչնչացումէ»:
Կրօնական փիլիսոփայութեան մէջ չարին գոյութիւնը կամ անոր ծագումը նիւթին կը վերագրուի: Ասիկա ճիշդ է մինչեւ այսօր ալ, մանաւանդ երբ գրեթէ ամէն մարդ, բայց շեշտուած կերպով քաղաքական գործիչները, միջոցներուն միջեւ խտրութիւն չեն դներ իրենց նիւթեղէն նպատակներուն հասնելու համար:
Եթէ դիտենք պատմութիւնը, պիտի տեսնենք թէ մի՛շտ այդ եղած է պատերազմներուն պատճառը՝ տիրել ուրիշին
ունեցուածքին:
Թերեւս հասկնալի ըլլար այդքանը, եթէ նպատակը իրը պաշտպանել ըլլար. մարդ ի վերջոյ պարտաւոր է իր ունեցածը պաշտպանել, մանաւանդ՝ հողը. այս դիտանկիւնով է որ ըսուած է՝ խաղաղութիւնը պատերազմով պէտք է պահել:
Հարցը կը բարդանայ սակայն, երբ ո՛չ թէ խաղաղութիւն պահելու, այլ ուրիշին ունեցածը խլելու նպատակով չարը ի յայտ կու գայ:
Կարելի չէ՞ր որ հայերը շարունակէին իրենց երկրին մէջ ապրիլ, ինչպէս որ ապրեր էին. պէ՞տք էր նման ջարդ մը ծրագրել եւ իրագործել: Բայց պէ՛տք էր հայերուն ձեռքէն խլել իրենց ունեցուածքը, ոտքի պահելու համար օսմանեան պետութիւնը այդ հարստութեամբ:
Նոյնն է պարագան հրեաներու ողջակիզումին, կամ այսօր պաղեստինի կրած ահաւոր տառապանքներուն: Ի՞նչն է որ կը խանգարէ կողքինները, որ այսքան անմարդկային կերպով վերաբերին ամբողջ ժողովուրդի մը: Տեղ չունի՞ն իրենց ժողովուրդին համար, որուն սփիւռքը շա՜տ աւելի մեծ թիւ կը կազմէ:
«Մոնիտական (Monism) վարդապետութիւնը կարծեց լուծած ըլլալ չարի ծագման հարցը, երբ յայտարարեց՝ թէ չարի եւ բարիի ստեղծիչը միեւնոյն ուժն է, որ երբեմն բարի բաներ կ’արարչագործէ եւ երբեմն՝ չար» կ’ըսէ Թօփճեան եւ կը շարունակէ.
«Չարի ծագման հարցին մասին աւելի տրամաբանական պատասխան մը գտած է պարսկական կրօնքը իր երկմատեան / Dualistic/ տեսութեամբ»:
«Ան ընդունած է երկու ստեղծիչ ուժեր. Որմիզդ՝ բարիի ստեղծիչը եւ Ահրիման՝ (Ահուրա-Մազդա) չարի ստեղծիչը: Ուստի տիեզերքի մէջ ինչ չափով որ բարի նիւթ կայ, ստեղծուած է բարի աստուծոյ՝ Որմիզդի կողմէ եւ որքան որ չար, վատ ուժ կայ, ստեղծուած է չար աստուծոյ՝ Ահրիմանին կողմէ. ու այս երկու ուժերը տեւապէս պայքարի մէջ են իրարու հետ: Պարսկական այս հաւատքը իրողութեան մէջ բացարձակ երկուութիւն մը չի յայտներ, որովհետեւ պարսիկներ կը հաւատային, թէ վերջնական յաղթանակը բարի ուժը, այսինքն Որմիզդը պիտի տանէր»:
Կարելի է եզրակացնել, թէ չարը «Աստուծոյ տնօրինութիւններուն դէմ ըմբոստացող ուժ մըն է»:
Մարդիկ հակուած են չարին կողմը, պարզապէս որովհետեւ չարը … դիւրին է. նոյնիսկ բամբասանքի նման ամէնէն պարզ արարքին մէջ, մարդիկ անմիջապէս կը հաւատան վատին, մինչ եթէ նոյն պահուն մէկը լաւ բան ըսէ, անմիջապէս կը ջրեն …
Յստակ է նաեւ, թէ անհատական չարութիւնը իր չափերով կը տարբերի հաւաքականէն, որ խորքին մէջ պատերազմներու կը տանի: Իսկ պատերազմը մեծագոյն չարիքն է մեր երկրագունդին համար, կասկած չի կրնար ըլլալ:
Այս օրերուն, երբ մեծ երկրի մը ղեկավարը մեծ եւ անհեթեթ յայտարարութիւններ կ’ընէ (մարդուն մէկը հարցուցեր է՝ ինչպէ՞ս հասկցար որ ըսածս սուտ է, պատասխաներ են՝ մեծութենէն), չենք կրնար չյիշել այլ դէմք մը՝ Clarence Buddhington Kelland, Հանրապետական կուսակցութեան երբեմնի գործադիր տնօրէնը, որ հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրեր էր 1943 թուականին, համաշխարհային Երկրորդ պատերազմէն առաջ.
