Հալէպի Թիլէլ պողոտային վրայ հայ մը գտնելը, հայերէն ձայն մը լսելը գրեթէ անկարելի դարձած է այսօր։ Մինչդեռ եթէ ակնարկ մը նետենք սուրիահայ մամուլի 70 կամ 80 տարի առաջուան հին հաւաքածոներու էջերուն ծանուցումներու սիւնակներուն վրայ, պիտի նկատենք որ ծանուցում տուող հայորդիներու կարեւոր մէկ տոկոսին հասցէն Թիլէլն էր։ Հոս՝ վաճառատուն մը, հոն՝ տպարան մը, հոս՝ բժիշկի մը դարմանատունը, հոն՝ լուսանկարչատուն մը…։ Այսօր նման բան չկայ։
Մինչեւ 80-ականներ, Թիլէլի պողոտային առաջին բաժնին մէջ դեռ իր գոյութիւնը կը պահպանէր ՀՄԸՄ-ի (կամ ՀԵՄ-ի) երբեմնի ակումբը, «Հոգետուն»-էն քանի մը մեթր առաջ։ Հայկական կարեւոր օճախ մըն էր այս, որ արաբական բակով հնամեայ ընդարձակ տուն մըն էր իսկութեան մէջ։ Ունէր փոքր ժողովասենեակներ ու երկարաւուն սրահ մը, ուր դասախօսութիւններ ալ կը տրուէին, ցուցահանդէսներ կը սարքուէին։ Մեծ էր թիւը բակին մէջ նարտի խաղացողներուն (ողբացեալ երգիծանկարիչ Մասիս Արարատեան 1949-ին գծանկարով մը պատկերացուցած է ակումբին բակին մթնոլորտը)։ Այդ տունը հիմա՛ ալ կայ, չէ փլցուած, սակայն երեսուն տարիէ իվեր դադրած է իբրեւ ակումբ ծառայելէ։ Փակ է։ Հոն կը գտնուէր մեր քաղաքին ամէնէն հարուստ եւ աշխոյժ գրադարանը՝ «Քրիստափոր»-ը (հիմնուած՝ 1919-ին), որ կը պատկանէր ՀԵՄ-ին (Հայ Երիտասարդաց Միութիւն)։ Այժմ, թէ՛ ՀՄԸՄ-ը եւ թէ՛ «Քրիստափոր» գրադարանը կը գործեն այլ՝ աւելի հայախիտ թաղամասի մը մէջ։
Այս ակումբին դռան կից կը գտնուէր «Օմար Խայեամ» հայկական գրատունը, որուն սեփականատէրը Զաւէն Սապունճեանն էր, երբեմնի «Արեւելք Մարզաշխարհ» թերթի խմբագիրներէն մին։ Հայերէն գիրքերու եւ Պէյրութ տպուող հայատառ պարբերականներու («Ազդակ», «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ», «Բագին», «Բժիշկ», «Մարզիկ», «Մկօն ու Չալօն» եւ այլն) կեդրոնատեղին էր այս փոքր վաճառատունը, ուր գիրքերը խառնիխուռն ու անկարգ պատկեր մը կը ներկայացնէին միշտ։ Գրավաճառը պահանջուած գիրք մը ինչպէ՞ս կը գտնէր դէզերուն տակէն, սա կամ նա խորշէն ինչպէ՞ս դուրս կը քաշէր գիրք մը կամ երգարան մը, գաղտնիք էր ու զարմանք առթող։ Այս գրատունն ալ փակուեցաւ տարիներ առաջ։
Հիմա մի՛ հարցնէք, թէ ի՞նչ մնացեր է այլեւս Թիլէլի հայկական երբեմնի ներկայութենէն։
Բա՜ն չէ մնացեր այս բոլորէն, կամ ալ՝ շատ քիչ բան։ Թիլէլին դիմագիծը փոխուեր է։
