Սուրիոյ Մէջ Հայերու Հնագոյն Ներկայութեան Մասին

(Ա.)

Մուտք
Ք.ա. առաջին հազարամեակին, հայ ժողովուրդը արդէն կ’ապրէր իր պատմական հողերուն վրայ՝ Հայկական լեռնաշխահի մէջ։ Լեռնային այս գեղատեսիլ երկիրը յաճախ ենթարկուած էր իր աշխարհագրական դիրքի գործօնի պարտադրանքներուն եւ պատմութեան զանազան հանգրուաններուն՝ հզօր հարեւաններուն յարձակումներու թիրախը եւ հակամարտութիւններու թատերաբեմը դարձած էր, երբ արեւելեան մեծ տէրութիւնները ձգտած էին իրենց գերիշխանութիւնը տարածել Հայկական բարձրաւանդակին վրայ, իրենց համար որպէս դիւրամատչելի անցք մը դէպի Փոքր Ասիա։ Մինչ արեւմտեան մեծ տէրութիւններու հեռանկարը եղած էր իշխել Եփրատ եւ Տիգրիս գետերու հովիտներուն, որոնք զիրենք կ’առաջնորդէին դէպի Միջագետք եւ Պարսկաստան։
ԱՖԱՄԻԱ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԻ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԵՆԷՆ ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ (ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ)
Ուրեմն, հայերը եթէ վաղնջական ժամանակներէն առաջին հերթին առեւտրական նպատակներով անցած էին հարեւան երկիրներ, սակայն, նաեւ յաճախ պարտադրուած արտագաղթած էին իրենց հայրենիքէն, ենթարկուած էին բռնագաղթերու եւ գերեվարութիւններու դէպի սահմանամերձ թէ հեռաւոր շրջաններ, ուր ժամանակի ընթացքին գոյաւորուած էին հայկական գաղթօճախներ, ինչպէս Սուրիոյ հայկական գաղթօճախը։
Միւս կողմէ, պատմական Սուրիա («Պիլատ Ուլ-Շամ») հիւսիս-արեւելքէն սահմանակից եղած էր Հայաստանի, եւ Հայկական բարձրաւանդակէն անցած էին հին Արեւելքի առեւտրական միջազգային ա՛յն ճանապարհները, որոնք Սուրիոյ տարածքը կը կապէին Սեւ եւ Կասպից ծովերուն հետ։
Հայ-սուրիական դարամատ կապերը յատկանշական դարձած էին, երբ Արտաշէսեան հայոց Տիգրան Բ. թագաւորի (Ք.ա. 99-55թթ.) հայկական տէրութեան սահմանները դէպի հարաւ հասած էին մինչեւ Պաղեստին, եւ Անտիոք դարձած էր Արքայից արքային մայրաքաղաքներէն մէկը։ Ապա, Սուրիոյ վրայ հռոմէական եւ բիւզանդական տիրապետութիւններէն ետքն է, որ հայ-սուրիական կամ հայ-արաբական յարաբերութիւնները պիտի նուաճէին ուշագրաւ փուլ մը, մասնաւորապէս արաբական Օմայան խալիֆայութեան շրջանին (661-750թթ.), որուն մայրաքաղաքն էր Դամասկոս։