«Խաղաղական ովկիանոսը պէ՛տք է ամերիկեան լիճ ըլլայ»:
E.B. White թղթակիցը շատ հետաքրքրական պատասխան մը կու տայ, որ ի զօրու կը մնայ մինչեւ այսօր նաեւ, այդ նոր յայտարարութիւններուն դիմաց. Ուայթ կը գրէ.
«Խաղաղական ովկիանոսը, վճռականօրէն կ’ըսէ Clarence Buddhington Kelland, պէտք է դառնայ ամերիկեան լիճ: Հասկնալի չէ, թէ ինչո՞ւ պէտք է դառնայ ամերիկեան լիճ, եւ ոչ թէ, ըսենք, չինական կամ ռուսական լիճ: Չինացիները ամերիկացիներէն հազարաւոր տարիներ առաջ ծովափնեայ բնակիչներն էին Խաղաղական ովկիանոսի երկայնքով, նոյնիսկ հիմա հաւանաբար անոնք կը սիրեն դիտել անոր կապոյտ, երբեմն հանդարտ ջուրերը: Ասիկա կրնայ ջղայնացնել տնօրէնին, որ կը նախընտրէ չհաւատալ թէ այդ «լիճին» դիմացի ափին կրնայ ոեւէ այլ կարեւոր անձ ըլլալ: Խոցկի ծովը հինգ անգամ աւելի մեծ է պարոն Քէլլընտի Արիզոնա նահանգէն, Ճաբոնական ծովը աւելի երկար է, քան իր գրած ամէնէն երկար ֆիլմաշարը (որովհետեւ Քէլլընտ նաեւ հեղինակ էր), Դեղին ծովը նոյնքան եւ հաւանաբար աւելի մեծ է, քան Փարամաունթ շէնքը…»:
Այսքանը ըսելէ ետք Ուայթ կը շարունակէ, եւ ա՛յս է հիմնականը այսօր.
«Ինչ որ Քէլլընտի առաջարկած ծրագիրը անհեթեթ, բայց մանաւանդ վտանգաւոր կը դարձնէ, նոյն metastatic ազգայնականութիւնն է, որ աշխարհը միշտ, իր սկիզբէն իսկ պատերազմի մէջ մխրճեր է: Ասիկա հիւանդութեան վերածուեր է արդէն»:
20-րդ դարուն, հայկական ջարդերուն օրերէն իսկ, բարիի եւ չարի պայքարին զաւեշտն է որ կը տեսնենք: Որովհետեւ ի՞նչ իմաստ ունի այդքան բարեսիրական գործերու ձեռնարկելը, խումբեր ղրկելը, օգնութիւններ հաւաքելը _ մեր ջարդերու օրերուն ալ Ամերիկայի մէջ մեծ գումարներ հաւաքուեցան եւ բազմաթիւ որբանոցներ բացուեցան _ երբ շատ աւելի դիւրին եւ նուազ ծախսալից պիտի ըլլար խուսափիլը այդ բոլորէն՝ պատերազմներէն, ջարդերէն…
Չարը դիւրին է, եսասէր է, կեղծաւոր է: Կրնաս դիմադրել բացայայտ թշնամիին, բայց կեղծաւորին հետ ինչպէ՞ս վարուիս:
Թօփճեան կ’եզրակացնէ իր խօսքը չարի մասին.
ա.- Ակներեւ է որ չարիքի կարգ մը կերպեր պտուղն են մեր մեղապարտ արարքներուն եւ անհարկի անհոգութեանց.
բ.- Կրնանք վիճիլ թէ բարին իր իմաստը կ’առնէ յարաբերաբար չարին – թէ բարին կը ճանչցուի չարին հետ ներիմաստ
հակադրութեամբ, գեղեցկութիւնը՝ տգեղութեան հակադրութեան մէջ եւայլն.
գ.- Չարը կրնա՛յ, եւ յաճախ առիթներ կը ներկայացնէ մարդուն, իբր փորձաքար անոր կամքին տոկունութեան եւ համբերութեան:
Եւ կ’ըսէ թէ երկու տեսակի չարիք գոյութիւն ունի՝ ֆիզիքական, այսինքն բնութենէն մեզի հասած չարիքները, որոնց մէջ սակայն մենք եւս դեր ունինք, երբ բացարձակապէս յարգանք չունինք բնութեան հանդէպ, եւ բարոյական չարիքները, որոնք արդիւնք են մեր ազատ կամքի ընտրութեան:
Մէկ խօսքով՝ որքան ալ փորձենք ուրիշին վրայ բեռցնել մեր չարութիւնը, մենք, մարդիկս կը մնանք անոր աղբիւրը:
Մարուշ Երամեան