Անցեալները, երբ հետիոտն ու «քայլամոլոր» անցայ հոնկէ, իմ աչքերը ի զուր փնտռեցին հայկական ցուցանակ մը ու հայապատկան խանութ մը, կամ ի զուր լարեցի իմ ականջները՝ հայերէն բառ մը, խօսք մը ընկալելու ճիգով։ Չկայ։ Թիլէլը այլեւս (ու դժբախտաբար՝ անվերադարձօրէն) կորսնցուցեր է զինք  հայաշունչ դարձնող բոլո՜ր տարրերը։ Հայկական ներկայութիւնը Թիլէլի պողոտային վրայ դարձեր է գրեթէ անգոյ։
Եթէ նկատի առնենք լոկ Թիլէլի Ա. հատուածը (Խանտաքի ծայրէն մինչեւ Ֆարհաթ հրապարակի մուտքը), մեր յիշողութեան թափ տալով՝ պիտի կարենանք համրել բազմաթիւ հայ խանութներ կամ աշխատավայրեր. Ֆոթո Արշո, ակնոցավաճառ Ցոլակ, բժ. Պարգեւ Անտոնեան, ակնաբոյժ Յարութ Պալեան, դեղարան Արշալոյս (Յակոբ Խաչատուրեան, աւելի առաջ՝ Սարգիս Սելեան), հագուստ-կապուստի խանութներ՝ Վարդան Փայասլեան, Քէօշկէրեաններ, Քէշիշեաններ, Մովսէս Գազանճեան, Սահակ Իսկէնեան եւ այլն, եւ այլն։
Կային ու չկան…։
Նշմարեցի միայն հայանուն մէ՛կ ցուցանակ՝ «Յակոբ» (ցուցանակը գրուած է արաբերէնով եւ անգլերէնով)։ Պատրաստ հագուստի վաճառատուն մըն է։ Սեփականատէրը՝ Յակոբ Ուրիշիկեան։
* * *
Երբ հասայ Թիլէլի Ա. հատուածի վերջաւորութեան ու կանգնեցայ Ֆարհաթ հրապարակի մուտքին, պահ մը իմ գլուխը դարձուցի դէպի ձախ՝ հրապարակին հակառակ ուղղութեամբ։ Այդ փողոցը մեզ կը տանի դէպի Մունշիէ եւ Ազիզիէ թաղամասերը։ Հոս, անկիւնը, բարձրայարկ վիթխարի շէնք մը բարձրացեր է, որ սակայն անաւարտ է դեռ։ Անմիջապէս յիշեցի, որ նոյն վայրին մէջ, նախապէս, հնամենի յարկի մը տակ, կը գտնուէր ատամնաբոյժ Յարութիւն Նազարեանի դարմանատունը։ Այնթապցի էր տոքթ. Նազարեանը եւ ուստի՝ թրքախօս (աւետարանական համայնքէն)։ Քովնտի սենեակի մը մէջ ալ ատամնաշարեր կը պատրաստէր իր եղբայրը՝ Կարապետը։ Իմ մանկութեան շրջանին, ամէն անգամ որ ակռայի ցաւ ունենայի՝ մեծ-մայրիկս զիս հոն կը տանէր։ Եւ որովհետեւ մեծ-մայրիկս ալ այնթապցի էր (Արոյեան ընտանիքի զաւակ), ուրեմն թրքերէն լեզուով անվերջանալի զրոյց մը կը ծաւալէր իր ու տոքթորին միջեւ…։ Տարիներ անց, օր մըն ալ շատ պիտի զարմանայի՝ տեսնելով որ տոքթ. Նազարեան իր յուշերու մէկ գիրքը հրատարակած էր… հայերէն լեզուով։
Կային ու չկան…։ Լոյսերու մէջ ննջեն։