Կարեւոր հանգամանք է, թէ Միջին Արեւելքը որ բնորոշուած էր բազմատարրութեամբ եւ փոքրամասնութիւններու առկայութեամբ, թատերաբեմը դարձած էր բազմատեսակ հոսանքներու՝ կրօնական, ցեղային, քաղաքական, ընկերային, որոնք ի վերջոյ ներկայացուած էին երկու մեծ հատուածներով՝ քրիստոնէութեամբ եւ իսլամութեամբ (կամ մահմետականութեամբ)։ Այդ ոլորտներուն մէջ Սուրիա իր կարգին ենթարկուած էր պատմական պարբերացումներու, որոնք դրական թէ բացասական անդրադարձ ձգած էին նաեւ տեղւոյն հայութեան վրայ, որ սակայն, որպէս ինքնուրոյն համայնք յաջողած էր դառնալ տարածաշրջանի զանազան ազգաբնակչութիւններու խայտաբղէտ խճանկարին որոշադրիչ  մէկ մասը։
Հայերու Նախնական Առնչութիւնները Սուրիոյ Հետ
Հայերու նախնական յարաբերութիւնները Սուրիոյ հետ սկսած էին հնագոյն ժամանակներէն, երբ Ք.ա. Թ. դարու վերջերէն մինչեւ Ք.ա. Ը. դարու առաջին կէսը, պատմական Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները ենթարկուած էին Վանի Հայկական թագաւորութեան կամ Ուրարտուի, ապա Ք.ա. 740-730 թուականներուն Ասորեստանի Թգլատպալասսար Գ. թագաւորը (Ք.ա. 745-725թթ.) վերանուաճած էր զանոնք՝ Ուրարտուի Սարդուրի Բ. (Ք.ա.764-735թթ.) թագաւորէն։ Միաժամանակ, Եփրատ ու Տիգրիս գետերը Հայաստանը կապած էին հարաւի երկիրներուն հետ, եւ Սուրիոյ տարածքը Սեւ ծովուն միացնող Արեւելքի հին ճանապարհները՝ անցած էին Հայկական բարձրաւանդակէն։
Բացի այդ, Փիւնիկէի (սուրիական միջերկրականեան ծովեզերեայ շրջանը) կարաւանային առեւտրական ճանապարհը՝ Տավրոսեան լեռներէն ձգուած էր դէպի սուրիական անապատ, մինչեւ Եփրատ գետի հովիտը, որուն մէկ ճիւղը ուղղուած էր դէպի հարաւ՝ Բաբելոն, երկրորդը դէպի հիւսիս՝ Կասպից ծովու աւազանը։ Այս ճանապարհով Հայաստանը իր առեւտրական յարաբերութիւնները պահած էր պատմական Տիւրոսի (ներկայիս՝ Սուր), Սիդոնի (ներկայիս՝ Սայտա), Պիպլոսի եւ փիւնիկեան այլ վաճառաշահ քաղաքներու հետ։ Հետաքրքրական է Աստուածաշունչի վկայութիւնը, թէ Ք.ա. 592-570 տարիներուն Տիւրոսի (Սուրի) շուկաներուն մէջ վաճառուած էին նաեւ Հայաստանէն բերուած ապրանքներ, մանաւանդ որ փիւնիկեցիները Հայաստանէն կը ներածէին յատկապէս ջորիներ ու ձիեր, բացայայտելով Փիւնիկէի եւ Հայաստանի հարաւային շրջաններուն միջեւ գործող առեւտրական եռանդուն կապերը, որոնց արդիւնքով բացառուած չէր հայերու երթեւեկը եւ ներկայութիւնը սուրիական ծովեզերեայ այս շրջաններուն մէջ, նոյնիսկ մնայուն կայք հաստատողներու առկայութիւնը։
                           ԵՓՐԱՏ ԳԵՏ
Աւելի ուշ, Աքեմէնեան Պարսկաստանը Դարեհ Ա. արքայի օրօք (Ք.ա. 522-486թթ.) ենթարկուած էր պետական եւ վարչական վերակազմութեան.