Իմ ոտքերը անզգալաբար զիս առաջնորդեցին Ֆարհաթ հրապարակ։ Երթուդարձ կատարեցի մինչե՜ւ հրապարակին ճակատը՝ մարոնիթ եկեղեցին։ Հայկական ո՛չ մէկ ցուցանակ տեսայ։ Հայ ոսկերիչներու կամ արծաթագործներու երբեմնի փայլուն այս շուկան կարծես չքացած էր։ Թերեւս մէկ-երկու հայ արհեստաւորներ դեռ կը շարունակէին բանեցնել իրենց խանութները առ այսօր, բայց ատիկա իմաստ մը չունէր։ Ֆարհաթ հրապարակը մեր գիտցած կերպարանքով ու մթնոլորտով՝ չկա՜ր։ Ո՞ւր էին ինծի ծանօթ Ժան Աւագեանը, արծաթագործ Մանո Տէր Պաղտասարեանը, ոսկերիչ Նագգաշեանները, Տաղտեվիրէնեանները, Քըլզիները (Քիլիսլեան), Պազարպաշեանները, Տիշոյեանները, Պաթթուքները…։
Ո՞ւր էին Անդրանիկ Արբաճեանն ու Մանուկ Կիրակոսեանը, Զաւէն Անտոնեանն ու Արամ Եարալեանը, Հրայր Պօղիկեանն ու Յարութ Բարսեղեանը, Արամ Օշին Տէմիրճեանն ու Մուրատ Սիւմպիւլեանը, Մանո Հասըրճեանը, Ժանո Արծրունին ու Կարո Սալիպեանը, Յովհաննէս Նէնէճեանն ու Կարո Գազանճեանը, Աւետիս Պալեանն ու Յակոբ Յակոբեանը, Գօգո Թորիկեանն ու Օննիկ Առաքելեանը, Խաչիկ եւ Յարութ Հաճեան եղբայրները (դէպի Հայկազեան վարժարանի մանչերու բաժինը տանող նեղլիկ թաղին մէջ), Քիրէճեան, Եփրեմեան ու Տէրվիշեան եղբայրները, Յարութ Ասատուրեանն ու արծաթագործ Չաքրեանը, Սիմոն Փաթանեանն ու Մկո Եսայեանը, Վահան Թաթարեանն ու Յակոբ Այնիլեանը։ Չկան։ Չկայ նաեւ Յովհաննէս Պասմաճեանի կազմատունը, չկան ժամագործներ Նարինեանն ու Սարգիսը, սափրիչ Սերայտարեանը, դերձակ Զատիկ Տուրսունեանը։ Դեռ մինչեւ երէկ՝ փակած էր իր դռները նա՛եւ հայ ոսկերիչներու դրացնութիւնը վայելող Թէքէեան Մշակ. Միութեան ակումբը (արաբական տիպի բակով տուն մը), որ պատերազմի շրջանին քանդումներու ենթարկուած ըլլալով՝ տեղափոխուած էր այլ վայր մը։ Հիմա կ’իմանամ սակայն, որ այս ակումբը վերանորոգուած է ու արդէն իսկ միութենական-ընկերային որոշ ձեռնարկներ կ’իրականանան այնտեղ։
«Չկայ»-ներու այս երկա՜ր ցանկին հակադրուելով՝ անսասան ու գերիշխող կը մնար սակայն Ճըրմանոս Ֆարհաթ սրբազանին արձանը, ճիշդ 90 տարիէ իվեր…։
* * *
Թիլէլի պողոտային Բ. հատուածը կը սկսի Ֆարհաթ հրապարակի մուտքի անկիւնադարձէն եւ ուղիղ գծով կը շարունակուի մինչեւ «Հրշէջներու պողոտայ»-ին սկիզբը։ Այս հատուածին մէջ եւս պատկերը տխուր է եւ այլափոխուած, բայց կան քանի մը բացառութիւններ։
Հոս կայ,_ ու կը շարունակուի,_ հայկական դարաւոր ու պատմական ներկայութիւն մը, շնորհիւ Հայ Կաթողիկէ մայր եկեղեցիին, որ կառուցուած է 1840-ին։