«522-520 թուականների ապստամբութիւններէն յետոյ, Դարեհ Ա.-ը հասկցած էր, որ թուլակապ ու ապակեդրոնացած Պարսկաստանը անհրաժեշտ է դարձնել կեդրոնացուած ու սերտ միացած պետութիւն։ Ուստի ան ամբողջ պարսկական պետութիւնը բաժնեց 20 մեծ շրջաններու, որոնց կառավարութիւնը յանձնեց յատուկ պաշտօնեաներու, որոնք կ’անուանուէին սատրապներ»։
Պարսկաստանը «Արմէններու» ապստամբութիւնը, վերջնականապէս ճնշած էր 520 թուին, «Արմէնիան այնուհետեւ դարձած էր պարսկական սատրապութիւն…»։ Հայաստանը դարձած էր Պարսկաստանի 18-րդ եւ 13-րդ սատրապութիւններուն մէկ մասը, վերջինը՝ հիւսիս-արեւմտեան կողմէն շարունակուած էր մինչեւ Սուրիա։
Պատմականօրէն փաստուած է, որ հայ առեւտրականներ եւ նաեւ հայ գաղթականներ՝ Աքեմէնեան կայսրութեան տարածքին գտնուած էին Պոնտոսի, Կապադովկիոյ, Կիլիկիոյ, Կոմմագէնի եւ նաեւ Սուրիոյ մէջ, մինչ պարսկական արքայական բանակին մէջ՝ հայերը ծառայած էին որպէս առեւտրականներ, ձիաւորներ ու հետեւակներ, եւ գործնապէս մասնակցած էին պարսիկներու կողմէ սկիւթացիներուն, յոյներուն եւ եգիպտացիներուն դէմ մղուած գրեթէ բոլոր պատերազմներուն։
Օրինակ, Մեծն Ալեքսանտրի (Ք.ա. 337-323թթ.) դէմ պարսիկներու Դարեհ Գ. թագաւորի (Ք.ա. 336-330թթ.) մղած Իսոսի պատերազմին, պարսկական բանակին մաս կազմած էին 7.000 հեծեալ եւ 40.000 հետեւակ հայ զինուորներ։ Պարսկական բանակի վերոյիշեալ երկու «արմենական» զօրամասերուն հրամանատարները եղած էին Օրոնդէսը (Երուանդը) եւ Միթրաուստէսը։ Ուրեմն, կարելի է հետեւցնել, թէ պարսկական տէրութեան տարածքին հայերը ներկայութիւն էին եւ կարգ մը տեղեր որոշ թիւ մը ներկայացուցած էին։ Միաժամանակ, Աքեմէնեան Պարսկաստանի «Արքայական ճանապարհ»-ին մէկ հատուածը անցած էր Հայաստանէն, Պարսից (կամ Արաբական) ծոցը միացնելով Միջերկրական ծովուն եւ նպաստելով առեւտրական եռուզերի զարգացման՝ ընդարձակ տէրութեան հեռաւոր ծայրամասերուն հետ, ի միջի այլոց Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ։
Միւս կողմէ, Պարսկական տէրութեան կարաւանային հին ճանապարհները, որոնք Հնդկաստանն ու Պարսկաստանը կը կապէին Սուրիոյ եւ Պաղեստինի հետ, սուրիական հատուածին մէջ ունէին իրենց առեւտրական կեդրոնները։ Մեծ հաւանականութեամբ, այդ նպատակին համար հիմնուած կամ վերահիմնուած ամենահին քաղաքներէն հանդիսացած էին Դամասկոսը, Էմէսան (ներկայիս՝ Հոմսը), Ապաֆամիան (ներկայիս՝ Համան) եւ Հալէպը, մանաւանդ որ Աքեմէնեան պետութեան մէջ, Սուրիա կառավարուած էր իբրեւ ընդարձակ սատրապութիւն մը, որուն աթոռանիստ քաղաքը հանդիսացած էր Դամասկոսը։ Աշխարհագրականօրէն Սուրիա մաս կազմած էր Արաբիայի, որ տարածուած էր Խապուր գետէն մինչեւ Լիթանի (Լէյդանի) գետը, եւ Յորդանանէն դէպի Որոնդէս գետ։ Սատրապութիւններուն վրայ նշանակուած էին սատրապներ (կամ կուսակալներ), որոնց կողքին նաեւ պետական քարտուղարներ եւ զօրավարներ։