Վերջին պատերազմի շրջանին եկեղեցին թիրախ դարձած էր հրթիռներու ու մեծ վնասներու ենթարկուած։ Հիմա վերանորոգուած է ու բաց է պաշտամունքի։ Եկեղեցիին կից են երկու կարեւոր կառոյցներ՝ թեմին առաջնորդարանը եւ համայնքին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանը (աւելի ծանօթ՝ «ալ-Իման» անունով), ուր սակայն հայախօս աշակերտութիւն չկայ, ինչպէս չկայ,_ տասնամեակներէ իվեր,_ հայերէն լեզուի ու գրականութեան ուսուցում։ Այս պարագան մի՛շտ ալ զարմացուցեր ու խռովեր է զիս. երբ սուրիական պետութիւնը պաշտօնական օրինագիծով արտօնութիւն շնորհած է մեզի մեր մայրենին դասաւանդելու, ուրեմն ի՞նչ արդարացում կրնայ ունենալ այդ ՍՐԲԱԶԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԷՆ մեր կամաւոր հրաժարումը…։ Հայ Կաթողիկէ համայնքին ղեկավար դասը լրջօրէն պէտք է մտածէ այս մասին։
Հայերէն տառերով գրուած ցուցանակներ մի՛ փնտռէք Թիլէլի այս հատուածին մէջ եւս։ Շուրջբոլորը հայ չկայ։ Թերեւս միակ բացառութիւնը, որ աչքի կը զարնէ այստեղ, Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանի հանդիպակաց մայթին վրայ գորգավաճառ Արոյեանին երկփեղկ խանութն է։ «Յակոբ Արոյեան եւ որդի» (գրութիւնը արաբերէն է)։ Դեղագործ Գրիգոր Արոյեան կը շարունակէ հաւատարմօրէն բանեցնել իր հօր պատմական խանութը ու ապրեցնել հինէն ժառանգուած թանկագին աւանդ մը։ Միւսները չկան։ Ո՛չ ատամնաբոյժ Նուպար Աճոյեանը, ո՛չ տոքթ. Մանուէլ Իսկէնտէրեանը, ո՛չ մանկաբոյժ տոքթ. Նուպար Թօփճեանը (քովնտի կից թաղի մը մէջ), ո՛չ տոքթ. Ալեքսանտր Սիւլահեանը, ո՛չ թաղին հայ ոսկերիչները (Եմէնճեան եւ այլք), ո՛չ շապկագործ Հայկազը, ո՛չ շապկագործ Սարգիսը, ո՛չ կօշկավաճառ «Մոտերնա»-ն (Արա Ղազարեան), ո՛չ Տիսքոթէք Ռաֆֆին (Բագարեան եղբայրներ), ո՛չ պայուսակավաճառ Ժանը, ո՛չ Հաճի Պօղոսը (դերձակուհիներու յատուկ պիտոյքներ), ո՛չ գլխարկավաճառ Ճեմիլէն, ո՛չ Գաբրիէլեան եղբայրները, ո՛չ Նժդերեանները (նուվոթէ),  ո՛չ Բենիամին Մսըրլեանը (նուվոթէ, Կիլիկեանի թաղին դիմաց), ո՛չ տպարան «Անի»-ի տէր Աւ. Էքմէքճեանը, ո՛չ ալ ուրիշ հայ վաճառականներ։ Գաղթեր են կամ մահացեր, ոմանք՝ շատոնց, ոմանք՝ վերջին տարիներուն։
Թիլէլի այս հատուածին ձախակողմեան վերջին կողմնակի թաղը հալէպահայոց կողմէ կը յորջորջուէր «Այնթապցիներու թաղ»։ Հոս, ժամանակին, իր խանութն ունէր սափրիչ Գէորգ Մավլեանը, կար վարսայարդար (իգական սեռի) «Սալոն Կարօ»-ն, կար տոքթ. Յակոբ Ճանէցեանի դարմանատունը։
Առ այսօր տասնեակ մը հայ ընտանիքներ կը շարունակեն բնակիլ այստեղ։ Ասոնք Հալէպին կառչողներն են, ի գին ամէն ինչի՝ իրենց սիրելի ծննդավայրէն չհրաժարողները…։
Լեւոն Շառոյեան
Հալէպ