Այս երեքը իրարմէ անկախ պաշտօններ էին եւ միայն ենթակայ թագաւորին, ուստի Սուրիա յաջողած էր հետեւիլ պարսիկներու թագաւորներու փոփոխութիւններուն, մինչեւ որ Մեծն Ալեքսանտր ամբողջ պատմաաշխարհագրական Սուրիան նուաճելէն ետք՝ զայն վերածած էր մակեդոնական գաւառի մը։
Սուրիական բազմացեղ եւ բազմալեզու ժողովուրդներուն համար, երկու դարերու Աքեմէնեան տիրապետութիւնը բնորոշուած էր որպէս խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ժամանակաշրջան մը, երբ պարսիկ թագաւորներու քաղաքականութեան արդիւնքով սուրիական ժողովուրդները ապրած էին բարի դրացնութեամբ՝ իրենց արքայատոհմերու անուանական խնամակալութեան տակ, յարգած էին կիրարկուած մասնաւոր օրէնքները եւ պաշտած էին ընդունուած աստուածները։ Անոնք նաեւ օգտագործած էին իրենց լեզուն ու գիրը։
Ապա, Ալեքսանտր Մակեդոնացի (Ք.ա. 337-323թթ.) Փիւնիկէի ափերը գրաւած էր Ք.ա. 333-332 տարիներուն, որոնց մեծ մասը հետագային ընդգրկուած էր Սելեւկեան տէրութեան մէջ (Ք.ա. 312-65թթ.)։
Խորքին մէջ, Մեծն Ալեքսանտր Փոքր Ասիոյ տիրելու իր հօրը՝ Փիլիպպոս Բ. թագաւորի աշխարհակալութեան ծրագիրն է, որ իրագործած էր։ Անոր նուաճումներուն տասներկու տարիներու ընթացքին ծովային եւ ցամաքային առեւտուրը ծաղկած էր ամբողջ Արեւելքի մէջ, զուգահեռաբար Փիւնիկէի ծովեզերքներէն մինչեւ Պարսկաստանի բարձրաւանդակը՝ յունական գիտութիւնն ու արուեստը ծաւալած էին, Սուրիոյ Ալեքսանտրէթ նաւահանգիստը դարձած էր առեւտրական մեծ կեդրոն մը, նոյնիսկ Արեւելքը՝ Արեւմուտքին կապող միակ կայանը, ներգրաւելով նաեւ հայ առեւտրականները։
Յիշարժան է, թէ Մեծն Ալեքսանտրի աշխարհակալութիւնները Արեւմուտքի ժողովուրդներուն ծանօթացուցած էին հարուստ, խորհրդաւոր եւ վիպապաշտ Արեւելքը, առեւտուրի ընթացքը ուղղելով դէպի այդ կողմ, երբ Արեւելքի բազմապիսի ապրանքները արդէն սկսած էին կենսական դառնալ Արեւմուտքի համար, երբ Արեւմուտքի առեւտրականները Հնդկաստանէն կը ներածէին համեմներ, անուշահոտ իւղեր, փղոսկր, Չինաստանէն՝ մետաքս, Պարսկաստանէն՝ թանկագին քարեր, Հնդկաց ովկիանոսէն՝ ադամանդ։ Կը կարծուի, թէ այդ հնագոյն ժամանակներուն, Կասպից ծովէն դէպի Սեւ ծով ապրանքափոխութիւնը կատարուած էր նաեւ Հայկական լեռնաշխարհէն՝ Արաքս գետի հովիտին միջոցով։
Հայաստանի պարագային, Մեծն Ալեքսանտրի արշաւանքներու հիմնական հետեւանքը հանդիսացած էր՝ նախ Աքեմէնեան տիրապետութեան տապալումը, այնուհետեւ Հայաստանը աւելի քան վեց երկար դարեր պահպանած էր իր անկախութիւնը։ Պարսկական լուծը թօթափելէն յետոյ Հայաստանի մէջ հաստատուած Հայկազուն Երուանդունիները (Ք.ա. Զ.-Բ.դդ.) եւ հետագային Արտաշէսեանները (Ք.ա. 189-Ք.ե. 12թթ.) հանդէս եկած էին միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտներուն մէջ՝ իբրեւ իրաւական կողմ, լուրջ դեր կատարելով արեւելեան Փոքր Ասիոյ՝ մասնաւորաբար քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին մէջ։
Դոկտոր Հուրի Ազէզեան